16 November, 2023

ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼԻՈՒԹԵԱՆ ԾԻՐԷՆ ՆԵՐՍ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՆԻՒ ՃԸՐԶԻ

Երեքշաբթի, 14 Նոյեմբեր 2023-ի, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետն ու շքախումբը այցելեցին Նիւ Ճըրզի եւ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ առջեւ  ջերմօրէն դիմաւորուեցան առաջնորդական փոխանորդ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեանին, քահանայից եւ դպրաց դասերուն, եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ մեծ թիւով հաւատացեալներու կողմէ։

 

Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Հրաշափառ»ի կանոնական աղօթքը, որմէ ետք խօսք առաւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեանը՝ ողջունելով Հայրապետին օրհնաբեր այցելութիւնը։ Ի դէպ, Հայրապետը մօտէն կը ճանչնայ այս եկեղեցին ու համայնքը, որովհետեւ անոր համալսարանական ուսանողութեան տարիներուն, զանազան առիթներով, այցելած է համայնքին եւ պատարագած ու քարոզած է այս եկեղեցւոյ մէջ, ըսաւ Սրբազանը՝ նախքան Հայրապետին հրաւիրելը, որպէսզի իր հայրական ու Հայրապետական պատգամը փոխանցէ հաւատացեալներուն։

 

Նորին Ս. Օծութիւնը իր պատգամին մէջ կարեւորեց հաւատքին գոյութիւնը մարդու կեանքին մէջ, ընդգծելով, որ հաւատքն է, որ մարդ արարածը հաղորդակցութեան մէջ կը դնէ Աստուծոյ հետ։ Ան վերյիշեցուց, որ հաւատքով զօրացած մարդը կը դիմագրաւէ կեանքի բոլոր փորձութիւններն ու դժուարութիւնները, ուստի կոչ ուղղեց մեր հաւատքը վերանորոգելու՝ գործօն մասնակցութիւն բերելով եկեղեցւոյ համայնական կեանքին։

 

Արարողութեան յաջորդեց ընդունելութիւն՝ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, եւ հաւատացեալները աջահամբոյրով ստացան Հայրապետին օրհնութիւնը։

 

Յաջորդ առաւօտուն, Չորեքշաբթի, 15 Նոյեմբերին, Վեհափառ Հայրապետը հանդիպեցաւ Նիւ Ճըրզիի հայկական կազմակերպութիւններու ու միութիւններու պատասխանատուներուն հետ։ Հանդիպման ընթացքին Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, որ քոյր կազմակերպութիւն ըլլալ կը նշանակէ իրարու օգնել եւ սերտօրէն համագործակցիլ։ Համայնքը կը դառնայ հզօր ու կազմակերպ, երբ անոր կեանքին մէջ գործող կառոյցները ներդաշնակ կերպով կը կատարեն իրենց վստահուած առաքելութիւնը։ Այս առիթով, Հայրապետը իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց միութիւններուն տարած աշխատանքին եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց ծրագիրներուն իրականացման։

 

Յիշեալ հանդիպումէն ետք, Արամ Ա. Կաթողիկոսը այցելեց Յովնանեան վարժարան, ուր դիմաւորուեցաւ տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին, աշակերտութեան եւ ծնողներուն կողմէ։ Այս առիթով, աշակերտները կոկիկ յայտագիր մը պատրաստած էին՝ ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին։

 

Դպրոցի տնօրէն Սթէֆընի Թորոսեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք, Նորին Սրբութիւնը իր օրհնութեան խօսքը փոխանցեց։ Ան յիշեց տասնամեակներ առաջ դպրոցի շինութեան ու կազմաւորման աշխատանքները եւ ընդգծեց այս հաստատութեան դերակատարութիւնը շրջանի հայութեան կեանքին մէջ։ Իր խօսքին մէջ Հայրապետը նաեւ վեր առաւ հայ դպրոցին վիճակուած եզակի ու իւրայատուկ դերը՝ հայապահպանման աշխատանքներու ծիրէն ներս։