1 July, 2022

ՀԻՄԱ՛ ՀԱՅԱՑԱՆՔ

Միւռոնօրհնէքի օրը արտասովոր եռուզեր մը կը տիրէ Անթիլիասի մէջ: Անիկա հայութեան համար յուսապատճառ, սրտամօտ, ուրախառիթ եւ հոգեհարազատ օր մըն է: Այդ օրը Անթիլիասի Մայրավանքը հայութիւն կը քաղցրաբուրէ: Ա՛յնքան տիրական կ’ըլլայ հայութեան բոյրը, որ նոյնիսկ երջանկայիշատակ մեր հսկայ կաթողիկոսներուն շիրիմները կը պայծառափայլին, կը պայծառաշողան ու կը պայծառակերպուին: Յարութեան նախօրինակը կ’ապրին կարծէք: Հայութեան բոյրին հետ հետզհետէ կը շաղախուի Սրբալոյս Միւռոնին բոյրը եւ դէպի երկինք կը բարձրանայ իբրեւ Բարձրեալին նուիրուած անուշահոտ ու անուշաբոյր պատարագ: Ապա, կը վերածուի բարբառ պատարագի եւ երկնքին մէջ կը լսուի. «Եւ զքոյս՝ ի քոյոց՝ քեզ մատուցանեմք, ըստ ամենայնի եւ յաղագս ամենեցուն» (խորհրդատետր Հայաստանեայց Առաքելական Ս. եկեղեցւոյ, էջ 78):

Սրբալոյս Միւռոնը Աստուածորդւոյն կողմէ հայութեան տրուած ամենամեծ նուէրն ու կտակն է: Ըստ հայկական աւանդութեան, Երկնառաքը՝ Քրիստոս Իր տէրունի ձեռքերով օրհնած է ազգիս հայոց Սրբալոյս Միւռոնը (իւղը) եւ յանձնած է հայոց աշխարհի առաջին Լուսաւորիչներուն, որպէսզի անոնք աւետարանի լոյսին հետ Միւռոնի լոյսն ալ տարածեն հայութեան կեանքին ու երկնքին մէջ (Հայոց եկեղեցին, Մաղաքիա Արք. Օրմանեան, էջ 268 եւ Քրիստոնեա Հայաստան հանրագիտարան, էջ 751):

Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութիւնը սակայն, լոկ ու սոսկ եկեղեցական արարողութիւն մը չէ, այլ ազգային արարողութիւն մը՝ հայութեան արարողութիւնը: Չմոռնանք, որ մարդացեալ Բանը՝ Քրիստոս զայն հայ եկեղեցւոյ չղրկեց, այլ՝ հայութեան: Այս մէկը կու գայ հաստատելու, թէ Միւռոնը Քրիստոնէական կրօնն ու հայութիւնը անբաժանելի ու ամուր կերպով իրարու միացնող կապն է: Առաւել, Միւռոնը հայ բառին հոմանիշն է: Գարեգին Բ. Սարգիսեան Կաթողիկոսը ըսած է. «Միւռոնը… ազգային բնոյթ ունի: Հայց. Եկեղեցւոյ Միւռոնը հայութեան կնիքն է դարձած՝ ըլլալէ ետք կնիքը Ս. Հոգւոյն» (Հող, մարդ եւ գիր, էջ 287):

Միւռոնի օրհնութեան ժամանակ, հին միւռոնը կը խառնուի նորին հետ, որպէսզի մեզ ամրօրէն ու անբաժանելիօրէն զօդէ մեր նախահայրերուն հետ: Այդ պահուն, մենք ժամանակին մէջ կը ճամբորդենք երթալով դէպի հայութեան արմատը, ակունքը, հիմքը. կը միանանք անոր հետ՝ դառնալով ճշմարի՛տ հայ, զո՛ւտ հայ, իրա՛ւ հայ: Ս. Աթոռոյս արժանընտիր Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը կ’ըսէ. «Միւռոնով մենք կը դառնանք Հայ: Միւռոնով մենք մաս կը կազմենք Հայոց պատմութեան: Միւռոնով կը դառնանք անբաժան ու անբաժանելի անդամը Հայ ժողովուրդին»:

Սրբալոյս Միւռոնը կը կերտէ հայ մարդուն առանձնայատուկ, ինքնուրոյն ու ճշմարիտ նկարագիրը: Այս դժուարին ու տագնապալից օրերուն, երբ ամէն երեւոյթ եւ դէպք մեզ մէկ քայլ աւելի կը հեռացնէ հայութենէն, Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութիւնը կու գայ «ցրուած ոչխարները» ի մի խմբելու, զանոնք զօրացնելու, խրատելու ամրապնդելու եւ կարեւորագոյնը՝ մէ՛կ ազգ, մէ՛կ ժողովուրդ եւ մէ՛կ հայութիւն դարձնելու:

Հայ եկեղեցւոյ Ոսկեբերան վարդապետը՝ Ս. Գրիգոր նարեկացի կ’ըսէ. «Այս լուսապատար եւ փերկաւէտ իւղը (Միւռոնը) նախ մեր մասին արտաքին խորանը մարմին կ’օծէ եւ յետոյ իր աներեւոյթ զօրութիւնը ծածկաբար ներքին մարդուն մէջ ներգործելով՝ ի նորոյ կը կենդանացնէ զայն»: (Նարեկ Բան ՂԵ,մաս Գ): Ես այս խօսքը հայ հաւաքականութեան կ’ուզեմ վերագրել, հաւատալով, որ այս տարուան միւռոնօրհնութիւնը պիտի «օծէ» հայութեան «արտաքին խորանը»-ները՝ Հայաստանն ու Արցախը, ապա իր «աներեւոյթ զօրութեամբ»-ը պիտի մտնէ իւրաքանչիւր հայորդիի սրտին ու հոգիին մէջ, որպէսզի զայն «ի նորոյ կենդանացնէ» եւ դարձնէ հայ բառին ամբողջական ու հարազատագոյն հոմանիշն ու պատկերը:

Մեր մամիկներն ու պապիկները հայ ըլլալու պայմանը կը նկատեն Միւռոնը: Անոնք մանուկին Միւռոնով դրոշմուելէն ետք միայն զայն «հայորդի» կը կոչեն: Միւռոնուած ճակատին կ’ըսեն. «հայու ճակատ»: Երբ քահանայի մը վերջին օծումը կատարուի կ’ըսեն «հայ մեռաւ»:Եկեղեցւոյ մը միւռոնուելէն ետք կ’ըսեն. «ահա հիմա՛ հայ եկեղեցի դարձաւ»: Մանուկի մը մկրտուելէն ետք կ’ըսեն, «հիմա՛ հայացաւ»: Արդարեւ, Միւռոնօրհնէքի այս շրջանին լիարժէքօրէն կրնանք հաստատել, թէ մենք՝ հայերս «հիմա՛ հայացանք»:

Առաքել Աբղ. Գատեհճեան

 

More News