15 November, 2023

ՖԻԼԱՏԵԼՖԻԱ ԺԱՄԱՆԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ

Երկուշաբթի, 13 Նոյեմբեր 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Ուաշինկթըն տուած հովուապետական այցելութենէն ետք, ժամանեց Ֆիլատելֆիա: Նորին Սրբութիւնը համայնքի զաւակներուն կողմէ դիմաւորուեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մուտքին, ուր ներկայ էին եկեղեցւոյ քահանայ հայրերը, հոգաբարձութիւնը, տիկնանց միութիւնը եւ քոյր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները: Նորին Սրբութեան շքախումբին մաս կը կազմէին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեանը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի համա-ատենապետը եւ միաբան հայրեր:

 

Ողջունելով Վեհափառ Հայրապետին տուած այցելութիւնը Ֆիլատելֆիոյ համայնքին, առաջնորդ սրբազանը յիշեց, որ Նորին Ս. Օծութիւնը, Նիւ Եորք ուսանած տարիներուն, յաճախ այցելած է ֆիլատելֆիա եւ մասնակից դարձած է եկեղեցական արարողութիւններուն։ Սա Հայրապետին հովուապետական երրորդ այցելութիւնն է եւ վստահ ենք, որ այդ առիթ պիտի դառնայ մեր համայնքին հոգեւոր վերանորոգութեան, ըսաւ Սրբազան հայրը։ Ուստի, Սրբազանը հրաւիրեց Հայրապետը՝ յղելու համար հայրապետական պատգամը:

 

Արամ Ա. Կաթողիկոսը առաջին հերթին գնահատեց Առաջնորդ սրբազանը, հոգեւոր դասը եւ զանազան կառոյցներու պատասխանատուները։ Իր խօսքին մէջ ան անդրադարձաւ արժէքներու կարեւորութեան՝ թէ՛ անհատական եւ թէ հաւաքական կեանքին մէջ։ Առանց արժէքի մարդկային կեանքը կը կորսնցնէ իր ինքնութիւնը, իմաստը ու նապատակը, ըսաւ ան՝ ընդգծելով առաւելաբար հոգեւոր, բարոյական եւ ազգային արժէքները: Իւրաքանչիւրին մասին անդրադառնալով, Հայրապետը շեշտեց, որ անոնք սերտօրէն իրարու ընդելուզուած են եւ բոլորն ալ էական են մեր հոգեւոր ու ազգային ինքնութեան պահպանման համար:

 

Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն՝ ներկայութեամբ մեծ թիւով հայորդիներու: Հոն տեղի ունեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, որուն ընթացքին յաջորդաբար խօսք առին հոգաբարձութեան ներկայացուցիչը, պետական ներկայացուցիչը, հոգեւոր հովիւը եւ Առաջնորդ սրբազան հայրը:

 

Հայրապետին խօսքով եզրափակուեցաւ ընդունելութիւնը։ Մեկնելով Ամերիկայի մէջ յաճախ կրկնուած «ժողովուրդէն, ժողովուրդով ու ժողովուրդին համար» խօսքէն, Հայրապետը լայնօրէն բացատրեց այս արտայայտութեան խորունկ իմաստն ու պատգամը ու շեշտեց, որ մեր եկեղեցւոյ ու համայնքի կեանքին մէջ բաժանման գիծեր, տարբեր դասակարգեր պէտք չէ գոյութիւն ունենան, որովհետեւ մենք մէ՛կ ամբողջութիւն ենք՝ հարուստ զանազանութեամբ: Ան շարունակեց ընդգծելով, որ «մենք» եւ «դուք» չկայ մեր եկեղեցւոյ կեանքին մէջ, այլ կայ միայն «մենք»ը՝ զանազան դերակատարութիւններով: Ինչպէս Քրիստոս նոյնացաւ ժողովուրդին հետ՝ ծառայելով անոր կարիքներուն, այսօր նոյնը կը կատարէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը՝ իր հոգեւորականներու ու աշխարհական կառոյցներու ճամբով: Ժողովուրդին հետ ըլլլալ, ժողովուրդին համար ըլլալ եւ ժողովուրդին ծառայել։ Ա՛յս է Անթիլիասը եւ ա՛յս է մեր կոչումը, շեշտեց Նորին Սրբութիւնը:

 

Յաջորդ առաւօտ, Վեհափառ Հայրապետը նախաճաշի սեղանի մը շուրջ հանդիպում ունեցաւ գաղութին մէջ գործող միութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ: Այս առիթով Հայրապետը իրեն ուղղուած հարցումներուն պատասխանեց՝ շեշտը դնելով համագործակցութեան ու եկեղեցւոյ շուրջ համախմբուելու հրամայականին վրայ: Ընդհանուր գիծերով ներկայացնելէ ետք «Սփիւռքի Տարի»-ին առիթով իր կատարած շեշտաւորումները, Նորին Սրբութիւնը կարեւորութեամբ նշեց կառոյցներուն միջեւ համագործակցութիւնը ամրապնդելու խիստ հրամայականը:

 

Աւելի ուշ, Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Հայ Քոյրերու Վարժարանը, ուր ջերմ ընդունելութիւն ստացաւ: Դպրոցի տնօրէն Քոյր Էմման ողջունեց Վեհափառ Հայրապետին օրհնաբեր ներկայութիւնը վարժարանէն ներս: Այս եզակի ու իւրայատուկ առիթով, աշակերտները գողտրիկ յայտագիր մը պատրաստած էին՝ ի պատիւ Հայրապետին: Աւարտին, խօսք առաւ Նորին Սրբութիւնը եւ յիշեցուց հայակերտումի առաքելութիւնը վերաշեշտելու յոյժ կարեւորութիւնը՝ յատկապէս սփիւռքեան պայմաններուն մէջ: