ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՄԵԾ ՇՈՒՔՈՎ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՀՐԱՇԱՓԱՌ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ

Կիրակի, 31 Մարտ 2024-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, ՄԵՐ Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափաշ Ս. Յարութեան տօնին առիթով, մատուցուեցաւ Հայրապետական Ս. Եւ Անմահ Պատարագ, որուն ընթացքին իր պատգամը փոխանցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսը։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի։ Հաւատացեալներու կողքին Ս. Պատարագին ներկայ…

Ս. ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՃՐԱԳԱԼՈՅՑԻ ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՏՆՕՐՀՆԷՔ՝ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Մեր եկեղեցիներէն ներս Ս. Յարութեան նախատօնակին կը մատուցուի Ճրագալոյցի Ս. եւ Անմահ Պատարագ, իսկ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Ս. Պատարագի աւարտին, կը կատարուի տնօրհնէքի արարողութիւն։ Ճրագալոյցի Պատարագի ընթացքին է, որ եկեղեցւոյ կանթեղները, ճրագները եւ մոմերը կը վառուին ու Քրիստոսի Լոյսը կը բաշխուի հաւատացեալներուն։ Այս առիթով, Աւագ Շաբաթ, Ճրագալոյցի օրին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Մայրավանքի…

ՄԵՐ ՓՐԿԻՉԻՆ՝ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԹԱՂՄԱՆ ԿԱՐԳԸ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Աւագ Ուրբաթ օրուան եկեղեցական արարողութիւնը՝ Մեր Փրկիչին՝ Յիսուս Քրիստոսի Թաղման Կարգը, գեղեցիկ շարականներու եւ սաղմոսասացութիւններու ճամբով կատարուեցաւ 29 Մարտ 2024-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, նախագահութեամբ եւ հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, որ արարողութեան աւարտին հաւատացեալներուն ուղղեց օրուան խորհուրդին առնչուած իր Հայրապետական պատգամը։ Յատկանշական է, որ Աւագ Ուրբաթին, «Կիլիկիա» թանգարանէն դուրս…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ Ս. ԶԱՏԿՈՒԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

    ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱ՛Ւ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ   Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց: Ամուր հաւատքով շաղախուած ու հոգեւոր ցնծութեամբ լեցուն ա՛յս վկայութեամբ քրիստոնեաներ զիրար կʼողջունեն ու աշխարհին կʼաւետեն հրաշափառ յարութիւնը Աստուծոյ Որդւոյն: Սա սովորական արտայայտութիւն մը չէ, այլ քրիստոնէական կրօնին էութիւնը կազմող հաւատքի վկայութիւն մը՝ պատմական անհերքելի իրողութեան վրայ հաստատուած: Արդարեւ, հաւատքի այս վկայութեամբ առաքեալներ Երուսաղէմէն դուրս…

ԽԱՒԱՐՄԱՆ ԳԻՇԵՐԸ՝ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Աւագ Հինգշաբթի, 28 Մարտ 2024-ին, տեղի ունեցաւ մեր Տիրոջ ու Փրկիչին՝ Յիսուս Քրիստոսի Կարգ Չարչարանացը (Խաւարման Գիշեր)։   Մեր ժողովուրդի զաւակներուն խուռներամ ներկայութեամբ՝ աւետարանական ընթերցումներուն, հոգեզմայլ շարականներուն եւ «Ո՞ւր ես, մայր իմ» հոգեթով ու յուզումնախառն երգին ընդմէջէն յիշատակուեցաւ Քրիստոսի վերջին ընրթրիքի, Յուդայի մատնութեան եւ Քրիստոսի չարչարանքներուն դրուագները։   Եկեղեցական…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՈՏՆԼՈՒԱՅ՝ ՁԵՌԱՄԲ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Աւագ շաբաթը լի է Յիսուս Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութեան վերջին հանգրուանը յիշատակող հոգեպարար արարողութիւններով, որոնք հաւատացեալին անգամ մը եւս ապրիլ կու տան Քրիստոսի երկրորդ գալստեան խոստումը, մարդկութեան փրկութեան համար կրած չարչարանքները, խաչելութիւնը, թաղումը՝ հասնելու համար հրաշափառ Յարութեան։ Աւագ Հինգշաբթին իւրայատուկ է, որովհետեւ հոն կը տեսնենք Քրիստոսի ծունկի գալով առաքեալներուն ոտքերը լուալը՝ զանոնք թելադրելով ընելու նոյնը ապագային։…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՀԱՄԱՄՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄՆԱՅՈՒՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԺՈՂՈՎԻՆ

10-15 Մարտ 2024-ին, Պոլսոյ մէջ, Տիեզերական Պատրիարքութեան հրաւէրով, գումարուեցաւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) Համախոհութեան եւ Համագործակցութեան Մնայուն Յանձնախումբի տարեկան ժողովը։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ ժողովին մասնակցեցաւ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան։ Յանձնախումբը ունի 14 անդամ-անդամուհի՝ եօթը Ուղղափառ ու Արեւելեան Ուղղափառ եւ եօթը Բողոքական Եկեղեցիներէ. յանձնախումբը կ՚ընտրուի եօթը տարին անգամ մը գումարուող Ե.Հ.Խ.ի համաժողովէն…

ՏԱՍԸ ԿՈՒՍԱՆԱՑ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Աւագ Երեքշաբթի, 26 Մարտ 2024-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ կատարուեցաւ «Տասն Կուսանաց» յիշատակի ժամերգութիւնը՝ մասնակցութեամբ Մայրավանքի կիրակնօրեայ դպրոցի խումբ մը աշակերտուհիներու։ Տասը կոյսերը խորհրդանշող տասը աշակերտուհիները, իւրաքանչիւրը իր ձեռքին բռնած լապտեր մը, ներկայացան եկեղեցւոյ դաս եւ ներկայացուցին Քրիստոսի երկրորդ գալստեան հինգ պատրաստ (իմաստուն) եւ հինգ անպատրաստ (յիմար) կոյսերը։ Աւետարանական ընթերցումի…

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԵՒ ԱՖՐԱՄ Բ. ԱՍՈՐԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՄԻՋԵՒ

Շաբաթ, 23 Մարտ 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Վեհափառ Հայրապետին եւ Ն.Ս. Աֆրամ Բ. ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ Պատրիարքին միջեւ հանդիպում կայացաւ ասորիներու Աթշանէի վանքին մէջ։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան միջ-եկեղեցական բնոյթ ունեցող շարք մը հարցեր։ Այս հանդիպումին, Վեհափառ Հայրապետին կողքին ներկայ էին Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան եւ Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան։ Յայտնենք, որ նոյն օրը երեկոյեան,…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ԴՌՆԲԱՑԷՔԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ

Կիրակի, 24 Մարտ 2024-ի երեկոյեան, Ծաղկազարդի տօնին մեծաշուք հանդիսութենէն ետք, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ մեր եկեղեցւոյ հոգեզմայք արարողութիւններէն Դռնաբացէքը։ Արարողութեան հանդիսապետեց «Կիլիկիա» մատենադարանի եւ հնատիպերու ու ձեռագիրներու բաժանմունքներու տեսուչ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան։ Օրուան խորհուրդին պատգամը փոխանցելու համար Շահար սրբազան վեր առած…

ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԸ ՄԵԾԱՇՈՒՔ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՄԲ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Ծաղկազարդի տօնը հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ՝ ներկայութեամբ մեծ թիւով մանուկներու, երիտասարդ ընտանիքներու եւ հաւատացեալներու։ Այս իրողութիւնը ա՛լ աւելի ներշնչիչ կը դարձնէ Քրիստոսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ եւ հոգեպարար արարողութիւնը ա՛լ աւելի կը լիացնէ հաւատացեալը։ Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Ս. եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանի եւ հնատիպերու ու ձեռագիրներու…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԵՐԵՔ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Շաբաթ, 23 Մարտ 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու Լիբանանի ներկայացուցիչները՝ Վանիկ Տագէսեան (Ս.Դ.Հ.Կ.), Յակոբ Բագրատունի (Հ.Յ.Դ.) եւ բժիշկ Աւետիս Տագէսեան (Ռ.Ա.Կ.)։ Կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները Վեհափառ Հայրապետին պարզեցին Հայոց Ցեղասպանութեան 109-րդ ամեակին առիթով քաղաքական երեք կուսակցութիւններու նախաձեռնութեամբ տեղի ունենալիք աշխատանքները ու ժողովրդային ձեռնարկները։ Նորին Սրբութիւնը ողջունեց միջ-կուսակցական գործակցութիւնը, յատկապէս համահայկական ու…

ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ՝ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Չորեքշաբթի, 20 Մարտ 2024-ին, Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի 50 ամեակին առիթով եւ հիւրընկալութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, միջ-եկեղեցական յատուկ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ՝ պատուոյ հիւր ունենալով Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) Ընդհանուր Քարտուղար պատուելի դոկտ. Ճերի Փիլէյ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական Բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեան, որ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Ուրբաթ, 22 Մարտ 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան։ Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ արծարծելու Հայաստանի ու Լիբանանի ներքին կացութեանց առնչուած հարցեր։  

ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Հինգշաբթի, 21 Մարտ 2024-ին, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Ճերի Փիլէյ այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, ընկերակցութեամբ նոյն Խորհուրդին մէջ Միջին Արեւելքի առնչուած շարք մը պատասխանատուութիւններ ունեցող Գարլա Խիժոյեանին եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի (Մ.Ա.Ե.Խ.) փոխ ընդհանուր քարտուղար Սեդա Խտըշեանին: Վեհափառ Հայրապետը եւ ընդհանուր քարտուղարը երկար հանդիպում մը ունեցան, որուն ընթացքին, ընդառաջելով…

ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԹԵՄԱԿԱԼ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒ ՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, 12 Մարտէն 15 Մարտ 2024-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ յաջորդաբար տեղի ունեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներ եւ թեմակալ առաջնորդներու ու ազգային վարչութեանց ներկայացուցիչներու հանդիպումներ: Յիշեալ մարմինները նախ առանձնաբար հանդիպումներ ունեցան եւ ապա՝ միացեալ, յատուկ օրակարգերու համաձայն:     ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ Կրօնական Ժողովը, առաջին…

«ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՈՒԽՏԻ ՕՐ»Ը ՄԵԾԱՇՈՒՔ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՄԲ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Անկրկնելի եւ անփոխարինելու անհուն լիցքաւորում մը կ՚ապրինք Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Աջին «Կիլիկիա» թանգարանէն դուրս բերուելուն եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն անոր օրհնութիւնը ստանալուն եզակի առիթով։ Մեծ սուրբին Խոր Վիրապ մուտքը, կրած չարչարանքներուն դէմ իր յաղթանակը եւ Հայաստան աշխահին մէջ քրիստոնէութեան պետականացումը մեր հաւատքին մէջ ամրանալու հրաւիրող միակ ազդակները չեն միայն, այլ նաեւ՝ սուրբին մասունքները պատմութեան փոթորիկներուն…

«ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՈՒԽՏ ՕՐ»ԱՆ ԱՌԻԹՈՎ ՀՍԿՈՒՄ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ՝ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Մեր եկեղեցւոյ առաջին հայրապետին եւ երկրորդ լուսաւորիչին՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Խոր Վիրապ մուտքի տօնին առիթով, Շաբաթ, 16 Մարտ 2024-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքի համանուն Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ։ Առ այդ, մեծ սուրբի տօնին յաջորդ օրը հայ եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն կը նշենք «Անթիլիասի Ուխտի Օր»ը։ Արդարեւ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, մասնակցութեամբ…

Ս. ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԱՋԸ ԴՈՒՐՍ ՊԻՏԻ ԲԵՐՈՒԻ «ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՈՒԽՏԻ ՕՐ»ՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

Անթիլիասի Ուխտի Օրուան պատրաստութիւններու ծիրէն ներս, 16 Մարտ 2024, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, ընկերակցութեամբ խումբ մը միաբան հայրերու, ուղղուեցաւ «Կիլիկիա» թանգարան, ուրկէ դուրս բերաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատմամշակութային եկեղեցական հարստութիւններէն տարբեր սուրբերու մասունքներ եւ աջեր։ Յիշեցնենք, որ Կիրակի, 17 Մարտ 2024-ին, «Անթիլիասի Ուխտի Օր»ն է։ Այս առիթով հանդիսաւոր Ս. եւ Անմահ Պատարագ կը…

«ԽՈՐԷՆ Ա. ԿԵԴՐՈՆ»Ը ԲԱՑՈՒԱԾ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԵՑԱՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԿՈՂՄԷ

Գարակէօզեան եւ Սուրէն Խանամիրեան նախկին ազգային վարժարաններու կառոյցը, Ֆանարի Լէյլաւան ժողովրդային տուներուն կից, երիտասարդական ու մշակութային կեդրոնի պատշաճեցման համար վերանորոգութեան ենթարկուելէ ետք, հանրութեան կը տրամադրուի որպէս «ԽՈՐԷՆ Ա. ԿԵԴՐՈՆ»։ Այս առիթով, ներկայութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներուն, թեմակալ առաջնորդներուն, թեմերու ազգային վարչութեանց ատենապետներուն, հայ համայնքներու ու քաղաքական կուսակցութեանց ներկայացուցիչներուն,…

ՄԱԿԱՐ, ՍԻՓԱՆ, ՄԵՍՐՈՊ ԵՒ ԹՈՐԳՈՄ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍՆԵՐԸ ԱՐԺԱՆԱՑԱՆ ԱՐՔՈՒԹԵԱՆ ՏԻՏՂՈՍԻ

Հինգշաբթի, 14 Մարտ 2024-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցած Ազգային Կեդրո նական վարչութեանց Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու խառն նիստի աւարտին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը արքութեան տիտղոս շնորհեց՝ — Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեանին, — Սպահանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Սիփան Եպս. Քէչէճեանին, — Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի Եւ Շրջակայից…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԿԼԻՄԱՅԱԿԱՆ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԿԱՅՈՒՆ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻՆ

5-8 Մարտ 2024-ին, Ժընեւի (Զուիցերիա) մէջ տեղի ունեցաւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին (Ե.Հ.Խ.) ներկայ ութամեայ նստաշրջանի աշխատանքներուն ծրագրաւորման ժողովը։ Այս ծիրին մէջ, Կլիմայական Արդարութեան Եւ Կայուն Զարգացման յանձնաժողովին յանուն հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.) անդամ Արշաւ Ճէրէճեան։ Յանձնաժողովը ընդգծեց եկեղեցիներու դերակատարութիւնը կլիմայական արդարութեան, սնունդի եւ ջուրի,…

ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԼԻԱԿԱՏԱՐ ՆԻՍՏԵՐ՝ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, յառաջիկայ օրերու ընթացքին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ յաջորդաբար պիտի գումարուին Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան լիակատար նիստեր։ Առաջին հերթին, Կրօնական Ժողովը իր նիստը պիտի գումարէ, ուր պիտի քննուին առաւելաբար կրօնական բնոյթ ունեցող ծրագիրներ ու աշխատանքներ։ Երկրորդ օրը Քաղաքական Ժողովը պիտի հանդիպի՝ քննելու համար Կաթողիկոսարանի կառոյցներուն գործունէութիւնը։ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ առանձին հանդիպումներ պիտի…

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄՕՏ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ԴԵՍՊԱՆՈՒՀԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

9 Մարտ 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին այցելեց Լիբանանի մօտ Գանատայի դեսպանուհի Սթեֆանի ՄըքՔալըմ, ընկերակցութեամբ քաղաքական հարցերու իր խորհրդականին։ Հանդիպման ընթացքին առաւելաբար քննարկուեցան Լիբանանի նախագահական ընտրութեան, հարաւի մէջ ստեղծուած կացութեան եւ Լիբանան-Գանատա յարաբերութեանց առնչուած հարցեր։

ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՊԱՇՏՕՆԷՈՒԹԻՒՆԸ ՆՇԵՑԻՆ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԾՆՆԴԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ

Մարտ 8-ն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Աթոռոյս գահակալին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին ծննդեան օրն է։   Արդարեւ, Ուրբաթ, 8 Մարտ 2024-ի առաւօտուն, վանաբնակ միաբան հայրերն ու Կաթողիկոսարանի զանազան կառոյցներու պաշտօնէութիւնը Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ նշեցին ազգիս հովուապետին ծննդեան տարեդարձը։ Սիրոյ, յարգանքի, առողջութեան, արեւշատութեան ու բեղուն ծառայութեան բարեմաղթութիւններով լեցուն խօսքեր արտասանուեցան միաբանութեան ու պաշտօնէութեան կողմէ։…

ԴՈԿՏ. ՆՈՐԱ ՊԱՅՐԱԳՏԱՐԵԱՆ ԸՆՏՐՈՒԵՑԱՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻ ՓՈԽ ԱՏԵՆԱՊԵՏ

Չորս օրերէ ի վեր Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) կեդրոնատեղիին (Ժընեւ, Զուիցերիա) մէջ տեղի կ՚ունենայ Խորհուրդի միջազգային հարցերու յանձնաժողովի հանդիպումը: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ յանձնաժողովի իբրեւ լիիրաւ անդամ իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէ դոկտ. Նորա Պայրագտարեան: Յայտնենք, որ այս յանձնաժողովը Ե.Հ.Խ.ի կարեւորագոյն կառոյցներէն մէկն է, որ կը զբաղի քաղաքական, ընկերային, տնտեսական եւ միջազգային հարցերով:  …

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՃԱՓՈՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Հինգշաբթի, 7 Մարտ 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Ճափոնի դեսպան Մակոշի Մասայուքիի: Նկատի ունենալով, որ դեսպանին առաջին այցելութիւնն է Կաթողիկոսարան, Նորին Սրբութիւնը ընդհանուր գիծերով բացատրեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կառոյցը եւ առաքելութիւնը, յատկապէս ծանրանալով լիբանանահայութեան եւ անոր քաղաքական դերակատարութեան վրայ: Վեհափառ Հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ համայնքէն ներս գործող կրթական, ընկերային ու մշակութային…

ՄԻՋԻՆՔԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՆՇՈՒՄ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ

Աւանդութիւն է, որ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հանդիսապետէ Լիբանանի Հայոց Թեմի Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ կատարուող Միջինքի օրուան Արեւագալի արարողութեան։ Արդարեւ, ուրախութիւն էր մեզի համար այս տարի տեսնել վերականգնումը անցած տարիներուն բոլորիս ծանօթ պայմաններու բերումով դադար առած այս աւանդութեան։ Առ այդ, Վեհափառ Հայրապետը, ընկերակցութեամբ խումբ մը միաբան հայրերու, Դպրեվանքի տեսչութեան եւ սաներուն, ինչպէս նաեւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԵԹՈՎՊԱԿԱՆ ՀԱՄԱՅՆՔԷՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Երկուշաբթի, 4 Մարտ 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի եթովպական համայնքը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ համայնքի հոգեւոր հովիւին եւ վարչութեան ատենապետին:   Այցելուները Հայրապետին փոխանցեցին Եթովպիոյ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետին եղբայրական ողջոյնները, իրենց շնորհակալութիւնը յայտնեցին համայնքին նկատմամբ Նորին Սրբութեան ցուցաբերած հոգածութեան համար եւ պետութեան առնչուած կարգ մը հարցերու գծով խնդրեցին անոր միջամտութիւնը:   Յայտնենք,…

ԶԱՒԱՐԵԱՆ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀԵՏ

Շաբաթ, 2 Մարտ 2024-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետին այցելեց Զաւարեան Ուսանողական Միութիւնը (Զ.Ո.Մ.)՝ ստանալու համար անոր օրհնութիւնն ու թելադրութիւնները։ Հանդիպումին ներկայ էր Զ.Ո.Մ.ի մօտ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Վաչէ Նաճարեան։   Զ.Ո.Մ.ին անունով սրտի խօսք արտասանեց Միութեան ատենապետ Սանահին Թոմասեան։ Ան ըսաւ, որ Միութիւնը կը բոլորէ իր 120 ամեակը. 2024 տարուան…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԼԵՌՆԱԼԻԲԱՆԱՆԻ ԵՒ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՍՈՐԻ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՌԱՋՆՈՐԴԸ

Ուրբաթ, 1 Մարտ 2024-ին, լեռնալիբանանի եւ հիւսիսային Լիբանանի ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ նորընտիր առաջնորդ Խրիսոսթոմոս Միքայէլ Շամուն այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին՝ ստանալու համար Հայրապետին օրհնութիւնը իր առաջնորդական առաքելութեան սկզբնաւորութեան։   Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց նորընտիր առաջնորդին ընտրութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր՝ իր հովուական աշխատանքներուն մէջ։ Նորին Սրբութիւնը յիշեց, որ երկար դարերու գործակցութիւն գոյութիւն ունի երկու եկեղեցիներուն…

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Երեքշաբթի, 27 Փետրուար 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի (Լ.Օ.Խ.) շրջանային վարչութիւնը եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի տնօրէնը՝ ստանալու Հայրապետին օրհնութիւնը։   Այս առիթով, վարչութեան անդամները Նորին Սրբութիւնը իրազեկ դարձուցին իրենց կատարած աշխատանքներուն եւ յառաջիկայի ծրագիրներուն մասին։   Վեհափառ Հայրապետը, իր կարգին, գնահատեց Լ.Օ.Խ.ին տարած նուիրական գործունէութիւնը եւ շեշտեց, յատկապէս ներկայ…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՆԱՀԱՆԳԱՊԵՏԸ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԸ

Հինգշաբթի, 29 Փետրուար 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին Պէյրութի նահանգապետ Մարուան Ապպուտ եւ Պէյրութի քաղաքապետ Ապտալլա Տարուիշ, ընկերակցութեամբ քաղաքապետարանի խորհուրդի հայ համայնքի անդամներէն Արամ Մալեանի։   Ողջունելով նահանգապետին ու քաղաքապետին այցելութիւնը Անթիլիասի Մայրավանք՝ Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց քաղաքապետարանին տարած աշխատանքներուն ու ձեռնարկած ծրագիրներուն, հակառակ երկրէն ներս տիրող ընկերատնտեսական տագնապին։ Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց հայ…