«Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ 25-ԱՄԵԱՅ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ (1995-2020) ԱՐժԵՒՈՐՈՒՄ ԵՒ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐ»

Առաջին ակնարկով առանց դասական խորագրի այս գեղատիպ հատորը ‏(լոյս տեսած է Անթիլիաս 2021 թուականին, 642 մեծադիր էջերու վրայ տարածուած ճոխ բովանդակութեամբ մը, ազնիւ մեկենասութեամբ Տէր եւ Տիկին Կարօ եւ Սօսի Էշկիեանի (Լոս Անճելըս, Ա.Մ.Ն.)), շուտով կը բացայայտէ իր իւրայատուկ խորքն ու նպատակը, երբ Յոբելեար Հայրապետը հայ եկեղեցւոյ ժամանակակից այն մեծագոյն դէմքերէն է, որուն լուսազգեաց կերպարը…

ԱԶԳԱՅԻՆ ԾԵՐԱՆՈՑԻ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Քանի մը օրեր առաջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Ազգային Ծերանոցի տնօրէնին եւ խնամակալութեան: Անոնք եկած էին Վեհափառ Հայրապետին պարզելու հաստատութեան գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ դիմագրաւած մարտահրաւէրները։   Նորին Սուրբ Օծութիւնը, առաջին հերթին, իր հայրական գուրգուրանքն ու հոգածութիւնը յայտնեց Ազգ. Ծերանոցին, հոն հաստատուած մեր հայրերուն ու մայրերուն եւ բարձր գնահատեց տնօրէնութեան, խնամակալութեան ու պաշտօնէութեան կողմէ…

ՍՓԻՒՌՔԻ ՎԵՐԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊՄԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳՈՎ ԱՌՑԱՆՑ ԵՐՐՈՐԴ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին 2022-ն «Սփիւռքի Տարի» հռչակելուն առիթով, Ուրբաթ, 23 Սեպտեմբեր 2022-ին տեղի ունեցաւ երրորդ առցանց խորհրդակցութիւն-քննարկումը:   Նիստին նախագահեց Վեհափառ Հայրապետը, մասնակցեցան Միացեալ Նահանգներէն` Խաչիկ Թէօլէօլեան, Երուանդ Զօրեան, Հայկ Օշական, Հայաստանէն` Ռուբէն Ճանպազեան, Ֆրանսայէն` Յովել Շնորհոքեան, Անգլիայէն՝ Հրաչ Գույումճեան եւ Հրաչ Չիլինկիրեան, Զուիցերիայէն` Թենի Փիրի-Սիմոնեան, Արժանթինէն` Խաչիկ Տէր Ղուկասեան, Լիբանանէն` Սեդա Խտըշեան, Շահան Գանտահարեան եւ Խաչիկ Տէտէեան:…

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԸ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՄՕՏ

Լիբանանի Համազգայինի «Քնար» պարախումբի անդամները, առաջնորդութեամբ իրենց վարչութեան, այցելեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ:   Յայտնենք, որ անցնող շաբաթներու ընթացքին, ընդառաջելով Քոմոթինիի (Յունաստան) քաղաքապետութեան, պարախումբը ելոյթ ունեցած էր «Հայկական Պարերու Փառատօն»ին՝ արժանանալով բոլորին գնահատանքին: Վեհափառ Հայրապետը իր օրհնութիւնն ու գնահատանքը փոխանցեց պարախումբին եւ ընդհանրապէս Համազգայինի ընտանիքին ու մաղթեց, որ Համազգայինը իբրեւ…

ՀՌՈՄԷՆ ՔԱՐԻԹԱՍԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Լիբանան կատարած իրենց այցելութեան ծիրէն ներս, Հռոմի Քարիթասի ներկայացուցիչները այցելեցին Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանք եւ հանդիպում ունեցան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ: Հանդիպման նաեւ ներկայ էին Լիբանանի Քարիթասի ներկայացուցիչները:   Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր գիծերով պարզեց Լիբանանի ժողովուրդին ընկերատնտեսական դժուարութիւնները եւ իր գնահատանքը յայտնեց Քարիթասին՝ անոր կատարած ընկերային օժանդակութիւններուն համար, միաժամանակ ան թելադրեց, որ մեր…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՆԱՀԱՆԳԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ՌԸՆՕ ՄԻՒՍԷԼԻԷՆ

