«ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅՆԱՑՈՒՄԸ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ» ՆԻՒԹԻՆ ՇՈՒՐՋ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ՝ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԿՈՂՄԷ

Երեքշաբթի, 30 Յունուար 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Տուպայի մէջ անգլերէն լեզուով դասախօսութիւն մը տուաւ «Համաշխարհայնացումը եւ Հայ Երիտասարդը» (The Globalization and the Armenian Youth) նիւթին շուրջ:   Բացման խօսքը կատարեց Ռոզալին Թաշճեան: Իր խօսքին մէջ ան ըսաւ, որ Վեհափառ Հայրապետին առաջարկած նիւթը այժմէական է, որովհետեւ ներկայ աշխարհը բոլորովին տարբեր իրականութիւններով ու տագնապներով կը ներկայանայ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ ՏՈՒՊԱՅԻ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՀԻՒՊԱՏՈՍԱՐԱՆ

Երկուշաբթի, 29 Յունուար 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Տուպայի լիբանանեան հիւպատոսարանը, ուր դիմաւորուեցաւ հիւպատոս Ասսաֆ Տումաթի եւ հիւպատոսարանի անձնակազմին կողմէ: Հանդիպման ընթացքին Նորին Սրբութեան կողքին ներկայ էին Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի Եւ Շրջակային հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան, թեմին մէջ ծառայող հոգեւորականները, Սուրբ Աթոռիս Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի համա-ատենապետ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԱՊՈՒ ՏԱՊԻԻ, ՏՈՒՊԱՅԻ ԵՒ ՇԱՐԺԱՅԻ ՄԷՋ ՅԱՋՈՐԴԱԲԱՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՒ ԹԵՄԱԿԱՆ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

«ՍՓԻՒՌՔԻ ԳԱՂՈՒԹՆԵՐՈՒՆ ՎԵՐԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒՄԸ ԱՆՅԵՏԱՁԳԵԼԻ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆ Է» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ   Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի Եւ Շրջակայից Հայոց Թեմին շնորհած իր hովուապետական այցելութեան ծիրէն ներս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ապու Տապիի, Տուպայի եւ Շարժայի մէջ յաջորդաբար հանդիպումներ ունեցաւ թեմական կառոյցներուն հետ:   Առաջին հանդիպումը կայացաւ Ապու Տապիի մէջ, ներկայութեամբ թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ…

ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑԻ-ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ 20-ՐԴ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Երկուշաբթի, 22 Յունուար–Ուրբաթ, 26 Յունուար 2024, Հռոմի մէջ, Վատիկանի Միջ-եկեղեցական Յարաբերութիւններու Բաժանմունքին հիւրընկալութեամբ, գումարուեցաւ Կաթողիկէ Եկեղեցի-Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու Ընտանիք Աստուածաբանական Երկխօսութեան 20-րդ ժողովը։   Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ այս հանդիպումին մասնակցեցան Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան եւ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան։   Ժողովին օրակարգը Մարեմաբանութիւնն էր, որուն շուրջ…

ՆՈՐԻՆ ՍՐԲՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՏԳԱՄԵՑ ՇԱՐԺԱՅԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

«ՀԵՏԵՒԻԼ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ ՄԱՍՆԱԿԻՑ ԴԱՌՆԱԼ ԻՐ ԽՈՐՀՐԴԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆԻՆ՝ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԿԵԱՆՔԻՆ ՈՒ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ   Կիրակի, 28 Յունուար 2024-ին, Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատոյց Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց (Ա.Մ.Է.), Քաթարի Եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան:   Ս.…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ ՕՀԱՆՆԷՍԵԱՆ ԱԶԳ. ՄԻՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆ

Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց (Ա.Մ.Է.), Քաթարի Եւ Շրջակայից Հայոց Թեմին հովուապետական այցելութեան շրջագիծէն ներս, Շաբաթ, 27 Յունուար 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Շարժայի Օհաննէսեան ազգային միօրեայ վարժարանը, ուր դիմաւորուեցաւ տնօրէնութեան, հոգաբարձութեան, ուսուցչական կազմին եւ վարժարանի փոքրիկ աշակերտներուն կողմէ։ Այցելութեան Հայրապետին կողքին ներկայ էին թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան, Գերշ. Տ. Օշական Արք.…

ՀԱՄԵՐԱՇԽՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԻ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹԸ՝ Ի ՊԱՏԻՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Ուրբաթ, 26 Յունուար 2024-ին, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց համերաշխութեան եւ կրթութեան նախարար Շէյխ Նահեան Պըն Մուպարաք Ալ-Նահեան ճաշկերոյթ մը սարքեց ի պատիւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։ Ճաշկերոյթին ներկայ էին Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի Եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան, Ս. Աթոռոյս Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի համա-ատենապետ Գրիգոր Մահսերէճեան, թեմի ազգային…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ Ի ՊԱՏԻՒ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ ԱՄԷ-Ի ՄՕՏ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ԵՒ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ԳՈՐԾԱՏԷՐԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

«ԹԱՓԱՆՑԻԿՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՀԱՇՈՒԵՏՈՒՈՒԹԻՒՆԸ ՄՂԻՉ ՈՅԺ ՊԷՏՔ Է ԴԱՌՆԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ   Հինգշաբթի, 25 Յունուար 2024-ին, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մօտ Լիբանանի դեսպան Ֆուատ Շհապ Տանտանի եւ լիբանանեան համայնքի գործատէրերու խորհուրդի միացեալ կազմակերպութեամբ, ի պատիւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին տրուած ճաշկերոյթին ներկայ էին շուրջ 150 անձեր։ Իր բարի գալստեան խօսքին մէջ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՆԴԻՊԵՑԱՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ԷՄԻՐՈՒԹԵԱՆՑ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ

Երեքշաբթի, 23 Յունուար 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը երկար հանդիպում մը ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց արտաքին գործոց նախարար Շէյխ Ապտալլահ Պըն Զայէտ Ալ Նահեանի հետ։ Հանդիպումը կայացաւ նախարարին բնակարանին մէջ: Նախարարը իր կողքին ունէր պետական նախարարուհի Նուրա Պընթ Մուհամմետ Ալ Քաապի:   Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր ակնարկ մը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆԵՐԸ

Չորեքշաբթի, 24 Յունուար 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը յաջորդաբար այցելեց Լիբանանի եւ Հայաստանի դեսպանատուները՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մայրաքաղաք Ապու Տապիի մէջ:   Նորին Սրբութիւնը նախ այցելեց Լիբանանի դեսպանատուն, ուր դիմաւորուեցաւ դեսպան Ֆուատ Շհապ Տանտանի եւ դեսպանատան անձնակազմին կողմէ։ Դեսպանատան մէջ ներկայ էին Ապու Տապի հաստատուած հայ եւ լիբանանցի անձնաւորութիւններ։   Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադարձ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐ ՊԱՏԳԱՄԸ ՈՒՂՂԵՑ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԱՊՈՒ ՏԱՊԻԻ ՍՐԲՈՑ ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմին շնորհած իր հովուապետական այցելութեան երկրորդ օրը՝ Երեքշաբթի, 23 Յունուար 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը այցելեց թեմի առաջնորդանիստ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցի, ուր կանոնական աղօթք կատարեց եւ իր Հայրապետական պատգամը ուղղեց ժողովուրդին։   Նորին Սրբութիւնը եկեղեցւոյ մուտքին դիմաւորուեցաւ թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեանի, Քուէյթի եւ Շրջակայից…

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԻՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, 22 Յունուար 2024-ին, Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան Վատիկանի մէջ հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար՝ Բիեթրօ Բարոլին Քարտինալին հետ։ Յատուկ օրակարգի նիւթ դարձաւ Լիբանանը դիմագրաւող ներկայ դժուարութիւնները։ Այս ծիրէն ներս Նարեկ Արք. Քարտինալին փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետին կարգ մը մտահոգութիգնները ու պատկերացումները։ Ան նաեւ յայտնեց, որ Լիբանանը դիմագրաւող հարցերուն գծով Նորին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐ ԽՕՍՔԸ ՈՒՂՂԵՑ ԾՈՑԻ ՇՐՋԱՆԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

Ապու Տապի այցելութեան իր առաջին օրը՝ Երկուշաբթի, 22 Յունուար 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքը ուղղեց Ապու Տապիի մէջ գումարուող Ծոցի շրջանի եկեղեցիներու խորհուրդի համագումարին:   Համագումարի կեդրոնավայրին մէջ պաշտօնական ընդունելութենէ ետք, Ծոցի եկեղեցիներու խորհուրդի ատենապետ Մակարիոս Արքեպիսկոպոսը ողջունեց Վեհափառ Հայրապետին այցելութիւնը: Ան ըսաւ, թէ Վեհափառ Հայրապետը աւելի քան 50 տարիներ ո՛չ միայն…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՄԲ ԺԱՄԱՆԵՑ ԱՊՈՒ ՏԱՊԻ (ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ԷՄԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ)

2023 տարուան ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ձեռնարկեց հովուապետական այցելութիւններու՝ նպատակ ունենալով ըլլալ մեր ժողովուրդին հետ, իրազեկ դառնալ գաղութներէն ներս տարուող վարչակազմակերպչական աշխատանքներուն եւ գաղութներու վերակազմակերպան աշխատանքներու գծով փոխանցել իր թելադրութիւնները։   Արդարեւ, Կիրակի, 21 Յունուար 2024-ին, Արամ Ա. Կաթողիկոս հովուապետական այցելութեամբ ժամանեց Ապու Տապի (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ)։ Տասը օրուան այս այցելութիւնը պիտի ընդգրկէ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ ԿԸ ՀԱՆԴԻՊԻ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՀԵՏ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Հինգշաբթի, 18 Յունուար 2024-ին, Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան Վատիկանի մէջ տեսակցեցաւ Վատիկանի Միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու բաժանմունքի նախագահ՝ Քուրթ Քոխ Կարտինալին հետ եւ քննարկեց միջ-եկեղեցական շարժումին կապուած ընդհանուր հարցեր։ Ապա, խօսակցութիւնը կեդրոնացաւ Վատիկանի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան սերտ յարաբերութիւններուն վրայ, որուն մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէ Կաթողիկէ եկեղեցի-Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ «ԿԻԼԻԿԻԱ ՎԵՐԼՈՒԾԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ»Ը ԱՒԱՐՏԵՑ ԻՐ ԵՐԿՕՐԵԱՅ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նախաձեռնութեամբ եւ նախագահութեամբ գումարուած «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի երկօրեայ նիստերը (19-20 Յունիւար 2024) հասան իրենց աւարտին։   Առկայ հարթակը, որ մինչ այժմ ունեցած է առցանց եօթը նիստեր, ներառած էր հայկական առումով ընդլայնուած աշխարհագրութիւն. արդարեւ, Հայաստանէն, Արցախէն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, հարաւային Ամերիկայէն, Զուիցերիայէն, Ֆրանսայէն եւ Լիբանանէն պատմաբաններ, իրաւագէտներ եւ քաղաքագէտներ երկօրեայ նիստերով…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ԸՆԹԱՑՔ ԱՌԱՒ «ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԸ ԵՒ ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԵՐՋԻՆ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ» ԹԵՄԱՅՈՎ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԸ

Օրհնութեամբ եւ նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսին, Ուրբաթ, 19 Յունուար 2024-ի, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ ընթացք առաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Վերլուծման Եւ Իրազեկման Հարթակին (Վ.Ի.Հ.) «Հայկական Աշխարհը Եւ Տարածաշրջանային Վերջին Իրադարձութիւնները» խորագրով խորհրդաժողովը։   Երկօրեայ խորհրդաժողովը պիտի քննարկէ Ազրպէյճանի ոչնչացման քաղաքականութիւնը դիմակայելու, արցախահայութեան եւ ռազմագերիներու ու առեւանգուած ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան տուն դարձի, տարածաշրջանային քաղաքական իրադարձութիւններու…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՔԱԹԱՐԻ ԴԵՍՊԱՆՆԵՐԸ

Անթիլիասի Մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին յաջորդաբար այցելեցին Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան եւ Քաթարի մօտ Լիբանանի Հանրապետութեան դեսպանուհի Ֆարահ Պըրրի։   Դեսպան Աթաբէկեանի հետ կայացած հանդիպման խօսակցութեան առանցքը դարձան Հայրենիքը դիմագրաւող մարտահրաւէրները, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները եւ ընդհանրապէս տարածաշրջանը յուզող հարցերը։   Հայրապետը եւ դեսպանուհի Պըրրի անդրադարձան անցնող շաբթուան ընթացքին…

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԵՒ ԱՖՐԱՄ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՄԻՋԵՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ՝ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Հինգշաբթի, 18 Յունուար 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ պետ Ն.Ս. Աֆրամ Բ. Պատրիարքին միջեւ հանդիպում մը կայացաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։ Հանդիպումին Պատրիարքին կողքին ներկայ էին Պէյրութի առաջնորդ Դանիէլ Արք. Քուրիէն եւ Պատրիարքի օգնական Ժոզեֆ Եպս. Պալին. իսկ Հայրապետին կողքին՝ Մայր Տաճարի լուսարարապետ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան եւ «Կիլիկիա» մատենադարանի…

ԱՆԹԻԼԻԱՍ ԿԸ ԺԱՄԱՆԵՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ, ԱՐՑԱԽԷՆ ԵՒ ՍՓԻՒՌՔԷՆ ՓՈՐՁԱԳԻՏԱԿԱՆ ՄԱՐԴՈՒԺԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐ

Օրհնութեամբ Սուրբ Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսին, Ուրբաթ 19 եւ Շաբաթ 20 Յունուար 2024-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Հայկական Աշխարհը Եւ Տարածաշրջանային Վերջին Իրադարձութիւնները» թեմայով խորհրդաժողով։ Այս առիթով, Վեհափառ Հայրապետին հրաւէրով Անթիլիաս կը ժամանեն Հայաստանէն, Արցախէն, Միացեալ Նահանգներէն, հարաւային Ամերիկայէն, Ֆրանսայէն եւ Զուիցերիայէն պատմագէտներ, իրաւագէտներ եւ քաղաքագէտներ։   Մեծի Տանն Կիլիկիոյ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԱՊԱԿԱՆ ՆՈՒԻՐԱԿԸ

Երկուշաբթի, 15 Յունուար 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ պապական նուիրակ Փաուլօ Պորճիա եպիսկոպոսին։   Եպիսկոպոսը Ֆրանսիս Պապին եւ Վատիկանի միջ-եկեղեցական բաժանմունքի նախագահ քարտինալ Քոխին կողմէ երկու նամակներ յանձնեց Վեհափառ Հայրապետին։   Նորին Ս. Օծութեան եւ պապական նուիրակին միջեւ կայացած հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ տեսակէտներ փոխանակելու Լիբանանի կացութեան եւ յատկապէս նախագահական ընտրութեան…

«ՄԱՐԴՈՒԺԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԻ»ԻՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՀՌՉԱԿԱԳԻՐԸ ԸՆԹԵՐՑՈՒԵՑԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը 2003 թուականէն սկսեալ իւրաքանչիւր տարին կը ձօնէ մեր համահայկական կեանքին հետ անմիջական աղերս ունեցող երեւոյթի մը, դէպքի մը, դէմքի մը կամ յոբելեանի մը։ 2024 տարին Նորին Սրբութիւնը Հայրապետական յատուկ գիրով հռչակեց ՄԱՐԴՈՒԺԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԻ։ Իւրաքանչիւր տարուան Հայրապետական հռչակագիրը յատուկ հանդիսաւորութեամբ կ՚ընթերցուի մեր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, որպէսզի մեր ժողովուրդի զաւակներուն ուշադրութիւնը…

ՄԱՐԴՈՒԺԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԻ 2024

Պ Ա Տ Գ Ա Մ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱ­ԹՈ­ՂԻ­ԿՈՍԻ ՄԵ­ԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻ­ԼԻԿ­ԻՈՅ   Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թեմակալ Առաջնորդներուն, Հոգեւոր Դասուն, Ազգային Իշխանութեանց, եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն   2024 տարուան սեմին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն հայրական սիրով, հայրապետական օրհ­նութեամբ եւ ազգային վառ ապրումներով կ’ողջունենք մեր ժո­ղո­վուրդի սիրելի զաւակները։ Կ’ողջունենք յատկապէս մեր Թեմակալ…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՈՒՆԵՑԱԾ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ ՔԱԹԱՐԻ ՄԷՋ

