ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԵՒ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆՑ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐԸ ԶՐՈՅՑ ՈՒՆԵՑԱՆ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՀԵՏ

«Սփիւռքի Տարի» հռչակման առնչուած աշխատանքներու ծիրին մէջ, Շաբաթ, 30 Յուլիս 2022-ին, լիբանանահայ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններէն աւելի քան 80 երիտասարդներ հաւաքուած էին Ս. Աստուածածին Վանքի համալիրէն (Պիքֆայա) ներս գտնուող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի սրահին մէջ, մասնակցելու համար Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետին հովանաւորութեամբ Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան կազմակերպած «Սփիւռքահայ Երիտասարդը՝ Այսօր եւ Վաղը»…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՓԱՔԻՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԻՆ

Հինգշաբթի, 28 Յուլիս 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Փաքիստանի դեսպան Սըլման Աթհարին, ընկերակցութեամբ դեսպանատան քաղաքական պատասխանատուներուն:   Նորին Ս. Օծութիւնը անհրաժեշտ տեղեկութիւններ փոխանցեց նորանշանակ դեսպանին նախ Լիբանանի ներքին կացութեան առնչուած խնդիրներուն ու մտահոգութիւններուն ու ապա Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համազգային առաքելութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի մեր ժողովուրդի իրաւունքներուն մասին: Ընդառաջելով դեսպանին փափաքին,…

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԾՐԱԳԻՐ 2»Ի ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Ուրբաթ, 22 Յուլիս 2022-ի առաւօտուն, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան հովանաւորութիւնը վայելող «Ամառնային ծրագիր 2» աշակերտները այցելեցին Ս. Աստուածածին Վանք (Պիքֆայա) եւ ստացան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հայրական օրհնութիւնը։ Աշակերտներուն կ՚ընկերանային Շրջանային Վարչութեան անդամներ եւ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու ատենապետը։ Վեհափառ Հայրապետը ծանօթացաւ «Ամառնային Ծրագիր 2»ի աշխատանքներուն, որմէ ետք աշակերտները մտերմիկ զրոյց մը ունեցան Վեհափառ Հայրապետին…

ՊԱՅԾԱՌԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին եւ Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքի Մատրան մէջ, Կիրակի, 24 Յուլիս 2022-ին, նշուեցաւ հայ եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներէն երրորդը՝ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան (Այլակերպութեան) յիշատակը։ Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ Ս. եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց…

ՆՈՐ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐՈՒ ԴԻՄԱՑ

Սոյն գրութիւնը խտացումն է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի փակման խօսքին, արտասանուած Լիբանանի հայոց Ազգ. Առաջնորդարանին կողմէ կազմակերպուած Հայրապետական գահակալութեան 27-ամեակի նշման առթիւ, 2 Յուլիս 2022-ին։   Գոհութիւն եւ փառք կու տամ Աստուծոյ, որ զիս արժանի նկատեց որպէս Կաթողիկոս ծառայելու հայ  եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին։   Իմ ջերմ շնորհակալութիւնս մեր ժողովուրդին, որ զիս հրաւիրեց Մեծի Տանն…

ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ 80 ՊԱՏԱՆԻՆԵՐ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՆ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ «ԿԻԼԻԿԻԱ» ԲԱՆԱԿՈՒՄԻՆ

«Կիլիկիա» բանակումը, 7-9 Յուլիս 2022-ին, «Թռչնոց Բոյն»ի մէջ համախմբեց 10-14 տարեկան 80 պատանիներ, որոնք դաստիարակչական ծրագիրներու ճամբով հաճելի մթնոլորտի մը մէջ անմոռանալի օրեր անցուցին։ Բանակումը կայացաւ օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետին եւ կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին։   Չորս խումբերու բաժնուած պատանիները՝ Գլաձոր, Դրազարկ, Արմաշ եւ Աղթամար, աղօթքի, շարականի եւ հայրենասիրական երգերու ուսուցումներու,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ

Երեքշաբթի, 12 Յուլիս 2022-ին, Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան Վատիկան այցելեց եւ յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին հանդիպումներ ունեցաւ բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ։ Սրբազանը նախ տեսակցեցաւ Միջ-եկեղեցական Յարաբերութիւններու Բաժանմունքի ընդհանուր քարտուղար՝ Պրայըն Ֆերրըլ եպիսկոպոսին հետ եւ քննարկեց Կաթոլիկ Եկեղեցին եւ Հայ Եկեղեցին ու Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիները շահագրգռող միջ-եկեղեցական հարցեր։ Յայտնենք, թէ Միջ-եկեղեցական Յարաբերութիւններու Բաժանմունքի նախագահ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ ՍՐԲԱԼՈՅՍ ՄԻՒՌՈՆԻ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ (2022)

«ԹՈՂ ՍՐԲԱԼՈՅՍ ՄԻՒՌՈՆԸ ՀԱՄԱԽՄԲԷ ՄԵՐ ԶԱՒԱԿՆԵՐԸ՝ ՄԷԿ ԱԶԳԻ ՈՒ ՄԷԿ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՇՈՒՐՋ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետ   Սոյն գրութիւնը խտացումն է Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան առթիւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի պատգամին, Անթիլիասի Մայրավանքի շրջափակին մէջ, Ուրբաթ, 1 Յուլիս 2022-ին։   Սա խորհրդալից պահուն, Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեամբ պայծառակերպուած Անթիլիասի Մայրավանքէն կ’ողջունեմ մեր ժողովուրդի աշխարհացրիւ զաւակները…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Ռ.Ա.Կ.Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՏԵՆԱՊԵՏԸ

Հինգշաբթի, 7 Յուլիս 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան (Ռ.Ա.Կ.) Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Մայք Խարապեանը, ընկերակցութեամբ յիշեալ Վարչութեան անդամ եւ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ տոքթ. Աւետիս Տագէսեանի:   Հանդիպման առանցքը հանդիսացան մասնաւորաբար Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնը եւ Սփիւռքի վերակազմակերպումը՝ Վեհափառ Հայրապետին հռչակած «Սփիւռքի Տարի»ին լոյսին տակ: Հայրապետը դարձեալ կարեւորութեամբ յիշեցուց Ռ.Ա.Կ.ի պատասխանատուներուն կուսակցութեան…

ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Հինգշաբթի, 7 Յուլիս 2022-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը (Ե.Հ.Խ.) եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդը (Մ.Ա.Ե.Խ.) ներկայացնող պատուիրակթիւն մը, գլխաւորութեամբ յիշեալ խորհուրդներու ընդհանուր քարտուղարներուն: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին նաեւ խորհուրդներուն մէջ գործող բարձրաստիճան պատասխանատուներ:   Այցելութեան նպատակն էր Վեհափառ Հայրապետին հետ խորհրդակցիլ միջ-եկեղեցական բնոյթ ունեցող կարգ մը հարցերու…

Ռ.Ա.Կ.Ի ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՏԵՆԱՊԵՏԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Չորեքշաբթի, 6 Յուլիս 2022-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ ընդունեց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան (Ռ.Ա.Կ.) Գերագոյն Խորհուրդի ատենապետ դոկտ. Հրաչ Գույումճեանը:   Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ զրուցելու մեր ժողովուրդը յուզող այժմէական հարցերու շուրջ: Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց մեր ժողովուրդին միասնականութիւնը ամրապնդելու հրամայականը՝ Հայաստանը, Արցախն ու Սփիւռքը դիմագրաւող տագնապներու լոյսին տակ: Այս ծիրէն ներս, Նորին Ս. Օծութիւնը…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ԿԱՅԱՑԱՒ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԸ

Երկուշաբթի, 4 եւ Երեքշաբթի, 5 Յուլիս 2022-ին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին, Հայրապետանիստ Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանի դահլիճին եւ Կիլիկիա թանգարանի սրահին մէջ կայացաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանական Ընդհանուր Ժողովը։   Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ ու միաբան հայրերու մասնակցութեամբ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցած ժամերգութեան աւարտին, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ անցնող տարիներուն Կիլիկեան…

ՀՈԳԵՄՏԱՒՈՐ ԿԵԴՐՈՆ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ 91-ՐԴ ՀՈՒՆՁՔԸ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը, տարագրութենէն 91 տարիներ ետք, տակաւին կը շարունակէ իր եկեղեցանուէր եւ ազգանուէր ծառայութիւնը։ Առ այդ, Դպրեվանքը 2021-2022 կրթական-ուսումնական տարեշրջանը բոլորեց ընծայաբերելով դպիրներ, կիսասարկաւագներ, սարկաւագներ եւ նուիրեալ երեք կուսակրօն քահանաներ։   Կիրակի, 3 Յուլիս 2022-ի երեկոյեան, Պիֆքայայի Ս. Աստուածածնի Վանքին մէջ բարձրացած Եղեռնի Նահատակաց յուշարձանին լանջերուն եւ Սարդարապատի հերոսամարտի յուշահամալիրին կրկնապատկերին կողքին,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌԻՆ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ 25-ԱՄԵԱԿԻ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՆՇՈՒՄ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանին, Շաբաթ, 2 Յուլիս 2022-ի երեկոյեան ժամը 07:30-ին, Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Վեհափառ Կաթողիկոսին գահակալութեան 25 ամեակին (2020-ին համավարակին պատճառով կարելի չէր եղած նշել Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան 25 ամեակը) նուիրուած ձեռնարկ` ներկայութեան Լիբանանի եւ Սփիւռքի տարածքին գտնուող թեմակալ առաջնորդներու,…

ԵՐԵՔ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆՑ ՎԵՐԻՆ ՄԱՐՄԻՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑԻՆ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ 27 ԱՄԵԱԿԸ

Կիրակի, 3 Յուլիս 2022-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ մեծ շուքով նշուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ազգընտիր Հայրապետին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսին գահակալութեան 27 ամեակը։   Կաթողիկոսարանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Ս. եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին, Հայրապետական Մաղթանքի ճամբով, միաբան հայրեր եւ ժողովուրդ միասնաբար աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած, որ անսասան եւ իր հովանիին…

ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔՈՎ ԵՒ ՄԵԾԱՇՈՒՔ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՄԲ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ 27 ԱՄԵԱԿԸ

Անցնող շաբաթավերջին, արժանավայել կերպով նշեցինք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան արժանընտիր գահակալին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Վեհափառ Կաթողիկոսին գահակալութեան 27 ամեակը։ Այս առիթով, Կիրակի, 3 Յուլիս 2022-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Ս. եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին կատարուեցաւ Հայրապետական Մաղթանք։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ուխտեալ միաբան հայրեր Ս. Խորանէն ընթերցեցին Աւետարանական հատուածներ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՍՐԲԱԶՆԱԳՈՅՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՁԵՌԱՄԲ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՍՐԲԱԼՈՅՍ ՄԻՒՌՈՆԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ

Հայ Եկեղեցին վերանորոգող ու մարդ անհատի հոգին մաքրող արարողութիւնը՝ Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութիւնը կատարուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքի շրջափակին մէջ, որ աւանդութեան համաձայն տեղի կ՚ունենայ եօթը տարին անգամ մը։ Հասած է ժամը Միւռոնօրհնութեան։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատմութեան Անթիլիասական շրջանի տասներրորդ Միւռոնօրհնութիւնն է որ կատարուեցաւ։ Աշխարհի չորս անկիւններէն հայ եկեղեցւոյ հաւատարիմ զաւակներ եկած են մասնակից դառնալու եւ դիտելու,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՆՈՒԻՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱԹՈՌՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Չորեքշաբթի, 29 Յունիս 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի Վեհարանէն ներս ընդունեց Միւռոնօրհնէքի հոգեպարար արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերելու նպատակով ժամանած Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութենէն Գերշ. Տ. Մուշեղ Եպս. Պապայեանն ու Գերշ. Տ. Վրթանես Եպս. Աբրահամեանը, իսկ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութենէն Գերշ. Տ. Արամ Արք. Աթէշեանը։   Սրբազան հայրերը Վեհափառ Հայրապետին փոխանցեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին…

ՀԻՄԱ՛ ՀԱՅԱՑԱՆՔ

Միւռոնօրհնէքի օրը արտասովոր եռուզեր մը կը տիրէ Անթիլիասի մէջ: Անիկա հայութեան համար յուսապատճառ, սրտամօտ, ուրախառիթ եւ հոգեհարազատ օր մըն է: Այդ օրը Անթիլիասի Մայրավանքը հայութիւն կը քաղցրաբուրէ: Ա՛յնքան տիրական կ’ըլլայ հայութեան բոյրը, որ նոյնիսկ երջանկայիշատակ մեր հսկայ կաթողիկոսներուն շիրիմները կը պայծառափայլին, կը պայծառաշողան ու կը պայծառակերպուին: Յարութեան նախօրինակը կ’ապրին կարծէք: Հայութեան բոյրին հետ հետզհետէ կը…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ «ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ 31-ՐԴ ՆԻՍՏԻՆ

Յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, ՄԵծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իր մասնակցութիւնը բերաւ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի 31-րդ նիստին, 25 Յունիս 2022-ին, Երեւանի մէջ: Կաթողիկոսութիւնը կը ներկայացնէր Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան (Մատենադարանապետ): Ժողովը քննարկեց օրակարգային երեք նիւթեր՝ գործադիր տնօրէնի 2021-ի գործունէութեան հաշուետուութիւնը, տարեկան՝ 2021-ի նիւթական հաշուետուութունը եւ կանոնադրութեան փոփոխութեան հարցը: Ժողովը համապատասխան տնօրինումներ…