6 November, 2023

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԹԵՄԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը Շաբաթ, 4 Նոյեմբեր 2023-ին, ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի Հայոց Թեմի ազգային վարչութեան, գլխաւորութեամբ թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի։

 

Առաջնորդ սրբազանը խօսք առնելով՝ թեմին կողմէ շնորհակալութիւն յայտնեց Հայրապետին, անցնող օրերու ընթացքին թեմին շնորհած յաջորդական երեք այցելութիւններուն համար։ Յիշեալ այցելութիւնները ու հանդիպումները, ազգային իշխանութեան ու ծխային շրջաններու մարմիններուն եւ գաղութէն ներս գործող համայնքային, կրթական, մշակութային, բարեսիրական, մարզական ու հայրենակցական կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ, դարձան սքանչելի առիթներ թեմը ու գաղութը դէպի վերակազմակերպում ու վերաշխուժացում մղող։

 

Ազգային վարչութեան հետ շուրջ երկու ժամ տեւած հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ աւելի խոր կերպով քննարկելու թեմին առնչուած կարգ մը հարցերը։

 

Այս առիթով, յանուն Լիբանանի թեմին, յիշատակի նուէրներ յանձնուեցան Վեհափառ Հայտապետին, որ, իր կարգին, զանոնք փոխանցեց «Կիլիկիա» թանգարանին։

 

Յայտնենք, որ թեմի ու գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ ունեցած իր յաջորդական երեք հանդիպում-զրոյցներու ընթացքին, Նորին Ս. Օծութիւնը «Սփիւռքի Տարի»ին առիթով, վեց մարզերու մէջ անհրաժեշտ յիշեցումները կատարելէ ետք, շեշտած էր անհրաժեշտ ծրագրումները ու աշխատանքները կատարելու հրամայականը, որպէսզի կարելի ըլլայ գաղութը առաջնորդել դէպի վերակազմակերպում։ Հայրապետը նաեւ իր գնահատանքը յայտնած էր Լիբանանի հայութեան, որ հակառակ յաջորդական տագնապներուն, գաղութը իր հաւաքական հաւատքով ու կամքով կրցած է վերականգնիլ եւ իր իւրայատուկ դերը շարունակել Սփիւռքի հայութեան կեանքէն ներս։ Միաժամանակ, Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուցած էր, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը շարունակէ իր ամբողջական զօրակցութիւնը լիբանանահայութեան նկատմամբ: