ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
Ուրբաթ, 5 Յունուար 2024-ին, Լիբանանի վարչապետ Նաժիպ Միքաթի այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ շուրջ մէկ ժամ հանդիպում ունեցաւ Նորին Սրբութեան հետ: Բնականաբար, հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Լիբանանի հետ անմիջական կապ ունեցող հարցեր եւ յատկապէս Կազայի պատերազմին հետեւանքները ու Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը: Վարչապետ Միքաթի կարեւորութեամբ շեշտեց Լիբանանի հայութեան դրական դերակատարութիւնը երկիրը դիմագրաւող տագնապներու…