Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԱՅՑԵԼՈՒՆԵՐԸ

Վերջին քանի մը օրերուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը հետեւեալ պատասխանատու անձերուն.-

 

— Վեր. Փօլ Հայտոսթեան, նախագահ հայ աւետարանական համայնքին եւ Հայկազեան համալսարանին: Քննարկուեցան Ազունիէի Ազգային Բուժարանին եւ Հայկազեան համալսարանին հետ աղերս ունեցող հարցեր:

 

— Յակոբ Բագրատունի, պետական երեսփոխան եւ Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ: Քննարկուեցան Լիբանանի քաղաքական ներկայ կացութեան եւ հայ համայնքին հետ աղերս ունեցող ծրագիրներ:

 

— Ժան Լուի Քըրտահի, նախկին նախարար: Քննարկուեցաւ «Թռչնոց Բոյն»ի առնչուած շինարարական ծրագիր մը:

 

— Գրիգոր Մահսերէճեան, համա-ատենապետ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան: Քննարկուեցաւ իր բարերարութեամբ կատարուող Մայր Տաճարի զովացուցիչ սարքերու վերանորոգման աշխատանքը:

 

— Դոկտ. Պերճ Հաճեան, Կենսոլորտի նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն: Քննարկուեցան կենսոլորտի կապուած ծրագիրներ: