13 November, 2023

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԵՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆԵՐԸ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, անցնող օրերուն, յաջորդաբար այցելեց լիբանանեան եւ հայկական դեսպանատուները: Լիբանանեան դեսպանատան մէջ Նորին Սրբութիւնը դիմաւորուեցաւ դեսպան Ուաէլ Հաշեմին կողմէ, ներկայութեամբ դեսպանատան անձնակազմին։ Ներկայ էին նաեւ Ուաշինկթընի մէջ հաստատուած հայ թէ՛ լիբանանցի անձնաւորութիւններ:

 

Հանդիպումը առիթ մը եղաւ անդրադարձ կատարելու ընդհանրապէս Լիբանանը յուզող հարցերուն, ինչպէս նաեւ՝ հարաւային Լիբանանի մէջ Իսրայէլի կողմէ շարունակուող յարձակումներուն։

 

Հայրապետը նաեւ այցելեց Հայաստանի դեսպանատուն եւ ընդունուեցաւ դեսպանուհի Լիլիթ Մակունցի կողմէ, շրջապատուած դեսպանատան անձնակազմի անդամներով:

 

Նախ առանձին հանդիպում մը կայացաւ Նորին Ս. Օծութեան եւ դեսպանին միջեւ, որուն յաջորդեց ընդլայնուած հանդիպում մը, մասնակցութեամբ Վեհափառ Հայրապետին պատուիրակութեան անդամներուն եւ դեսպանատան անձնակազմին: Բնականաբար, քննարկումները ընդգծեցին Արցախի գրաւումէն ետք պարզուած ընդհանուր իրավիճակը, Հայաստանի դիմագրաւած մարտահրաւէրները եւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները:

 

Յիշեալ երկու այցելութիւններուն Վեհափառ Հայրապետին ընրկերացան Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեանը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան համա-ատենապետ Ստեփան Տէր Պետրոսեանը եւ Հայրապետին պատուիրակութիւնը։