Ուրբաթ, 23 Սեպտեմբեր 2022-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ, հարաւային Ֆրանսայի նահանգի նախագահ Ռընօ Միւսէլիէ այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, գլխաւորելով տասը հոգիէ բաղկացած պատուիրակութեան եւ թղթակիցներու:   Հանդիպումը տեւեց աւելի քան ժամ մը: Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան, Լիբանանի հայութեան, Հայաստանն ու Լիբանանը դիմագրաւող մարտահրաւէրներուն, ինչպէս նաեւ Լիբանան-Ֆրանսա եւ Հայաստան-Ֆրանսա…

Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.Ի ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.) անդամները, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ, իրենց տարեկան այցելութիւնը տուին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին:   Հանդիպման սկիզբը ուղերձ ընթերցեց Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.ի վարչութեան ատենապետուհի Ռիթա Աստիքեան: Իր ուղերձին մէջ, յանուն Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.ի մեծ ընտանիքին, ան շնորհաւորեց Վեհափառ Հայրապետը Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի նախագահ ընտրուելուն առիթով: Ապա, ատենապետուհին ընդգծեց, թէ անցնող տարուան ընթացքին, Նորին Ս. Օծութեան օրհնութեամբ,…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տօնին առիթով, Չորեքշաբթի, 21 Սեպտեմբեր 2022-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի Սրբոց Նահատակաց բացօթեայ խորանին առջեւ, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ մասնակցութեամբ միաբան հայրերու ու Դպրեվանքի աշակերտութեան, կատարուեցաւ Հանրապետական Մաղթանք։ Արարողութեան ներկայ էին Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, ընկերակցութեամբ դեսպանատան անձնակազմին, ինչպէս նաեւ հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի։  …

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ 11-ՐԴ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻՆ

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) 11-րդ համաժողովը կայացաւ 31 Օգոստոսէն մինչեւ 8 Սեպտեմբեր 2022-ին, Գերմանիոյ Քարլսրու քաղաքին մէջ, մասնակցութեամբ Խորհուրդի անդամ աւելի քան 350 եկեղեցիներու շուրջ 4000 պատուիրակներու։ Համաժողովը կը կրէր «Քրիստոսի Սէրը Աշխարհը Կը Մղէ Հաշտութեան Եւ Միասնութեան» խորագիրը։ Օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատուիրակութիւնը համաժողովին իր գործօն մասնակցութիւնը բերաւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ԱՆԳԼԻՈՅ ԷԼԻԶԱՊԷԹ Բ. ԹԱԳՈՒՀԻԻՆ ՄԱՀՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ ԵՒ Կ՚ՈՂՋՈՒՆԷ ՉԱՐԼԶ Գ.Ի ԹԱԳԱՒՈՐԱԿԱՆ ՊԱՇՏՕՆԻ ՍՏԱՆՁՆՈՒՄԸ

Երկուշաբթի, 19 Սեպտեմբեր 2022-ին, Լիբանանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մօտ Անգլիոյ դեսպան Հէյմըշ Գաուըլի հետ: Այս առիթով, առաջնորդ սրբազանը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ Լիբանանի հայութեան անունով ցաւակցութիւն յայտնեց դեսպանին Էլիզապէթ Բ. թագուհիին մահուան առիթով եւ ողջունեց Չարլզ Գ. թագաւորին թագաւորական պաշտօնի ստանձնումը, ինչպէս նաեւ դեսպանին յանձնեց…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ԿԱՐԳ՝ ԱԶԵՐԻ ԲԱՆԱԿԻՆ ԿԱՏԱՐԱԾ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔՈՎ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԱԾ ՀԱՅՈՑ ԲԱՆԱԿԻ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐՈՒ ՀՈԳԻՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ

Կիրակի, 18 Սեպտեմբեր 2022-ին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Ս. եւ Անմահ Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան կարգ՝ Հայաստանի դէմ Ազրպէյճանի շղթայազերծած յարձակումներուն հետեւանքով հայրենիքի պաշտպանութեան համար նահատակուած եւ իրենց կեանքը զոհաբերած հայոց բանակի քաջարի զինուորներու հոգիներուն խաղաղութեան համար։    Հոգեհանգստեան արարողութեան ներկայ էին Լիբանանի մօտ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

Ուրբաթ, 16 Սեպտեմբեր 2022-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի Վեհարանին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան (Ս.Դ.Հ.Կ.) Լիբանանի շրջանային վարչութեան:   Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադարձ կատարելու Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ ազերի բանակին կատարած յարձակումին եւ անոր վտանգալից հետեւանքներուն: Հանդիպման ընթացքին շեշտուեցաւ Հայաստանի ու Արցախի անկախութեան ու հողային ամբողջականութեան սպառնացող վտանգին դիմաց…

ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԵՒ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ՄԻԱՑԵԱԼ ԿՈՉ Կ՚ՈՒՂՂԵՆ ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԻ ԱԶԵՐԻ ԲԱՆԱԿԻՆ ԿՈՂՄԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Եւրոպայի Ապահովութեան եւ Համագործակցութեան Կազմակերպութեան (Ե.Ա.Հ.Կ.) ուղղած իրենց միացեալ նամակին մէջ, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) եւ Եւրոպայի Եկեղեցիներու Խորհուրդի (Ե.Ե.Խ.) ընդհանուր քարտուղարները, իրենց խորհուրդներու անդամ եկեղեցիներու անունով կոչ կ՚ուղղեն՝ միջամտելու ազերի բանակին կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ կատարուած յարձակումը անմիջապէս կասեցնելու, զինադադար հաստատելու եւ շրջանէն ներս արդար ու մնայուն խաղաղութիւն հաստատելու: Անոնք կը յիշեն, թէ շաբաթ…

ԿԻՊՐՈՍԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, այս առաւօտ, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Կիպրոսի նախագահին ներկայացուցիչ Ֆոդիս Ֆոդիուին, ընկերակցութեամբ Լիբանանի մօտ Կիպրոսի դեսպան Փանայոթիս Քիրիաքոսին:   Ներկայացուցիչը Վեհափառ Հայրապետին փոխանցեց Կիպրոսի նախագահին եւ կառավարութեան բարեմաղթութիւնները։ Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադառնալու Կիպրոսի հայ համայնքին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ներկայ ընկերատնտեսական ու քաղաքական կացութեան:   Նորին Ս. Օծութիւնը ողջունելով պետութեան…

ՀԱՄԱՍՓԻՒՌՔԵԱՆ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑՉԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

«ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆ Է ՁԵՌՆԱՐԿԵԼ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ-ՀԱՄԱԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ   Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին նախաձեռնութեամբ, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Չորեքշաբթի, 14 Սեպտեմբեր 2022-ի գիշերը, տեղի ունեցաւ խորհրդակցական նիստ, որուն մասնակցեցան համասփիւռքեան-համահայկական գործունէութիւն ունեցող եկեղեցական, ազգային, կուսակցական եւ միութենական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները։ Նիստին միակ օրակարգն էր Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ Ազրպէյճանի սանձազերծած յարձակումին պատճառով ստեղծուած կացութեան քննարկումը եւ Սփիւռքի մէջ գործող հայկական…

ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՈՒ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ԲԱՐԲԱՐՈՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ

Այո՛, հայոց բանակին կողքին համահայկական ու համաժողովրդային դիմադրութիւն ցեղապաշտ, արիւնարբու ու յարձակողապաշտ Ազրպէյճանի դէմ: Փաստօրէն այլ ճանապարհ չկայ՝   Երբ 4-օրեայ ու 44-օրեայ պատերազմներով ու ապա շարունակուող յարձակումներով Ազրպէյճան կը փորձէ ինքնիշխան ու խաղաղ ապրելու մեր ժողովուրդին իրաւունքը խլել:   Երբ անտեսելով միջազգային օրէնքը, թէ՛ պատերազմի եւ թէ՛ զինադադարի շրջանին, կը փորձէ դիմել անմարդկային ու…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ «ԿԻԼԻԿԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՔԱՌՈՒՂԻՆԵՐՈՒՄ. ՍԻՍԻՑ ՄԻՆՉԵՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍ 1914-1939» ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԻՆ

Նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Երեւանի Խաչատուր Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի պատմագիութեան եւ հասարակագիտութեան բաժանմունքին, երկօրեայ գիտաժողով տեղի ունեցաւ յիշեալ համալսարանին մէջ, 8-9 Սեպտեմբեր 2022-ին։   Հինգշաբթի առաւօտ գիտաժողովի պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ, ուր համալսարանի տնօրէն Սրբուհի Գէորգեան կարեւորեց գիտաժողովի իրականացումը ներկայ պայմաններուն մէջ: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին օրհնութեան խօսքը արտասանեց Գերշ. Տ. Անուշաւան…

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Երկուշաբթի, 12 Սեպտեմբեր 2022-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանայի Վարչութեան, գլխաւորութեամբ վարչութեան ատենապետ եւ Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամ տոքթ. Աւետիս Տագէսեանի։   Հանդիպման ընթացքին քննարկումի նիւթ դարձան Վեհափառ Հայրապետին հռչակած «Սփիւռքի Տարի»ին, Լիբանանը դիմագրաւող ընկերատնտեսական տագնապին եւ Սփիւռք-Հայաստան-Արցախ գործակցութեան հետ կապ ունեցող շարք…

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ՎԱՀԱԳՆ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ՆԱՄԱԿԸ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի նամակը՝ ուղղուած Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին.-   Երեւան, 7 սեպտեմբեր 2022թ.   Վեհափառ Տեր,   Ընդունեք խնդրեմ, իմ անկեղծ եւ ջերմ շնորհավորանքը Եկեղեցիների համաշխարհային խորհրդի նախագահ ընտրվելու կապակցությամբ։   Բարձր եմ գնահատում Ձեր բազմամյա անձնվեր գործունեությունը Եկեղեցիների համաշխարհային խորհրդում՝ ի նպաստ միջեկեղեցական համերաշխության։ Դուք մեծ հեղինակություն եք վայելում…

ՎԵՐԱՑՄԱՆ Ս. ԽԱՉԻ ՏՕՆԻ ՆՇՈՒՄ՝ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ԵՒ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Հայ եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն 14 Սեպտեմբերի մերձակայ Կիրակին կը նշուի Վերացման Ս. Խաչի տօնը: Տաղաւար տօներուն վերջինը հանդիսացող Վերացման Ս. Խաչի տօնը խաչին նուիրուած ամենաիմաստալից ու նշանակալից տօներէն մէկն է: Պատմական իրողութիւնները կը յայտնեն, թէ Վերացման Ս. Խաչի տօնին սկզբնաւորութիւնը կը հասնի մինչեւ քրիստոնէութեան առաջին դար, երբ Յակոբոս Տեառնեղբայր Յիսուս Քրիստոսի խաչափայտին նմանութեան քառաթեւ խաչ…

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Շաբաթ, 10 Սեպտեմբեր 2022-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան (Հ.Մ.Ը.Մ.) Կեդրոնական Վարչութեան:   Վարչութիւնը Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց անցնող շրջանին իր կատարած աշխատանքները եւ յառաջիկայ ծրագիրները: Կեդրոնական Վարչութեան անդամները Նորին Ս. Օծութեան յանձնեցին համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 11-րդ մարզախաղերու առիթով պատրաստուած յուշանուէրը:   Վեհափառ Հայրապետը իր հայրական օրհնութիւնն…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԱՅՑԵԼՈՒՆԵՐԸ

Վերջին քանի մը օրերուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը հետեւեալ պատասխանատու անձերուն.-   — Վեր. Փօլ Հայտոսթեան, նախագահ հայ աւետարանական համայնքին եւ Հայկազեան համալսարանին: Քննարկուեցան Ազունիէի Ազգային Բուժարանին եւ Հայկազեան համալսարանին հետ աղերս ունեցող հարցեր:   — Յակոբ Բագրատունի, պետական երեսփոխան եւ Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ: Քննարկուեցան Լիբանանի քաղաքական ներկայ կացութեան եւ հայ…

ԵՐԱԽՏԻՔԻ ՅՈՒՇԱՄԱՏԵԱՆ

Արժեւորում եւ Վկայութիւններ կը բնութագրուի գիրքը, որ կը  պատմէ կրօնական, եկեղեցական, գրական, ազգային առաքելութեան վաստակը մարդու մը, որուն բաղդը կամ ճակատագիրը պատմական այս ժամանակահատուածին վստահեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ դարաւոր ժառանգութեան տէր կանգնելու պատիւը։ Անչափելիօրէն պատասխանատու եւ սպառանալից պաշտօն մը, որուն տիրանալէ ետք արժեւորելը  քիչերուն ի վերուստ շնորհուած արժանիք մըն է, իսկ  կառավարելն ու անսասան պահելը՝ …

ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԿԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԷ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) 11-րդ համաժողովի ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընտրուեցաւ Ե.Հ.Խ.ի նախագահ՝ ներկայացնելով Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիները եւ Միջին Արեւելքը։   Այս առիթով, Վեհափառ Հայրապետը շնորհաւորութիւններ ստացաւ ազգային եւ օտար շրջանակներէ՝ գրաւոր թէ հեռաձայնով։ Ստորեւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի շնորհաւորական գիրը՝ ուղղուած Նորին Ս. Օծութեան.-   Վեհափառ Տեր,   Արցախի ժողովրդի, իշխանությունների…

ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ 11-ՐԴ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԸ ՅԱՏՈՒԿ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԵԱՄԲ Կ՚ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱՅ ԱՐՑԱԽԻ ՏԱԳՆԱՊԻՆ

Այս օրերուն Գերմանիոյ Քարլսրու քաղաքին մէջ գումարուող Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) 11-րդ համաժողովը միջազգային տագնապներու մասին իր կատարած հրապարակային յայտարարութիւններու շրջագծէն ներս, յատուկ կերպով նաեւ անդրադարձաւ Արցախի հարցին։   Յայտնենք, որ միջազգային տագնապներու անդրադառնալու կոչուած յանձնախումբի զեկուցաբերը՝ դոկտ. Նորա Պայրագտարեանը, որ անդամ է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան եւ քաղաքական գիտութեանց ու միջազգային…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Հ.Բ.Ը.Մ.Ի ՆԱԽԱԳԱՀԸ

Չորեքշաբթի, 7 Սեպտեմբեր 2022-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետը ընդունեց Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (Հ.Բ.Ը.Մ.) նախագահ Պերճ Սեդրակեանի այցելութիւնը:   Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպումին առանցքը դարձան Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան հետ աղերս ունեցող խնդիրներն ու մարտահրաւէրները:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄՕՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Երեքշաբթի, 6 Սեպտեմբեր 2022-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի:   Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ արծարծելու Հայաստանի ու Լիբանանի այժմու կացութեան առնչուած հարցեր:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆՏՐՈՒԵՑԱՒ ՆԱԽԱԳԱՀ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ

Գերմանիոյ Գարլսրուէ քաղաքին մէջ գումարուող Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) 11-րդ համաժողովը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը ընտրեց Խորհուրդի նախագահ՝ ներկայացնելով արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիները:   Յայտնենք, որ Վեհափառ Հայրապետը երկու շրջան (1991-1998 եւ 1998-2006) ընտրուած էր Ե.Հ.Խ.ի կեդրոնական ու գործադիր վարչութեանց ատենապետ։   Արդարեւ, ընդառաջելով միջ-եկեղեցական անձնաւորութիւններու ու շրջանակներու ջերմ փափաքին, ինչպէս նաեւ միջ-եկեղեցական շարժումին նոր մղում…

ԻՐԱՆԻ ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Երկուշաբթի, 5 Սեպտեմբեր 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նորանշանակ դեսպան Մուճդապի Ամանիին:   Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Իրանի հայութեան եւ Լիբանանի յառաջիկայ նախագահական ընտրութեան հետ աղերս ունեցող հարցեր: Դեսպանը անդրադարձաւ Իրանի հայութեան գործօն մասնակցութեան՝ երկրին առաւել զարգացման եւ յառաջդիմութեան աշխատանքներուն: Վեհափառ Հայրապետը իր կարգին, շեշտեց Իրանի հայութեան եզակի դերը սփիւռքահայութեան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՄԲ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՆԱՐԵԿԱՑԻ ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ՆՇԵՑ ԻՐ 5-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ

Շաբաթ, 3 Սեպտեմբեր 2022-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ներկայութեամբ Կաթողիկոսարանի Նարեկացի մանկապատանեկական երգչախումբը նշեց իր հիմնադրութեան 5-րդ տարեդարձը: Հանդիսութեան ներկայ էին երգչախումբի խմբավար Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեան, վարչութեան անդամները, խնամակալութիւնն ու երգչախումբի անդամներուն ծնողները: Հանդիսութեան սկիզբը երգչախումբի անդամներէն երկու պատանիներ արտասանեցին բացման խօսք, ուր յայտնեցին երգչախումբի առաքելութեան նպատակը…