Պետական հրաւէրով կարճատեւ այցելութեամբ Տոհա (Քաթար) իր կեցութեան ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց Լիբանանի ու Հայաստանի դեսպանատուները: Ան իր բարձր գնահատանքը յայտնեց դեսպանատուներուն կատարած աշխատանքներուն: Այս այցելութիւնները առիթ հանդիսացան անդրադարձ կատարելու տուեալ երկրին առնչուած հարցերուն:   Ապա, ընդառաջելով Անգլիոյ մօտ Քաթարի դեսպան Ֆահըտ Պըն Աթիէի հրաւէրին, Հայրապետը անոր ճաշի հիւրը եղաւ: Յայտնենք, որ դեսպանը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ՔԱԹԱՐԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ ՀԵՏ

Չորեքշաբթի, 10 Յունուար 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը վարչապետարանին մէջ շուրջ մէկ ժամ հանդիպում ունեցաւ Քաթարի վարչապետ Մուհամմէտ Պըն Ապտ Ալ-Ռահման Պըն Ճասէմ Ալ-Սանիի հետ, ներկայութեամբ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Քաթարի եւ Շրջակայից Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեանի, Քաթարի մօտ Լիբանանի հիւպատոս Շանթ Վարդանեանի, Թեմի Երեսփոխանական Ժողովի ատենապետ Վարուժան Ներկիզեանի, Ս. Աթոռիս Ազգային…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԺԱՄԱՆԵՑ ՔԱԹԱՐ

Երեքշաբթի, 9 Յունուար 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, պետական յատուկ հրաւէրով ժամանեց Տոհա (Քաթար): Նորին Ս. Օծութիւնը օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութեան պատասխանատուներուն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Քաթարի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեանի, Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի համա-ատենապետ Գրիգոր Մահսերէճեանի, Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի ատենապետ Վարուժան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ՔԱԹԱՐ՝
ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՒԷՐՈՎ

Երեքշաբթի, 9 Յունուար 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս մեկնեցաւ Տոհա (Քաթար)՝ պետութեան հրաւէրով: Եռօրեայ այցելութեան ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետը հանդիպումներ պիտի ունենայ պետական պատասխանատուներու, ինչպէս նաեւ Քաթարի հայ գաղութին հետ:   Յիշեալ այցելութեան ընթացքին, Նորին Ս. Օծութեան ընկերացող պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ Շրջակայից Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան, Հայկական…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԿԱԶԱՅԻ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

Ուրբաթ, 29 Դեկտեմբեր 2023-ին, Լիբանանի մշակոյթի նախարարութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպանատան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ Կազայի նուիրուած համագումար մը՝ «Սուրբ Կոյս Մարիամի Արցունքը Եւ Կազայի Աղէտը» խորագրեալ: Այս առիթով, Իրանի Հանրապետութեան նախագահ Իպրահիմ Ռաիսիի տիկինը՝ Ճամիլա Ալմ Ալ-Հուտա, որ միաժամանակ Թեհրանի համալսարանի իսլամական բարոյագիտութեան դասախօս է, Լիբանանի մշակոյթի նախարարութեան յատուկ հրաւէրով, իր մասնակցութիւնը բերաւ այս…

ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆՈՂ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Կիրակի, 7 Յունուար 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Ռայի Պատրիարքը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին պատրիարքական փոխանորդ Փօլ Արք. Սայյահը, Պատրիարքարանի երիտասարդաց բաժանմունքի պատասխանատու Ճորճ Վրդ. Եարան եւ Պատրիարքարանի տնօրէն Ուալիտ Ղայատը:   Սուրբ ծննդեան շնորհաւորանքին առընթեր, քննարկուեցան Լիբանանի նախագահական ընտրութեան առնչուած հարցեր: Այս գծով, պատուրիակութիւնը Նորին Սրբութեան փոխանցեց Ռայի Պատրիարքին…

ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳ ՄԱՏՈՒՑԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Շաբաթ, 6 Յունուար 2024-ին, հայ եկեղեցին նշեց Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան, Աստուածայայտնութեան եւ մկրտութեան տօները: Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Ս. Ծննդեան Պատարագը մատոյց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետը։   Վեհափառ Հայրապետին կողքին առընթերակայ եպիսկոպոսներն էին Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Արեէմէզեան եւ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան։ Ս. Պատարագին երգեցողութիւնը կատարեց Կաթողիկոսարանի «Նարեկացի»…

ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ՃՐԱԳԱԼՈՅՑԻ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 5 Յունուար 2024-ի երեկոյեան, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, մատուցուեցաւ մեր Տէր եւ Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան Ճրագալոյցի Ս. եւ Անմահ Պատարագը։   Ս. Պատարագի աւարտին, Մայր Տաճարի լուսարարապետ Գերաշնորհ Տէր Կոմիտաս Արքեպիսկոպոս Օհանեան Ս. Խորանէն վար բերաւ Քրիստոսի լոյսը խորհրդանշող մոմը եւ յանձնեց…

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 5 Յունուար 2024-ին, Լիբանանի վարչապետ Նաժիպ Միքաթի այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ շուրջ մէկ ժամ հանդիպում ունեցաւ Նորին Սրբութեան հետ:   Բնականաբար, հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Լիբանանի հետ անմիջական կապ ունեցող հարցեր եւ յատկապէս Կազայի պատերազմին հետեւանքները ու Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը:   Վարչապետ Միքաթի կարեւորութեամբ շեշտեց Լիբանանի հայութեան դրական դերակատարութիւնը երկիրը դիմագրաւող տագնապներու…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Հինգշաբթի, 4 Յունուար 2024-ի առաւօտեան, Անթիլիասի իր գրասենեակին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մօտ Ֆրանսայի նորանշանակ դեսպան Հերվէ Մակրոն։     Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ քննարկելու Լիբանանի նախագահական ընտրութեան, Իսրայէլի կողմէ Կազայի դէմ շղթայազերծուած պատերազմին եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի ու յատկապէս Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դերակատարութեան առնչուած հարցեր, որոնց շուրջ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

ԲԵԹՂԵՀԷՄԸ ՀՐԱՒէՐ՝ ԴԱՌՆԱԼՈՒ ՔՐԻՍՏՈՍԻՆ     Աստուածաշունչին համաձայն, Ադամն ու Եւան մեղանչեցին, որովհետեւ անհնազանդ գտնուեցան Աստուծոյ պատուէրին, դաւաճանեցին իրենց կոչումին, եղծեցին իրենց Աստուածային պատկերը եւ աքսորուեցան դրախտէն: Մարդուն դրախտէն արտաքսումը, որոշ իմաստով, պայմանաւորեց Աստուածային յայտնութեան շեշտաւորումը եւ ուղղութիւնը: Այլ խօսքով, հակառակ մարդու մեղանչումին, Աստուած չհեռացաւ մարդէն: Աստուծոյ յայտնութեան աղբիւրը, Աստուածաշունչը կը պարզէ, թէ զանազան դէպքերու…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ 2024 ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՆՈՐ ՌԱԶՄԱՎԱՐՈՒԹԵԱՄԲ ԵՒ ԱՄՈՒՐ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՄԲ ԴԻՄԱՒՈՐԵՆՔ ՆՈՐ ՏԱՐԻՆ   Շուտով 2023 տարին կը դառնայ անցեալ ու մեր կեանքի հորիզոնին դիմաց կը բացուի Նոր Տարին: Արդարեւ, ահաւոր յուսահատութեամբ ու խոր յուսախաբութեամբ լեցուն եղաւ անցնող տարին մեր ազգի կեանքին մէջ: Կ՚ապրինք աննախատեսելի վտանգներով լեցուն ժամանակներու մէջ: Կը խարխափենք անորոշութեան մէջ: Մեր պատմութեան անցեալի ու ներկայի դառն…