ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ԼՈՒՍԱՀՈԳԻ Տ. ՎԱՀԱՆ Ծ. ՎՐԴ. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ

Հոգելոյս Տ. Վահան Ծ. Վրդ. Պէրպէրեան, աւազանի անունով Յովսէփ, ծնած է Տէրիք (Սուրիա, Ճազիրէ) 1945 թուականին։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է տեղւոյն Ազգային Ազատութիւն Վարժարանին մէջ։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանք ընդունուած է 1960-ին։ Սարկաւագ ձեռնադրուած է 1964-ին, ապա 4 Յունիս 1967-ին ձեռնադրուած եւ օծուած է կուսակրօն քահանայ՝ վերակոչուելով Տ. ՎԱՀԱՆ ԱԲԵՂԱՅ, իսկ 14 Փետրուար 1971-ին…

ՍՈՒՄԿԱՅԻԹԻ ՋԱՐԴԵՐՈՒՆ ԶՈՀՈՒԱԾ ՀԱՅՈՐԴԻՆԵՐՈՒ ՀՈԳԻՆԵՐՈՒ ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ

27 Փետրուար 1988-ին Ազրպէյճանի իշխանութեան կողմէ ծրագրուած Սումկայիթի ջարդերուն 34-րդ տարելիցն է այս տարի: Հայ ազգի ազատատենչ ոգին սանձելու եւ Արցախեան շարժումը կասեցնելու տրամադրութեամբ, Ազրպէյճանի իշխանութիւնը զանգուածային տեղահանութիւն եւ անմարդկային ջարդ գործեց հայ խաղաղ բնակչութեան դէմ: Ծրագրուած սպանդը տեւեց երեք օր։   Արդարեւ, Կիրակի, 27 Փետրուար 2022-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Ս.…

ՀԱՆԳԻՍՏ — Տ. ՎԱՀԱՆ Ծ. ՎՐԴ. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութիւնը սրտի դառն կսկիծով կը գուժեն Կիլիկեան Միաբանութեան երէց անդամներէն Տ. ՎԱՀԱՆ Ծ. ՎՐԴ. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆի (1945-2022) վախճանումը, որ պատահեցաւ Շաբաթ, 26 Փետրուար 2022-ի վաղ առաւօտուն։   Վերջին օծման ու թաղման կարգը պիտի կատարուի Երեքշաբթի, 1 Մարտ 2022-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Սուրբ…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԶՕՐԱՎԱՐԱՑ ՏՕՆԸ

Հայոց պատմութեան ամէնէն ոգեւորիչ եւ հայկական ինքնութիւնը էապէս ներկայացնող դէպքերէն Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց տօնը արժանավայել կերպով նշուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ՝ հովանաւորութեամբ Ս. Աթոռոյս սրբազնագոյն գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։   Արդարեւ, Հինգշաբթի, 24 Փետրուար 2022-ի առաւօտուն, Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տօնին նուիրուած Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ՝ Կաթողիկոսարանի «Նարեկացի» մանկապատանեկան երգչախումբին երգեցոութեամբ։…

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԿԻՊՐՈՍԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏ ԽՐԻՍՈՍԹՈՄՈՍ Բ. ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻՆ

Չորեքշաբթի, 23 Փետրուար 2022-ի առաւօտեան ժամը 10։00-ին, Նիկոսիոյ Արքեպիսկոպոսարանին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուցիչները՝  Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան (Կաթողիկոսական Փոխանորդ Կիպրոսի Թեմի) եւ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան (Միջ-եկեղեցական Յարաբերութեանց Յանձնախումբի ատենապետ) պաշտօնական այցելութիւն մը տուին Կիպրոսի յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Նորին Ամենապատուութիւն Տ.Տ. Խրիսոսթոմոս Արքեպիսկոպոսին եւ փոխանցեցին Վեհափառ Հայրապետին եղբայրական…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ «ՄԱՅՐԵՆԻԻ ՕՐՈՒԱՆ» ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

Երկուշաբթի, 21 Փետրուար 2022-ի երեկոյեան, Հ.Հ. Գ.Ա.Ա. Հրաչեայ Աճառեանի անուան Լեզուի ինստիտուտի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ «Մայրենիի Օրուան» առցանց համագումարը, որուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ մասնակցեցաւ «Կիլիկիա» մատենադարանի տնօրէն Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան։   Արդարեւ, 2005 թուականին, Հայաստանի Հանրապետութիւնը պետական տօներու ցանկին մէջ արձանագրած է Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (Մ.Ա.Կ.) ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի հռչակած «Մայրենիի Օր»ը իբրեւ…

ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ՝ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԳՈՒՑԵԱԼ ՀԱՅՐԱՊԵՏՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ԿԻԼԻԿԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՒԽՏԻՆ

«ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԵՐԹԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳ ԵՐԹՈՎ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ     Ամէն տարի, Ս. Սահակ Պարթեւ Հայրապետին յիշատակութեան Կիրակին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքի «Զարեհեան յուշարձան-դամբարան»ին մէջ, ինչպէս նաեւ Ս. Աթոռոյս թեմերու բոլոր եկեղեցիներէն ներս, հանդիսաւոր հոգեհանգստեան պաշտօն կը կատարուի՝ երջանկայիշատակ հայրապետներու եւ լուսահոգի միաբաններու տարած…

ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՌՑԱՆՑ ԺՈՂՈՎԸ

Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի (Մ.Ա.Ե.Խ.) Գործադիր Վարչութեան առցանց ժողովը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 11 Փետրուար 2022-ի առաւօտեան։ Ներկայ էին Խորհուրդի չորս նախագահներն ու Վարչութեան բոլոր անդամները։ Սոյն ժողովին յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մասնակցեցան Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան եւ դոկտ. Ժան Սալմանեան։   Ժողովի գլխաւոր օրակարգերն էին Մայիս 2022-ին Եգիպտոսի մէջ կայանալիք, ղպտի եկեղեցւոյ հիւրընկալութեամբ,…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) Կեդրոնական Վարչութիւնը, Ե.Հ.Խ.ի որոշումներ կայացնող բարձրագոյն մարմինը, իր ընդհանուր ժողովը գումարեց առցանց, 9-16 Փետրուար 2022-ին։ Աւելի քան 200 անդամներէ եւ խորհրդատուներէ բաղկացած ժողովը հիմնական օրակարգ ունէր Ե.Հ.Խ.ի 11-րդ համաժողովը, որ նախատեսուած է գումարուիլ Սեպտեմբերին, Գերմանիոյ մէջ՝ «Քրիստոսի սէրը կը մղէ աշխարհը հաշտութեան եւ միասնութեան» թեմայով։   Գործադիր ընդհանուր քարտուղարը իր յստակ…

ՄԵԾԱՏԱՂԱՆԴ ԳԾԱԳՐԻՉ ՓՕԼ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆԻ ԵԶԱԿԻ ՆԿԱՐՆԵՐԷՆ ՄԷԿԸ ՆՈՒԷՐ «ԿԻԼԻԿԻԱ» ԹԱՆԳԱՐԱՆԻՆ

Հինգշաբթի, 17 Փետրուար 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Խաչեր Մարկոսեանին, ընկերակցութեամբ իր քրոջ եւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ատենադպիր Սեդա Խտըշեանին: Այս առիթով Խաչեր Մարկոսեան երկար տարիներու իր սեփականութիւնը եղող եւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին արուեստագէտ Փօլ Կիրակոսեանէն գնած, մայրութիւնը ներկայացնող պատկերը նուիրեց Վեհափառ Հայրապետին: Նորին Սուրբ Օծութիւնը, իր կարգին, յիշեալ պատկերը փոխանցեց…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՎԵՐ. ԺԻԼՊԵՐ ԼԵՒՈՆԵԱՆԻ ԵՒ ՎԵՐ. ՄԿՐՏԻՉ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Հինգշաբթի, 17 Փետրուար 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Ֆրանսայէն Վեր. Ժիլպեր Լեւոնեանը, ընկերակցութեամբ դարձեալ Ֆրանսայէն վերապատուելիներու եւ մարդասիրական աշխատանքի լծուած երկու ֆրանսացիներու: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան նախագահ Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան:     Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Լիբանանի եւ Ֆրանսայի միջեւ գոյութիւն ունեցող իւրայատուկ յարաբերութեան, Արցախի եւ ընդհանրապէս…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ՆԻՍՏԵՐՈՒՆ

Երեքշաբթի, 15 Փետրուար 2022-ին, ամբողջ օրուան ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը յաջորդաբար նախագահեց միաբանական յանձնախումբերու աշխատանքային նիստերուն:   Առաջին հերթին, Ծիսական Յանձնախումբը ունեցաւ իր հանդիպումը: Յանձնախումբին նպատակն է եկեղեցին ժողովուրդին աւելի մօտեցնելու եւ ժողովուրդին մասնակցութիւնը ապահովելու ազդու միջոցներու փնտռտուքը, յատկապէս ծիսական, քարոզչական ու դաստիարակչական մարզերէն ներս:   Երկրորդ հանդիպումը Միւռոնի Պատրաստութեան Յանձնախումբի հանդիպումն էր,…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՆՈՐ ՍԻՍԻ Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑԻ

Բարձր հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Կիրակի, 14 Փետրուար 2022-ին, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ՝ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով։ Ս. Պատարագը մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան։   Այս առիթով, առաւօտեան ժամը 10։15-ին, Հ.Յ.Դ. «Ազիրեան» ակումբին դիմաց տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին։ Ներկայ էին պետական…

ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԻ ՆԱԽԱՏՕՆԱԿԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Կիրակի, 13 Փետրուար 2022-ի երեկոյեան, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ նշուեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակը, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ անդաստանի արարողութիւն, մանուկներու տաճար ընծայում եւ աւանդական խարոյկի հրավառութիւն։ Այս առիթով Վեհափառ Հայրապետը հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղեց իր Հայրապետական պատգամը։   Նորին Սրբութիւնը փառք ու գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ այս…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԿՈՂՄԷ ՆՈՐԸՆԾԱՅ ՄԻԱԲԱՆ ՀԱՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԴԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՒԱՐՏԱՃԱՌԵՐՈՒ ՃՇԴՈՒՄ

Երեքշաբթի, 8 Փետրուար 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց նորընծայ հինգ միաբան հայրերը՝ Հոգշ. Տ. Եզեկիէլ Աբղ. Սելլումեան, Հոգշ. Տ. Եսայի Աբղ. Էօրտէքեան, Հոգշ. Տ. Եզրաս Աբղ. Թէնէքէճեան, Հոգշ. Տ. Եղիա Աբղ. Մալխասեան եւ Հոգշ. Տ. Երեմիա Աբղ. Տէկիրմէնճեան: Յիշեալ միաբան հայրերը շուրջ եօթը ամիս առաջ քահանայական ձեռնադրութիւն եւ օծում ստանալով,…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԵՐԵՔ ՄԻԱԲԱՆՆԵՐ ԹԵՄԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՔՈՒԵՑԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական տնօրինութեամբ եւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան ու Արեւմտեան թեմերու առաջնորդ սրբազաններու խնդրանքին ընդառաջելով, Գերպ. Տ. Արտակ Ծ. Վրդ. Արապեան, Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեան ու Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան առաքուեցան յիշեալ թեմերը՝ հովուական, քարոզչական ու դաստիարակչական պաշտօններ ստանձնելու: Հայր Պօղոսն ու Հայր Զարեհը արդէն իսկ սկսած են իրենց ծառայութեան,…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԿԱԹՈԼԻԿ ԵՒ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

Չորեքշաբթի, 26 Յունուար 2022-ին, սկիզբ առաւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Ուղղափառ քոյր եկեղեցիներու միջեւ Աստուածաբանական երկխօսութեան առցանց ժողովը, որ երեք օրերու վրայ տարածուած հանդիպում մըն էր: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը սոյն ժողովներուն կը ներկայացնեն Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեան եւ Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեան (համաքարտուղար): Արդարեւ, նկատի ունենալով ֆիզիքապէս ներկայ գտնուելու եւ ժողով գումարելու…

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄՕՏ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԴԵՍՊԱՆՈՒՀԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀԵՏ

Հինգշաբթի, 3 Փետրուար 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը աւելի քան ժամ մը հանդիպում ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու (Ա.Մ.Ն.) դեսպանուհի Տորոթի Շիայի հետ, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ: Հանդիպման ներկայ էր դեսպանատան քաղաքական հարցերու պատասխանատու Էթան Լինչը:   Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր ակնարկ մը նետելու Լիբանանի ներքին քաղաքական կեանքին վրայ: Այս շրջագծէն ներս տեսակէտներու փոխանակում տեղի ունեցաւ…

«ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ Է, ՈՐ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐՈՒ ՈՒՆԵՑԱԾ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ԱՄԲՈՂՋԱՆԱՅ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ-ԻՍԼԱՄ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՈՎ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Չորեքշաբթի, 2 Փետրուար 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Պքերքէի մարոնիթ եկեղեցւոյ պատրիարքարանին մէջ, առանձին հանդիպում մը ունեցաւ Վատիկանի արտաքին գործոց նախարար՝ Քալակար Արքեպիսկոպոսին հետ:     Նորին Սրբութիւնն ու նախարարը ընդհանուր արժեւորում մը կատարեցին 1 Յուլիս 2021-ին Վատիկանի մէջ տեղի ունեցած Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու ժողովին ու անոր անդրադարձին Լիբանանէն ներս: Վատիկանի արտաքին գործոց…