ԵՐԱԽՏԻՔԻ ՅՈՒՇԱՄԱՏԵԱՆ

Արժեւորում եւ Վկայութիւններ կը բնութագրուի գիրքը, որ կը  պատմէ կրօնական, եկեղեցական, գրական, ազգային առաքելութեան վաստակը մարդու մը, որուն բաղդը կամ ճակատագիրը պատմական այս ժամանակահատուածին վստահեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ դարաւոր ժառանգութեան տէր կանգնելու պատիւը։ Անչափելիօրէն պատասխանատու եւ սպառանալից պաշտօն մը, որուն տիրանալէ ետք արժեւորելը  քիչերուն ի վերուստ շնորհուած արժանիք մըն է, իսկ  կառավարելն ու անսասան պահելը՝  ռազմավարական հնարամտութեան եւ կարգապահական խստապանջութեան անարակելի տաղանդ  մը։  Բնորոշումներ, որոնք կը յատկանշնեն Արամ Սրբազան Քէշիշեանը՝ նորընտիր Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, որ 1995 Յուլիս 1-ին հազարաւոր հաւատացեալներու ներկայութեան ծնրադիր կ՚երդուէր  ամուր ու անսասան պահել Կիլիկեան Աթոռը, հայցելով Աստծուն՝ « Ցոյց ինձ ճանապարհ՝ յոր գնացից» եւ «Ոուսո ինձ առնել զկամս քո»։ 

 

Ամբողջ քսանհինգ ամեակ մը հաւատարիմ իր ուխտին ծառայեց հայ եկեղեցւոյ,  հայ ժողովուրդին ու  հայրենիքին եւ կը շարունակէ իր երթը դէպի նորանոր նուաճումներ։ 

 

Արժեւորում ու Վկայութիւններ գիրքը քսանհինգամեայ արգասիքին արտայատութիւնն է ընծայաբերուած իր հօտին զաւակներու կողմէ՝ իբրեւ երախտիքի բուռ մը  խօսք, ճիտին պարտքը` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ արժանընտիր Կաթողիկոսին՝ անցկութիւններով,  մտահոգութիւններով,  մտատանջութիւններով լուսցուցած գիշերներուն, յանուն բազում իրագործումներու, յանուն հայ եկեղեցւոյ անսասանութեան, յանուն հայ ժողովուրդի միասնականութեան, յանուն հայրենիքին եւ սփիւռքին համար թափած ճիգին ու քրտինքին։    Գիրքը կոթողական աշխատանք մըն է խմբագրուած խումբ մը մտաւորականներու`Գերշ. Տ. Շահան Սարգիսեանի, Շահան Գանտահարեանի, Օրդ. Արտեմիս Հացագործեանի եւ Վիգէն Աւագեանի կողմէ, գլխաւորութեամբ՝ Գերշ. Տ. Վարուժան Հերկելեանին, ըստ նիւթի հատուածներու վերածուած ու համադրուած կը հրամցուի իբրեւ Վեհափառ Հայրապետին ծանրաբեռ տարիներու ներբող մը ։   

 

Այս փառահեղ գիրքին մեկենասութիւնը սիրայօժար ստանձնած են Տէր եւ Տիկին Կարօ եւ Սօսի Էշկիաններ, որ կը բխի հայ գիրի ու գրականութեան հանդէպ իրենց ունեցած ակնածանքէն,  հայ եկեղեցւոյ հանդէպ  խորին հաւատքէն  եւ արիւն քրտինքով վաստկուած  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա. Հայրապետին 25-ամեայ հարուստ գանձարանը պատմութեան յանձնելու պատասխանատութիւնէն։    

 

Գիրքը կ՚ամփոփէ հայրենիքի թէ, Սփիւռքի մէջ պատասխանտու անձնաւորութիւններու վկայութիւնները, ուր կ՚արտացոլան Լիբանանի,  Հայաստանի եւ Արցախի նախագահներու, Քրիստոնեայ-Իսլամ երկխօսութեանց պատասխանատուներու, Համաշխարհային Եկեղեցիներու, Ասիոյ եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդներու ընդհանուր քարտուղարներու, մտաւորականներու, Աստուածաբաններու, ակադեմիկոսներու, հրապարակագիրներու, հոգեւոր եղբայրներու, ամէնօրեայ աշխատակիցներու եւ գործակիցներու տպաւորութիւններն ու դրոշմը, զոր կրած են անորմէ։ Այդ յօդուածները կ՚ուրուագրեն՝ մեծ եկեղեցականին, անբասիր կրօնաւորին, միջազգային էքիւմէնիստին, խոհուն մտաւորականին եւ մեծ հայուն մարդկային ու վսեմ  կերպարը։ 

