27 September, 2022

«Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ 25-ԱՄԵԱՅ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ (1995-2020) ԱՐժԵՒՈՐՈՒՄ ԵՒ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐ»

Առաջին ակնարկով առանց դասական խորագրի այս գեղատիպ հատորը ‏(լոյս տեսած է Անթիլիաս 2021 թուականին, 642 մեծադիր էջերու վրայ տարածուած ճոխ բովանդակութեամբ մը, ազնիւ մեկենասութեամբ Տէր եւ Տիկին Կարօ եւ Սօսի Էշկիեանի (Լոս Անճելըս, Ա.Մ.Ն.)), շուտով կը բացայայտէ իր իւրայատուկ խորքն ու նպատակը, երբ Յոբելեար Հայրապետը հայ եկեղեցւոյ ժամանակակից այն մեծագոյն դէմքերէն է, որուն լուսազգեաց կերպարը իբրեւ հայ հոգեւորական եւ հայ մարդ կ՚անդրանցի ժամանակին ու միջոցին սեղմ սահմանագծումները, ստեղծելով յանկուցիչ տիեզերք մը ամբողջ, ուր որքան ալ վաւերական ըլլան տրուած վկայութիւնները, նկարագրութիւնները՝ հարազատ, գնահատումները՝ արդար ու արժան, անզօր կը մնան բացատրելու այն ուղխինահոս լոյսի ճառագայթումը, որ կը բաշխուի իբրեւ անանձնական ծառայութիւն, բարի խօսք ու գործ, իբրեւ Առաքելատիպ Հայրապետին՝ Առաքելական Ծառայութիւնը։

 

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր ընտրութենէն անմիջապէս ետք արտասանած խօսքին մէջ, «ամբողջական ու յանձնառու….» ծառայութիւնը յայտնած էր, «…նո՛յն եւ մէ՛կ եկեղեցւոյ. նո՛յն եւ մէ՛կ ազգին. նո՛յն եւ մէ՛կ հայրենիքին…»։ Խորիմաստ խօսքեր, որոնք լաւագոյնս կ՚արտայայտեն տեսլահար հոգեւորականին քահանայական, ծառայական, Հայրապետական գահակալութեան եւ ընդհանրապէս ամբողջանուէր կեանքին գոյն ու նշանակութիւն տուող խոհերն ու մտածումները, ապրումները, որոնումները, տագնապները, կեցուածքները՝ հոգեւոր, ազգային, եկեղեցական, մշակութային, քաղաքական, պահանջատիրական եւ այլաբնոյթ խաչմերուկներով։

 

Արամ Ա. Կաթողիկոս իր Հայրապետական գահակալութեան անցնող քսանհինգ տարիներու ընթացքին եղաւ մի՛շտ իր ժողովուրդին հետ եւ իր ժողովուրդին համար, հայ եկեղեցւոյ միութեան եւ ազգային միասնականութեան հոգեպարար տեսլականով ջրդեղեց հայ ժողովուրդին զաւակները, աներեր եւ անտեղիտալի պաշպանը մնալով հայ մշակոյթին, մեր հոգեմտաւոր արժէքներուն, հայ դատին ու ազգային պահանջատիրութեան, իսկ որպէս միջազգային դէմք դարձած հայ էքիւմէնիստ, անվիճելիօրէն անզուգական երեւոյթ մը հանդիսացաւ հայ իրականութեան ու միջազգային շրջանակներէ ներս հաւասարապէս։

 

Եւ այնպէս ինչպէս մեծութիւններու մասին յօդուածի մը սահմանափակ տողերով խօսիլ կարելի չէ, նոյնպէս եւ այս ուղենշային գիրքին մասին, հետեւաբար պիտի ներկայացնենք զայն, առանց գրաքննադատական յաւակնութիւններու, կարգ մը մէջբերումներով ամրագրելով մեր խօսքը։ Պարզապէս միայն անոր ամբողջական ընթերցումէն ետք մեզի համար յստակ դարձաւ, թէ իւրաքանչիւր տողին, նոյնիսկ բառ ու գիրին ետին անթեղուած՝ Վեհափառ Հայրապետին վեհաշուք եւ շքեղ կերպարն է որ կը ձեւաւորուի անխարդախ, անկեղծ, անկաշկանդ, հոգենորոգ վկայութիւններով ու հաստատումներով։ Իսկ որոշ համեմատութեամբ մը, եթէ նոյնը ըսենք նաեւ գիրքին ենթախորագիրներուն համար, ապա մնացեալը ուղեցոյցային վերնագրումներ են, յոբելենական հատորին ընդհանուր երանգապնակը հարստացնող։

 

Մանրամասնութիւններու անցնելէ առաջ յիշարժան է, թէ հատորին իրենց արժէքաւոր յօդուածներով, գրութիւններով եւ վկայութիւններով մասնակցութիւն բերած են սփիւռքահայ, հայրենի եւ օտար պետական-կառավարական բարձրաստիճան դէմքեր, մտաւորականներ, գրողներ, հոգեւորականներ, ազգային, համայնքային, միջ-եկեղեցական, միջ-կրօնական պատասխանատուներ եւ գործիչներ։

 

Գիրքին սկիզբը տեղադրուած «Պաշտօնականք»ի բաժնին մէջ տեղ գրաւած են յաջորդաբար Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահին (Զօր. Միշէլ Աուն), Հ.Հ. Նախագահին (Արմէն Սարգսեան), Հ.Հ. Վարչապետին (Նիկոլ Փաշինեան), Արցախի Հանրապետութեան Նախագահին (Բակօ Սահակեան), Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ օտար բարձրադիրք անձնաւորութիւններու չորս գրութիւնները (անգլերէն եւ ֆրանսերէն)։

 

Հատորին զանազան բաժիններուն մէջ արձանագրուած խօսքերուն շարքին, յատկանշական է Զօր. Միշէլ Աունի հետեւեալ հաստատումը (կու տանք թարգմանաբար).

 

«Քառորդ դար առաջ Արամ Ա. Կաթողիկոս ստանձնեց Հայ Ուղղափառներու Կաթողիկոսութեան պաշտօնը, եւ իր հոգեւոր դիրքին աւելցուց իր մշակոյթին, ոգեղինութեան, հաւատքի նախանձախնդրութեան ու հայրենասիրութեան փայլքը, ինք որ եկած էր յոյսին ծոցէն եւ հայ ժողովուրդի պատմական տառապանքին ձուլարանէն։ Վերոյիշեալ բոլորին կը գումարուին անոր հաւատքը քաղաքակարթութիւններու եւ կրօններու միջեւ համակեցութեան ու երկխօսութեան վերաբերեալ։ Արամ Ա. Կաթողիկոս երկխօսութեան յատուկ համաժողովներու իր երկար մասնակցութեամբ փորձառութիւն ունի, ինչ որ զինք կը դարձնէ աշխարհին ուղղուած Լիբանանի բացառիկ ուղեղձին հաւատարիմ կրողը…»։ (էջ 9)

 

Արմէն Սարգսեան իր կարգին կը հաստատէ.

 

«Ստանալով փայլուն աստվածաբանական եւ փիլիսոփայական կրթություն Մերձավոր Արեւելքի, Եվրոպայի եւ ԱՄՆ-ի հեղինակավոր դպրոցներում եւ համալսարաններում՝ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցուն Ձեր երկարատեւ հավատարիմ ծառայութեան եւ վաստակած հեղինակության շնորհիվ քառորդ դար առաջ Դուք առժանացաք Մեծի Տանն Կիլիկիո աթոռին։

 

Աթոռ, որն առաջնորդել է մեր ժողովրդի տարբեր հատվածներին նրա պատմության փառքի եւ դեգերումների ընթացքում, եւ որի վերակազմակերպման ու վերածաղկման աշխատանքներին Դուք լծվեցիք Կաթողիկոս դառնալուց անմիջապես հետո…»։ (էջ 11)

 

Յաջորդ՝ «Արժեւորումներ Եւ Վկայութիւններ» բաժինով տրուած է Վեհափառ Հայրապետին համառօտ կենսագրութիւնը, նաեւ Վարուժան Արք. Հերկելեանի ստորագրած «Ժողովուրդի՛ն Հետ, Ժողովուրդի՛ն Համար» խորագրեալ յօդուածը, ուր ի միջի այլոց յօդուածագիրը դիպուկ կերպով կ՚ընդգծէ.

 

«Վերջին 25 տարիներու ընթացքին, Անթիլիասը, այդ «փոքր պատուհանը», վերածուեցաւ ընդարձակ դարպասի մը, ուր կը մտնեն գիտնականներ եւ իրաւաբաններ, մտաւորականներ ու աստուածաբաններ, կրօնապետեր ու բարձրաստիճան հոգեւորականներ, քաղաքական գործիչներ ու պետական ներկայացուցիչներ, երիտասարդներ ու փոքրեր, հայ թէ օտար, որոնք Վեհափառ Հօր գլխաւորութեամբ ու գործօն մասնակցութեամբ, լայնածաւալ աշխատանքներ կը տանին ժողովուրդի կեանքի բարելաւման, աստուածասիրութեան խթանման, մշակոյթի ծաղկման, հոգեմտաւոր արժէքներու կենսաւորման, մայրենի լեզուի ապահովութեան, հայ դատի եւ իրաւունքներու ձեռքբերման։ Այդ դարպասէն ներս կը մտնեն մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները՝ քաջ գիտնալով որ Կաթողիկոսարանէն ներս Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին առաջնորդութեամբ, հաւատքի առաքելութիւնը եւ ազգային ծառայութիւնն է որ կը ծաւալի ժողովուրդով ու ժողովուրդի՛ն համար»։ (էջ 45)

 

Ապա տասներեք վերնագրուած տարբեր բաժիններով, «Հաւատքի Առաքելութեան Հայրապետը», «Ընկերային Ծառայութեան Առաքեալը», «Ազգային Պահանջատիրութեան Անզիջող Հայրապետը», «Մշակութային Արժէքներ Վերակենսաւորողը», «Հայակերտումի ու Ազգակերտումի Յանձնառու Ղեկավարը», «Հայաստան-Սփիւռք Գործակցութեան Ռահվիրան», «Երիտասարդութեան Պաշտպանը», «Շինարար Կաթողիկոսը», «Միջ-եկեղեցական Շարժումին Առաջնորդը», «Միջ-կրօնական Երկխօսութեան Ջատագովը», «Տագնապները Խոհեմութեամբ Դիմագրաւող Հայրապետը», «Սփիւռքի Վերակազմակերպման Յառաջատեսիլ Հայրապետը», «Մտաւորական Հայրապետը», ներկայացուած 43 յօդուածներուն ընդմէջէն պերճախօս կերպով կը պարզուին անցնող 25 տարիներուն Արամ Ա. Կաթողիկոսի բազմերես, բազմաճիւղ եւ բազմաբովանդակ լայնածաւալ գործունէութիւնները՝ Առաքելական Ծառայութիւնը։

 

Արդ, «Հայաստան-Սփիւռք Գործակցութեան Ռահվիրան» յոյժ կարեւոր բաժնին ներքեւ, Շահան Գանտահարեանի ստորագրած եւ «Աննախընթաց Նախաձեռնութիւններ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կողմէ» խորագրեալ յօդուածին մէջ կը կարդանք.

 

«Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի ամենէն թէժ օրերուն, Վեհափառ Հայրապետին նախաձեռնութեամբ եւ հրաւէրով Անթիլիասի վեհարանի դահլիճին մէջ կայացած հոգեւոր, կուսակցական եւ միութենական առումներով համասփիւռքեան կառոյցներու ներկայացուցիչներու հանդիպումը խիստ յատկանշական իրադարձութիւն է բազմաթիւ ուղղութիւններով։ Օրակարգը՝ պատերազմական ճգնաժամի համախումբ աշխատանքներ ծաւալելու հրամայականի ընկալումով պարտաւորեցնողն էր։ Եւ ճի՛շդ ժամանակին, տեղին առնուած այս քայլը փաստօրէն կը համախմբէր համասփիւռքեան գործունէութիւն եւ կառոյց ունեցող մեր իրականութեան մէջ գործող ամենէն հիմնական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները։

 

Հանդիպումը փաստօրէն ո՛չ միայն լսեց Վեհափառ Հայրապետին պատերազմական օրերուն տարած աշխատանքներուն մասին զեկոյցը, այլ նաեւ առիթ ունեցաւ անոր լոյսին տակ քննարկում կատարելու եւ առաջարկներ յղելու։ Հանդիպումը փաստօրէն վերահասու դարձաւ Արցախի թէ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին դէմքերու հետ կայացած հաղորդակցութիւններուն, հրադադարի հաստատման աշխատանքներուն, Արցախի մէջ տիրող իրավիճակին եւ այդ բոլորէն մեկնելով ձեռնարկուող աշխատանքներուն» (էջ 287-288)։

 

Կ՚արժէ անդրադառնալ նաեւ, թէ «Մտաւորական Վեհափառը» խորագրեալ յօդուածին մէջ, Նորվան Արք. Զաքարեան յատուկ կերպով կը շեշտէ.

 

«Արամ Ա. Կաթողիկոսի մշակած գրականութեան մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ յորդորական գրականութիւնը, ճառի, քարոզի տեսակը կ՚օգտագործէ, որովհետեւ իր գրականութիւնը կողմնորոշուած է դէպի դաստիարակութիւն ընդդէմ հայաթափութեան։ Ներբողի, ճառի, քարոզի տեսակը, հին հայրերը՝ ինչպէս Յովհաննէս Ոսկեբերան, Բարսեղ Կեսարացի եւ դեռ շատ ուրիշներ, կ՚օգտագործէին այս եզրը, դաստիարակչական նպատակներով։ Նոյնը կը կիրարէ Արամ Ա. Կաթողիկոս իր բացառիկ տաղանդով եւ լեզուաոճական կուռ յօրինուածքով։ Հայակերտումը, ազգակերտումը, ինքնակերտումը, հովուապետի իր դաստիարակչական մտահոգութեանց առանցքը կը կազմեն։ Անոր յորդորական գրականութիւնը կը կրէ բանալի գաղափարներ, ինչպէս‎ ծառայութիւն, առաքելութիւն, յանձնառութիւն… Արամ Ա. Կաթողիկոս կը ստեղծագործէ առհասարակ ըստ սփիւռքեան պայմաններուն։ Իր բոլոր ճառերն ու քարոզները գրուած են հարուստ բառամթերքով՝ եկեղեցական, հասարակական, գրական, մշակութային ու քաղաքական, եւ հետեւաբար՝ մեծ դեր կը կատարեն հայ ժողովուրդի պատմութեան ինքնագիտակցութեան զարգացման, ազգային-հայրենասիրական տրամադրութիւններու ձեւաւորման ու աշխուժացման մէջ»։ (էջ 493)

 

Աւելի վերջ կը տեսնենք Վեհափառ Հայրապետին մասին հայ թէ օտար տասնմէկ անձնաւորութիւններու կողմէ տրուած բազմիմաստ վկայութիւնները։ Այս գծով նախաճաշակ մը տալու համար կը մէջբերենք.

 

«Իր վեհանիստ Սուրբ Աթոռէն, Վեհափառը կը ջատագովէ ազգի ու հայրենիքի ազատութիւնը եւ աշխարհատարած հայ մարդու ինքնութեան ու պատկանելիութեան առողջ պահպանումը կը դարձնէ իր մտասեւեռումներուն կիզակէտը։ Հայկականութիւնը կը դաւանի ազգին աւիշը, հայոց պետականութեան էատարր կեցուցիչը։ Սկզբունքայնութեան մարտիկն է Վեհափառը, որ իր խօսքին կու տայ բարոյականի վեհագոյն կշիռ եւ ատո՛վ իսկ կը դառնայ ազգի՛ կրթարան՝ յանուն վաղուան սերմին հոգեմտաւոր կեանքի առողջ գոյառման՝ ի Հայաստան, յԱրցախ եւ ի սփիւռս աշխարհն…» («Ոուսուցչապետ Վեհափառը», Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, էջ 531)։

 

Միհրան Քիւրտօղլեան իր հերթին «Պատգամախօս Հայրապետը» վերնագրեալ վկայութեան մէջ արձանագրած է.

 

«…Իրաւատէրի Հայրապետական պատգամը հասաւ մինչեւ իսկ թրքական իշխանութիւններուն, երբ պաշտօնապէս Սիսի աւերակեալ Կաթողիկոսարանէն հնչեց պահանջատիրական ձայնը Վեհափառին եւ ապա Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի վերադարձը պահանջող դատական հայցը Կիլիկիոյ Հայոց Հայրապետին։

 

Դիպուկ էր բնորոշումը բարեկամի մը, որ քանի մը տարի առաջ նոր բառ մը կազմելով կը պնդէր, թէ Արամ Ա. «հայրենամարտիկ» Կաթողիկոս է, այլ խօսքով՝ հայրենիքի ու հայութեան համար մարտնչող»։ (էջ 536)

 

Յատկապէս նշանակից է Fr. Dr. K.M. George-ի ստորագրած եւ «A Visionary Ecumenical Leader» յօդուածը, կը մէջբերենք (թարգմանաբար).

 

«Որպէս ատենապետ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Կեդրոնական եւ Գործադիր Վարչութիւններուն, ան միշտ զգայուն էր տեղական եկեղեցիներուն նուրբ տրոփին հանդէպ, որոնք լայնօրէն տարածուած էին աշխարհի վրայ, բայց ան զանոնք Ե.Հ.Խ.ին մէջ համախմբեց իրենց ներկայացուցիչներուն միջոցաւ՝ ընկերակցութեան եւ ապագայի յոյսի ոգիով: Արամ Ա. կրնար նաեւ զգալ այն անապահովութիւնը, որ կը շրջապատէր հին աւանդութիւններով եւ ինքնութեամբ բնորոշուած եկեղեցիները այսպիսի համախմբումներու պարագային։

 

Արամ Ա. Կաթողիկոս կը կարդար յարափոփոխ ժամանակներու նուրբ տառերը…»։ (էջ 542)

 

Շարքը կարելի է երկարել։

 

Հատորին վերջաւորութեան տեղադրուած են շնորհաբաշխ Վեհին կատարած լայնածիր այցելութիւնները, հանդիպումները եւ տուած դասախօսութիւնները։

 

Անտարկոյս որ բացառիկ բծախնդրութեամբ եւ լրջագոյն յանձնառութեամբ խմբագրուած ու հրատարակութեան պատրաստուած այս հատորը ունի իր խմբագրական կազմը, որուն մաս կը կազմեն՝ Գերշ. Տ. Վարուժան Արք. Հերկելեան, Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան, Օրդ. Արտեմիս Հացագործեան, Տիար Վիգէն Աւագեան, Տիար Շահան Գանտահարեան։

 

Այսքանը բովանդակութեան մասին։

 

Ամփոփելով. առանց աւանդական խորագրի, սակայն շուտով խորագոյն նշանակութիւն ու պատգամ դրսեւորող եւ պատկառելի հատորի մը ենթադրած չափորոշիչները ամբողջացուցած, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի բազմակողմանի հարուստ կենսափորձին, ապագայատեսիլ աշխարհայեացք-մտածողութեան, կենդանի խօսքին առինքնող արձագանգներով եւ ներգործող անհատականութեան հիանալի շիթերով յագեցած, Սփիւռքի, Հայաստանի թէ Արցախի երբեմն անհակաշռելի, յաճախ ցաւոտ, անորոշութեամբ թաթաւուն, նոյնիսկ անըմբռնելի դէպքերուն եւ յարակից դժուարութիւններուն ամենէն տագնապալի ծալքերուն մէջ անգամ յոյսի նշոյլներ ցայտող եւ մեծ թիւով վաստակաշատ գրողներ համախմբող այս ծանրակշիռ երկը, իր տեսակին մէջ եւ տուեալ ժամանակահատուածին համար՝ բառին ամբողջական իմաստով խիստ կարեւոր փաստաթուղթ մը կը ներկայացնէ, եւ մեր կարծիքով միանշանակ կրնայ իբրեւ վաւերական մատեան ծառայել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նշուած 25 տարիներու անխախտ ու անխոցելի հեղինակութեան, յաղթապանծ նուաճումներուն մասին, եւ տակաւին յոբելենական այս հատորին բաղկացուցիչ հմայքը կը հանդիսանայ որակական լուրջ ոստումը դէպի համայնականը, նոյնիսկ դէպի համամարդկայինը, ուր իւրաքանչիւր ընթերցող ուր որ ալ ըլլայ, ժամանակի եւ միջոցի որ ոլորտին մէջ ալ գտնուի, այստեղ անպայման պիտի տեսնէ ի՛ր ինքնութիւնն ու դիմագիծը, պիտի գտնէ գիտակցական յղացքով կենսաւորուած ի՛ր ապրումները, ի՛ր երազանքները՝ յարանուաճ յաղթանակներու տեսիլքով գօտեպնդուած…։

 

 

ՀՈՒՐԻ ԱԶԷԶԵԱՆ

 

Հալէպ, 2022