8 November, 2023

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՄԲ ԺԱՄԱՆԵՑ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ (ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ)

«Սփիւռքի Տարի Բ. — Ինքնաքննութենէ Վերակազմակերպում» այս տարուան Հայրապետական հռչակագրին լոյսին տակ, Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը տարւոյս ընթացքին հովուապետական այցելութեամբ եղաւ Յունաստանի, Կիպրոսի, Քուէյթի, Գանատայի ու Լիբանանի թեմերէն ներս, նպատակ ունենալով մեր թեմերուն ընդմէջէն Սփիւռքի կեանքը վերակազմակերպել՝ հոգեւոր, մշակութային, կրթական, վարչկան ու կազմակերպչական մարզերէն ներս։
 
Արդարեւ, Երկուշաբթի, 6 Նոյեմբեր 2023-ի երեկոյեան, Արամ Ա. Կաթողիկոսը հովուապետական պաշտօնական այցելութեամբ ժամանեց մայրաքաղաք Ուաշինկթըն (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), ուր պաշտօնապէս դիմաւորուեցաւ հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեանի, Լիբանանի դեսպան Ուաէլ Հաշէմի, առաջնորդական փոխանորդ Գերապատիւ Տէր Սահակ Ծայրագոյն Վարդապետ Եմիշեանի եւ ազգայիններու կողմէ։
 
Յառաջիկայ երկու շաբաթներու ընթացքին, Հայրապետը յատկապէս պիտի այցելէ Ուաշինկթընի, Ֆիլատելֆիոյ, Նիւ Ճըրզիի, Նիւ Եորքի եւ Քընաթիքըթի գաղութները եւ հանդիպումներ պիտի ունենայ մեր ժողովուրդի զաւակներուն, երիտասարդներուն եւ թեմական, պետական ու եկեղեցական պատասխանատու մարմիններուն հետ։ Նորին Ս. Օծութիւնը նաեւ դասախօսութիւններ պիտի տայ համալսարաններէ ներս, պիտի ունենայ միջ-եկեղեցական հանդիպումներ եւ պիտի նախագահէ արեւելեան, արեւմտեան ու Գանատայի թեմերու հոգեւոր հայրերու համագումարին։
 
Յիշեալ այցելութիւններու ընթացքին Վեհափառ Հայրապետին կ՚ընկերանան հիւսիսային Ամերիկայի արեւտեան հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Թորգոմ Եպիսկոպոս Տօնոյեանը ու Գանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանը, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի համա-ատենապետներէն Ստեփան Տէր Պետրոսեանը, Կաթողիկոսարանի Տեղեկատուական Բաժանմունքի վարիչ Հոգեշնորհ Տէր Յովակիմ Վարդապետ Բանճարճեանը եւ միջ-եկեղեցական բաժանմունքի Միջին Արեւելքի եւ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան պատասխանատու Հոգեշնորհ Տէր Սարգիս Վարդապետ Աբրահամեանը։