 

Գիրքը բաժնուած է  Վեհափառ Հայրապետը  յատկանշող տասնեօթը գլուխներու, աւելի քան  600 ստուար էջի մէջ խտացուած ծաղկաքաղ մը , ուր կ՚արտացոլան իր գործունէութեան զանազան մարզերը, ընդգծելով  մասնագիտական եւ նկարագրային իւրայատկութիւնները բնորոշող գիծերը։  Գեղեցիկ պատկերներու եւ ճշգրիտ բնութագրումներու  ներդաշնակ գեղանկար մը, որ հարազատօրէն կը պատկերէ՝ Հաւատքի եւ Առաքելութեան հայրապետը, Ընկերային Ծառայութեան Առաքեալը,   Ազգային պահանջատիրութեան անզիջող Հայրապետը, ուսուցիչը, շինարարը եւ վարչագէտը։   Առանձնացնելով իւրաքանչիւր բաժնին մէջ Վեհափառ Հայրապետին իւրայատուկ մտածողութիւնը, մօտեցումը, համոզումներն ու հաւատալիքները, նպատակն ու ձգտումները, ամբողջացնելով  Վեհափառ Հայրապետին կերպարի բոլոր երեսները։ 

 

Գերշ. Տ. Վարուժան Հերկելեանի ներածականով   հանգամանօրէն կը ներկայացուի կենսագրականը Վեհափառ Հայրապետին եւ ՝ Անթիլիասի Կաթողիկոսութեան ու անոր գահակալներուն տեսլականէն բխած հայ եկեղեցւոյ, ազգային պահանջատիրութեան, հայ մշակոյթի եւ հայ ժողովուրդի վերապրումին ու զարթօնքին կարեւոր կետերը խտացուած, նշելով պատկերաւոր կերպով թէ՛  տասնամեակներու ընթացքին Կիլիկեան Կաթողիկոսութեան ապրած հոլովոյթը հասաւ հոն, ուր այսօր՝  «Անթիլիասը «փոքր պատուհանէն» վերածուեցաւ ընդարձակ դարպասի, ուրկէ մուտք կը գործեն գիտնականներ,  աստուածաբաններ եւ նախագահներ»։

 

Ամէն մէկ յօդուած գրուած է անխառն ու անխարդախ զգացումներով, յօդուածագրի անմիջականութիւնէն բխած ապրումներով ու մտածումներով, հիմնուած անոնց ունեցած աշխատանքի բերումով կամ տարիներու գործակցութեամբ ու փորձառութեամբ հարստացած տպաւորութիւններով,  ճշգրտօրէն նկարագրելով Վեհափառ Հայրապետին հարազատ  պատկերը՝ գիրքը  վերածելով  յուշամատեանի մը։ 

 

Ի՞նչ կը թելադրէ Արժեւորում եւ Վկայութիւն  գիրքը,  ի՞նչ կը մատնանշեն այնտեղ արձանագրուած գրութիւնները  Վեհափառ Հայրապետին  անձին,  գործին ու մտահայեցողութեան մասին։ 

 

Թէ՝  Հայ եկեղեցին եւ անոր Վեհապետը խօսեցաւ ու գործեց իր ժողովուրդը յուզող,  տագնապեցնող հարցերով, Հայաստանն ու Արցախը քաղաքական,  տնտեսական եւ ընկերային  ամէնօրեայ տագնապներով, մնացին իր էութիւնը խռովող իրականութիւններ։  Թէ՝ միջազգայինն ու նոր զարգացող գաղափարները որոնք կը տագնապեցնեն հայ մարդը, հայ եկեղեցին դնելով կողմնորշման վճիռի մը առջեւ, իմաստուն կերպով ճշդեց կեցուածքը, հայացքը ուղղելով ապագային, եղաւ թուլատու` նորին, եւ  հաւասարակշռեց՝ նորն ու հինը։  Հարցադրումի ենթարկեց իր հոգիին մէջ արմատաւորուած տեսակետներն ու կարծրատիպերը, քանդեց եկեղեղցւոյ պատերը ու տարաւ եկեղեցին ժողովուրդին, մասնակից դարձնելով ժողովուրդը եկեղեցւոյ կեանքին մէջ։  Իւրաքանչիւր տարին թեմա մը ընտրելով,  բացաւ հայ անհատին առջեւ առիթը մտածելու, խորհելու, առաջարկութիւններ ներկայացնելու մեր իրականութիւնը յուզող՝ երիտասարդական,  կնոջական, կրթական, ծառայական, մամուլի, ինքնութեան, եւ բազում այլ ժամանակակից նիւթերու մասին, մեր կառոյցները այժմէականացնելու, եւ նոր զարգացումներով լիցքաւորելու  նպատակով։ ։ «Վեհափառն իր հզօր մտքի սլացքով իւրաքանչիւր Նոր Տարուան ուրոյն կշիռ եւ բովանդակութիւն է հաղորդում՝ նուիրելով այս կամ այն երեւոյթին, դրանով իսկ գնահատելով հայ կնոջ  եւ ընտանիքի դերակատարութիւնը, երիտասարդների տաղանդն ու մտքի թռիչքը, բոլորին մղում դէպի գիրն ու գրականութիւնը, գրքի եւ ազգային արժէքների նկատմամբ առանձնակի վերաբերում ձեւաւորում»։  

 

Երազեց ստեղծել Անթիլիաս մը, որ ըլլայ ժամանակահունչ՝ բայց խարսխուած աւանդկանին վրայ,  նոր ու գեղեցիկ՝ բայց հիմերը ամուր խրուած հաստատուած հինին մէջ, բացուեցաւ ժողովուրդին՝ եւ սակայն չափաւորեց սահմանները՝  վանականին ու ժողովուրդին միջեւ, քայլ պահելով ժամանակակից գաղափարներու եւ մտածողութեան  հետ։ 

 

Եւ տակաւին առանձինն՝ եղաւ Կաթողիկոսութիւնը   ընդդեմ բոլոր դժուարութիւններուն, նեղութիւններուն,  արգելքներուն ու փոթորիկներուն եւ մնաց միշտ խաղաղ,  ինքնավստահ,  գլուխը բարձր, առանց երերալու եւ առանց դղդրդացնելու Անթիլիասը, «Արամ Ա.-ին մէջ ես տեսայ պետական մարդը, պետական մտածողութիւնը, պետական վերաբերմունքը երկրի, հայրենիքի եւ ժողովուրդի հանդէպ։ Մեր եկեղեցական իշխանութիւնը միշտ էլ եղել է մեր պետականութեան որույն դրսեւորումը։» «Ես այսօր խորին համոզումն ունեմ,  որ անկարելի է պատկերացնել Սփիւռքի  եւ սփիւռքահայութեան կեանքը առանց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան։ Յամենայնդէպս դա այդպէս է այսօր, մեր կեանքի այս վիճակում եւ այս պայմաններում»։

 

Թէ՝ Կիլիկեան Աթոռը Սիսէն ետք եղաւ յիրաւի՝ Նոր Սփիւռքի Սիսը։ «Սիսը, եթերային եւ հոգեւոր ներկայութիւն  է , կաթողիկոսութեան եւ  անոր հոգեւոր ճեմարանին՝ Դպրեվանքի կեանքէն ներս։ Սիսը Անթիլիասի լուռ բայց կոտտացող վէրքն է, հին բայց չսպիացած վէրքը։ Սիսը Կիլիկեան Աթոռին խորհուրդն է ու յիշողութիւնը ։ Այս իրականութինէն մղուած Արամ Ա. Հայրապետը, հայկական պահանջատիրութեան զուգահեռ, կամ անոր առանցքային մէկ մղումով, շօշափելի առարկայական, քաղաքական ու յատկապէս իրաւական մակարդակի բերաւ նոյն այդ պահանջատիրութիւնը, առանց անտեսելու անոր յետադարձ հնարաւոր բոլոր վտանգները։» 

 

Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան գործունէութիւնը կ՚ընդգրկէ համազգային առաքելութիւն, ամբողջ ազգին հոգեւոր, մտաւոր, մշակութային, կրօնական արժէքներով զբաղելու պատասխանատութիւնը, որ կը պարփակէ ազգային,  քաղաքական միջ-եկեղեցական եւ միջ- կրօնական անդաստանը։  Անոնք կ՚իրագործուին մշակութային, հրատարակչական, համագումարներու եւ շինարարութիւններու ճամբով, որոնք կը գտնենք Վեհափառի գրիչէն հոսած անսպառ աղբիւրներու, տեղեկութիւններու եւ իրագործումներու մէջ։   

 

Անդրադառնալու համար Միջ-եկեղեցական եւ միջ-կրօնական յարաբերութիւններուն, այդ առթիւ  կազմակերպած համագումարներուն,  գրականութեան եւ հրատարակութիւններուն, «Ան այս կը կատարէ իր ներքին հոգեւոր եւ ազգային լենելութեան զօդելով արտաքին յարաբերութիւններու բնագաւառը՝ հայեցին եւ ընդհանարականը ագուցելով  ու Հայ Եկեղեցւոյ հայ ինքնութիւնը պահպանող ու կերտող  դերը միջ- եկեղեցական, միջ-կրօնական եւ միջազգային երկխօսութիւններով դաշնաւորելով։ …. «Ծանօթացումէ առաւել սերտացումի եւ գործակցութեան  կը վերածուի, առանց մեր մայր ճանապարհէն շեղելու, աշխարհին հետ քայլ պահելու եզակիութեամբ»։    Անթիլիասը բանալով բոլորին առջեւ՝ «հայ կեանքը կածանէն քառուղի տարաւ»։  Այս ըսուածը կը հաստատէ  Համաշխարհային եկեղեցիներու Խորհուրդի Ընդհանուր քարտուղարը,  երբ կ՚ըսէ, թէ  Միջ-կրօնական կամ միջ-եկեղեցական համագումարներուն՝ «Փոքր թէ՛ մեծ, Արամ Ա. կ՚առանձնանայ իր նկարգրով,  կարելի չէ  աննկատ անցնիլ բազմութեան մէջ ամգամ։  Կը խօսի յստակ, մտածումները՝ համակարգուած,  համոզիչ եւ սպառիչ կերպով»։ Ան իմացական անձն է ու խորագէտ Աստուածաբանը»։ Ամբողջանալով պապական Խորհուրդի նախագահի վկայութեամբ թէ՝ «Կիկլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կրնայ հպարտանալ իր առաջնորդով, փոփոխութիւններով եւ մարտհրաւէրներով յատկանշուող այս աշխարհին մէջ»։ 

 

Միջազգային ճանաչողութիւնը աւելի շեշտուեցաւ, երբ Վեհափառը խօսեցաւ իր լսարանին, ի՛նչ ազգի ալ, որ կը պատկանէին անոնք, անոնց հասկնալի լեզուով, իր բոլոր նիւթերուն կիզակետը ունենալով հայ ժողովուրդը, «Ձեռքը պահած հայկական աշխարհի զարկերակին»։   «Անթիլիասը աշխարհագրական կայքէ մը անդին կը վերածուի երկխօսական  լինելութեան շարժումի եւ հոգեւոր–մշակութային հայրենիքի»,  «Վեհափառը միայն եկեղեցական գործիչ չէ, միայն նուիրապետական աթոռի Գահակալ չէ, համահայկական նշանակութեամբ հոգեւոր, բայց նաեւ հանրածանօթ գործիչ է։ Անթիլիասի մայրավանքն ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերը նեղ տարածութիւններն են Վեհափառի լայն գործունէութեան համար»։ 

  

Ակնարկելով Հայաստան-Սփիւռք խորհրդաժողովներուն՝ «Վեհափառի ելոյթներ երկրաշարժի ազդեցութիւն էին թողնում։ Վեհափառը այդ ելեոյթներում խօսում էր հայաստանցիների ու հայերի սրտից», դիտել տալով մեր իրականութիւնը յուզող տխուր երեւոյթներուն՝ ի Հայաստան թէ ի Սփիւռք։

 

Բոլորի գրութիւններէն կ՚անցնի կարմիր թելը՝ ճկուն դիւանգէտը,  ճշմարտութիւնները յանդուգն բարձրաձայնող մտաւորականը,  բեղուն ու անխոնջ ստեղծագործողը ու մեր ժողովուրդի բախտորոշ պահերուն խիզախ կողմնորշումներով  դիրքորոշուող եկեղեցականը, պայմանաւորուած Հայաստան, Արցախ, Սփիւռքով եւ ընդելուզուած ծառայութեամբ, ազգային պահանջատիրութեամբ  եւ  ազգային ինքնութեամբ։   

 

Այս հարուստ ու ճոխ բովանդակութեամբ գիրքին մէջ տեղ գտած սքանչելի գրութիւնները դժբաղդաբար, կարելի չէ վերծանել մէկ առ մէկ, սակայն փոքր մէջբերումներով կարելի է բոյր մը տալ յօդուածագիրերու ակնածանքին ու հիացմունքին՝  «Իմացական անձին», «խորագէտ Աստուածաբանին», միջ-եկեղեցականին, շինարարին եւ մարդուն մասին։ Գրութիւնները վարար գետի մը նման կը հոսին ու կը շլացնեն ընթերցողը, սակայն չեն սպառեր Վեհափառ Հայրապետին տարիներու ընթացքին իր հոգիին մէջ ամբարուած ու եռացող ապրումները, ըմբռնողութիւնը եւ փիլիսոփայութիւնը։  

 

Ահա՛ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին  քսանհինգամեայ արարումներուն մասին աշխարհ մը վկայութիւններ եւ հանգանակը,  որ գործով կ՚արդարանայ։ Ահա՛ բազում յօդուածագիրներ որոնք կու գան Հիւսիսէն ու Հարաւէն, Արեւելքէն ու Արեւմուտքէն  եւ տակաւին կու գան իր ժողովուրդի ծոցէն եւ որոնց կրած տպաւորութիւնները անջնջելի կերպով դրոշմուած անոնց սրտին ու մտքին վրայ կուտան իրենց «հոգու պարտքը» իրենց հովիւին սրտառուչ միայնգամայն հպարտութիւն ներշնչող կոթողական գործին առջեւ։  Ահա՛ վաւերական Վկայարանը քանդակուած իր զաւակներու կողմէ, որ կը յանձնուի պատմութեան՝ ի փառաւորութիւն Հայ Եկեղեցւոյ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողոկոսութեան,  Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին լուսափայլ անձին  ընդմէջէն։  

 

****

 

Ի՞նչու այս գիրքը։  ի՞նչ  կը պատգամէ եւ ի՞նչ կը ներշնչէ  այնտեղ պատկերուող տիպարը։ 

 

Այս գրքին մէջ ընթերցողը կը գտնէ Վեհափառ Հայրեպետը իր բարձունքին վրայ, կ՚ընկալէ համապրափակ ներկայացումը անոր  անձին ու գործին, ստեղագործական տարիքի ամենաբեղուն շրջանին՝ գագաթին։ Կը հաստատէ քսանհինգամեայ աշխատանքով վաստակած վիթխարի գործունէութիւն մը ժամանակակից ազգային եւ համաշխարհային իրադադրձութիւններուն մէջ, ու մեր ժողովուրդին համար պատուաբեր անուն մը։ Կը գտնէ Միջ-կրօնական, միջ եկեղեցական եւ համազգային  յարաբերութիւներով եւ տարածուն ու բազմատեսակ ծանօթութիւններով հարստացած, Անթիլիասը՝ վերածուած մշակութային լուսաւոր ու ճառագայթող կեդրոնի մը՝  վսեմ ձգտումներու,   միջազգային հարթակի մը՝ համամարդկային իտեալներու, իրականացնելով Գարեգին Ա. Յովսեփեանց Կաթողիկոսի երազը՝ «եռացող մշակութային փեթակի մը վերածել կաթողիկոսութիւնը»։  

 

Հաւաքեց մտաւորականութիւնը իր շուրջը, կազմակերպեց Կաթողիկոսութեան արխիւները, ձեռագիրները, Խաչեր Գալուստեան մանկավարժական կեդրոնը, կազմակերպեց համագումարներ՝ ինքնութեան, Արեւմտահայերէն լեզուի պահպանման, Հայաստանի Հանրապետութեան 100-րդ տարեդարձի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան Իրաւական Հիմքերուն, 100-ամեակի շրջանային եւ թեմական մարմիններուն հետ։  Բազմաթիւ հրաստարկութիւններով, աւելի քան քառասուն,  հարստացուց Կաթողիկոսութեան գրադարանը մշակելով՝ «մտաւորական այն դաշտը, ուր կարելի է աճեցնել հայութեան կեանքի յաւերժական սերմերը»,  բնորոշելով զինք  իբրեւ  մտաւորական Վեհափառը։ 

 

Եւ տակաւին գեղեցիկ ու աննախընթաց իրագործումներով՝ Թռչնոց Բոյնի  Թանգարան թէ՛ արխիւատուն, Հայաստանի Հանրապետութեան  նուիրուած Յուշակոթող, թէ՛ Եպիսկոպոսարան, Պիքֆայայի մատուռ, յուշահամալիր, թէ՛ Վանքի հրապարակ, թէ՛ մատենադարան, բոլորը հարստացուցին Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, նոր սլացք տալով անոր առաքելութեան եւ անոր ճանաչողութեան ծիրը ընդլայնելով միջազգային հանրութեան մօտ։ 

 

Աւելի՛ն, գիրքը կ՚անդրադառնայ մեր կեանքը փոթորկող իրականութիւններուն ու Վեհափառի առած քայլին՝ պահու հրամայականէն բխած.  Կիլիկեան Աթոռին ունեցած  մտահայեցողութեան ու մտասեւեռումին,  սփիւռքի գոյութեան եւ ինքնութեան պահպանման կռիւին ու սփռած լոյսին, օրուան իրադարձութիւններուն ու դէպքերուն ու ժամանակի շունչին մասին։ Անհատի մը պատմութեան ընդմէջէն իր ժամանակին հարուցուող հարցերը կ՚արծարածէ, իր կեանքին առնչուող,  սակայն եկեղեցագիտական, համաշխարհային համահայկական մտահայեցողութեան մասին է գիրքը, իր ժողովուրդին ձգտումներուն, ձեռքբեռումներուն ու փիլիսոբայութեան մասին է, որ կ՚արտացոլայ իր գրական, շինարարական, եկեղեցական ձեռնարկութիւններուն  եւ ձեռքբերումներուն ընդմէջէն։ Այդ իրագործումները  ուրիշ ոչինչ են, քան՝ իր ժողովուրդին տեսլականէն բխած կատարումներ,  որոնք  ձեռք բերուեցան շնորհիւ իր խանդին  ու արկածախնդիր  խիզախութեան՝  ներքաշուելու մեծ ծրագիրներու մէջ յանգելով առասպելական իրագործումներու։  Եւ տակաւին Հայրենիքին ու սփիւռքին  ցաւերուն,  սպառնալիքներուն, հայ ժողովուրդի լինելութեան կռիւին, իր համոզումներուն, հաւատամքին ու յանձնառութիւններուն մասին է  գիրքը, որ ընթերցողը կը վկայէ յոբելեարին իրագործումներուն ընդմէջէն։

 

Իր ժողովուրդի կարիքներուն ու  ցաւին կշռոյթով պայմանաւորուած կաթողիկոսութեան 25-ամեակի արգասիքն է  որ կը յանձնուի պատմութեան, յանձնելով մեր ժամանակներու շունչն ու ոգին։ Ահա թէ ի՞նչու պէտքէ էր, որ  գրուէր այս գիրքը ո՛չ միայն Կիլիկեան Կաթողիկոսութեան մատենագրութիւնն է, որ կը հարստանայ անով, այլեւ՝ հայ եկեղեցւոյ պատմութիւնը։ 

 

Քսանհինգամեայ բազմահմուտ եկեղեցականին գործունէութիւնը՝ իբրեւ  պատգամ, իբրեւ  տեղեկութիւններու անսահման շտեմարան, իբրեւ վկայագիր, պէտք էր յանձնուէր հասնող սերունդներուն,  կարդալու եւ իմանալու  կերպարն ու տիպարը՝ անստգիւտ կրօնաւորին, յառաջապահ եկեղեցականին, միջազգային փայլուն դէմքին,  Մարդուն՝ որուն կեանքը եղաւ միայն գործ եւ արարում։ 

 

Այս գիրքով հասնող սերունդները որոնք պիտի գան տակաւին եւ հայ եկեղեցւոյ ծառայութիւնը իրենց կեանքին նպատակն ու իմաստը պիտի դարձնեն, պիտի ներշնչուին անոր կերպարով, իրենց հոգիին թելադրականութեամբ պիտի քալեն միեւնոյն ճանապարհէն, պիտի իմանան, թէ գործն ու բանը կը բխին  մեր իրականութիւնէն, մեր  տագնապներէն, մեր մտատանջութիւններէն ու ժամանակներու պարտադրած հրամայականներէն,  եւ թէ միայն գործով ու արարումներով է, որ Կաթողիկոսն ու Կաթողիկոսութիւնը կը մեծնան ու կը մեծարուին։

 

Այս գրքին մէջ Վեհափառը ներշնչումի աղբիւրէ է, որ  հազարաւորներու զգացումները կ՚ամփոփէ իր մէջ, իր անձին մէջէն դուրս ժայթքէ հայոց պատմութիւնը իբրեւ ոգի։  Հո՛ն է մեր անցեալը իր արիւնալի յուշերով, հո՛ն է մեր ներկան իր մրրկայոյզ տագնապներով, հո՛ն է նաեւ մեր ապագան, հրավառ գալիքի յոյսերով փողփողուն։ Ահա թէ ի՛նչ կը պատգամէ եւ ի՛նչու պիտի գրուէր այս գիրքը։ Յիշատակարան մը՝ կանգնեցուած Վեհափառ հայրապետին ոգիին ու լինելութեան։  

 

Հանգիտաբար, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը եղաւ՝ «վանքը, որ դարեր ու դարեր մնացած է ընդունարան ամբողջ մեր երկրի ներքին ուժերուն, հակատարր ձգտումներուն, բիւրաւոր հոգիներուն շատ հզօր տագնապներուն։ ……  Վանքը՝ տեսակ մը խորհրդաւոր վառարան, որ իրեն կը քաշէր հոգեղէն բոլոր ճառագայթումները, խորունկէն փրթած բոլոր վերելակող ուժերը  պատրաստելու համար ինչ որ մշակոյթի հոգի կ՚անուանենք»։ 

 

 «Մեր հոգեղէնը թորեցին մեր վանքերը։ Նայեցէք անոնց ու մեր լեռներուն։ Ըսել թէ անոնք երկուքն ալ կը նային երկինք, կը ձգտին անոր, մանրանկար երկինքն են արդէն…»։ 

 

Այս տեսլականով ու այս հոգիով գործեց ու լծեց շուրջինները եւս աշխատանքի,  ստեղծելով աշխատանքի իւրօրինակ հրետանի մը, որուն լծափոկը ամուր պահեց իր ձեռքերուն մէջ ուղղութիւնն ու նպատակը չշեղելով իր հունէն։  Վարչագէտ մը, որ բծախնդրութեամբ ձգտեցաւ կատարեալին՝ պահանջկոտութեամբ եւ ճշդապահութեամբ, կարգապահութեամբ  եւ  օրինապահութեամբ անդողդոջ պահեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը։ Հետեւաբար, զարմանալի չէ նաեւ որ գործն ու վաստակը պատհականութեան  չձգուէին։ 

 

Յորդահոս այս գեղեցիկ պատկերներուն առջեւ ընթերցողը կը մղուի Վեհափառին 25-ամեայ արգասիքին առջեւ՝ մտածելու, վերլուծելու ու հիացած անոր խոյանքին ու տաղանդին փայլատակումովը, կը հաստատէ թէ ի՛նչի որ ձեռնարկած է, աւարտած է կատարելութեամբ եւ փոխակերպած՝  գեղեցկութեամբ։

 

Արժեւորում եւ Վկայութիւններ-ը երախտիքի յուշարձան մըն է՝ արժանաւորին՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառ՝ շքեղաշուք Հայրապետին ։ 

 

Բարի ե՜րթ, Սիրելի Վեհափառ, դէպի հոգեւոր նոր փայլատակումներու ու ծագումներու։

 

Սեդա  Մարկոսեան Խտըշեան

22 Օգոստոս 2022