ՖԻԼԱՏԵԼՖԻԱ ԺԱՄԱՆԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ

Երկուշաբթի, 13 Նոյեմբեր 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Ուաշինկթըն տուած հովուապետական այցելութենէն ետք, ժամանեց Ֆիլատելֆիա: Նորին Սրբութիւնը համայնքի զաւակներուն կողմէ դիմաւորուեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մուտքին, ուր ներկայ էին եկեղեցւոյ քահանայ հայրերը, հոգաբարձութիւնը, տիկնանց միութիւնը եւ քոյր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները: Նորին Սրբութեան շքախումբին մաս կը կազմէին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան…