Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Երեքշաբթի, 30 Նոյեմբեր 2021-ին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, վանաբնակ միաբան հայրերու հաւաք տեղի ունեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ:   Հանդիպման սկիզբը Նորին Սրբութիւնը ողջունեց Մայրավանք ժամանած թեմակալ առաջնորդները: Խօսելով միաբանական կեանքին առնչուած երեւոյթներուն՝ ան շեշտեց, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութիւնը այսօր ամբողջական նուիրումով լծուած է հայ ժողովուրդի ծառայութեան՝ թէ՛ թեմերէն ներս եւ թէ՛…

ՌԱՖԱՅԷԼ ՊԵՏՐՈՍ ԻԱ. ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԷՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Երկուշաբթի, 29 Նոյեմբեր 2021-ին, հինգ հոգիներէ բաղկացած կրօնական պատուիրակութեան հետ միասին, Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Հոգեւոր Տէրը այցելեց Անթիլիասի Մայրավանք: Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր կողքին ունենալով Շահան Սրբազանը եւ Նարեկ Սրբազանը, եղբայրական սիրով ընդունեց Հոգեւոր Տէրը:   Աւելի քան ժամ մը մտերմիկ զրոյց մը տեղի ունեցաւ երկու հոգեւոր պետերուն միջեւ՝ հայ ժողովուրդը, Հայաստանն ու Լիբանանը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԿԻՊՐՈՍԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՊԵՏԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

Շաբաթ, 27 Նոյեմբեր 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Կիպրոսի հայութեան պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանը, իր տիկնոջ ընկերակցութեամբ։ Մահտեսեան յատուկ կերպով ժամանած էր Լիբանան՝ իր վերընտրութեան առիթով Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը ստանալու եւ թելադրանքները լսելու համար։   Հայրապետը իր ջերմ շնորհաւորութիւնը յայտնեց Մահտեսեանին, ինչպէս նաեւ իր բարձր գնահատանքը՝ Կիպրոսի հայութեան մատուցած ծառայութեան համար՝ շեշտելով, որ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՕՐՀՆԵՑ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՈՒՍՈՒՑՉԱԿԱՆ ԿԱԶՄԸ

Կիրակնօրեայ վարժարաններու տարեմուտին, ամէն տարի մանուկներն ու ուսուցիչները կ’այցելեն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին՝ ստանալու համար անոր հայրական օրհնութիւնն ու յորդորները: Համաճարակին պատճառած անբնական պայմաններուն ու մեր ժողովուրդի զաւակներուն առողջական ապահովութեան նկատմամբ Նորին Սրբութեան ունեցած նախանձախնդիր մօտեցումին բերումով, անցնող երկու տարիներուն զանց առնուեցաւ Հայրապետին այցելելու աւանդութիւնը։   Ներկայ տարեմուտին, առաւել խանդավառ թափով եւ մեծ թիւով…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԲԱՆԱԿԷՆ ՉՈՐՍ ԳՆԴԱՊԵՏՆԵՐ

Շաբաթ, 27 Նոյեմբեր 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուած Ոյժերու խաղաղապահ բրիգադի հրամանատար ժեներալ-մայոր Արտակ Տօնոյեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան զինուորական կցորդ գնդապետ Ալեքսան Մուշեղեանի ընկերակցութեամբ:   Ողջունելով հայ սպաները Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս, Վեհափառ Հայրապետը իր Հայրապետական օրհնութիւնն ու զօրակցութիւնը յայտնեց հայոց քաջարի բանակին՝ շեշտելով, թէ մեր ժողովուրդի…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ‘ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԿԱՆԽԱՐԳԻԼՄԱՆ ԵՒ ԶՈՀՈՒԱԾՆԵՐԸ ՄՈՌԱՑՈՒԹԵՆԷ ՓՐԿԵԼՈՒ ՄԻՋՈՑՆԵՐՆ ՈՒ ՏԱՐՈՒԱԾ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ’ ԱՌՑԱՆՑ ԼՍԱՐԱՆԻՆ

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) 11-րդ ընդհանուր ժողովին նախապատրաստական աշխատանքներու ծիրէն ներս, Ե.Հ.Խ.ի Միջազգային Գործունէութեան Յանձնաժողովը (Commission of International Affairs) գործակցաբար Ե.Հ.Խ.ի Հոգեւոր Կեանքին (Spiritual Life) կազմակերպեց շարք մը առցանց լսարաններ՝ նշելու 75 ամեակը Ե.Հ.Խ.ի միջազգային հարցերով զբաղող յանձնաժողովին, Ուրբաթ, 19 Նոյեմբեր 2021-ին։   Կազմակերպուած  առցանց լսարանները որպէս կեդրոնական նիւթ առած էին  աշխարհի բազմաթիւ շրջաններու մէջ՝…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ՅԱՋՈՐԴԱԲԱՐ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐՈՒՆ

Շաբաթ, 20 Նոյեմբեր 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր աշխատանքային օրակարգը ամբողջութեամբ յատկացուցած էր միաբանական յանձնախումբերու հետ հանդիպումներու:   Առաջին հերթին, Նորին Սրբութիւնը նախագահեց ծիսական կեանքի բարելաւման նուիրուած յանձնախումբի հաւաքին, ապա նորանշանակ տնօրէն ժողովին, որմէ ետք հինգ նորընծայ աբեղաներու հանդիպումին:   Յիշեալ հանդիպումներուն նպատակն էր Անթիլիասի Մայրավանքի ներքին վանական կեանքի առաւել կազմակերպումը, իր բոլոր…

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԾԱՌԱՅՈՂՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Հինգշաբթի, 18 Նոյեմբեր 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութեան նորընտիր վարչութիւնը:   Վարչութիւնը եկած էր Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը ստանալու եւ զինք տեղեակ պահելու ընկերային ծառայութեան լծուած վարչութեան կազմակերպութիւններու աշխատանքներուն ու յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին:   Նորին Սրբութիւնը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց ընկերային ծառայողներուն եւ մեր ժողովուրդի կարիքաւոր զաւակներուն ծառայութեան…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԽՍՏՕՐԷՆ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ԿՈՂՄԷ ԿԱՏԱՐՈՒՈՂ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄՆԵՐԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԷՄ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը խոր մտահոգութեամբ կը հետեւի Հայաստանի արեւելեան սահմանին վրայ Ազրպէյճանի կողմէ նախաձեռնուած եւ Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնը ու գերիշխանութիւնը վտանգող մարտական գործողութիւններուն։   Ազրպէյճանը արհամարհելով մարդկային իրաւանց հիմնական սկզբունքները, ոտնակոխելով միջազգային օրէնքի տուեալները եւ անտեսելով Նոյեմբեր 9-ին կայացած եռակողմ համաձայնութեան պայմանները, կը շարունակէ իր ոճրային արարքները Հայաստանի ինքնիշխան Հանրապետութեան նկատմամբ։   Արդարեւ, Մեծի…

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՈՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՄՕՏ

Շաբաթ, 13 Նոյեմբեր 2021-ին, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, գլխաւորութեամբ Դոկտ. Մկրտիչ Մկրտիչեանի: Հանդիպման ընթացքին Կեդրոնական Վարչութիւնը Վեհափառ Հայրապետին զեկուցեց Համազգայինի մասնաճիւղերուն գործունէութեան եւ անոնց դիմագրաւած այլազան դժուարութիւններու առնչուած հարցերու մասին:   Նորին Սրբութիւնը բարձր գնահատեց Համազգայինի գործունէութիւնը՝ հաստատելով, որ անիկա կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է Սփիւռքի տարածքին ընդհանրապէս հայապահպանման ու յատկապէս…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻ ՏՊԱՐԱՆԷՆ ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ՊԵՐՃՈՒՀԻ ԱՒԵՏԵԱՆԻ «ՄԱՏՆԱՀԵՏՔԵՐ»Ը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Գէորգ Մելիտինեցի Գրական Մրցանակի թիւ 103-րդ հրատարակութեան կ՚արժանանայ Պերճուհի Աւետեանի «Մատնահետքեր»ը։   Հատորը կ՚ամփոփէ Աւետեանին փորձութիւնները, ապրումներն ու ներաշխարհը՝ Սուրիոյ պատերազմին ընթացքին եւ անկէ ետք։ Օրագիրի ոճով ներկայացուած սոյն հատորը ընթերցողը դէմ յանդիման կը դնէ աղէտներու հետեւանքով բխած մարդկութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ հայութիւնը յուզող հարցերու հետ.- գոյապայքար, ինքնութիւն, տուն հասկացողութիւն եւ այլն։…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ԱՐՑԱԽԵԱՆ 44-ՕՐԵԱՅ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԱԾ ՀԱՅՈՐԴԻՆԵՐՈՒ ՀՈԳԻՆԵՐՈՒՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

2020-ի Սեպտեմբեր 27-էն Նոյեմբեր 9-ը երկարող 44-օրեայ ճակատագրական եւ բախտորոշ պատերազմը հայ ժողովուրդի յիշողութեան մէջ թողուց իր արիւնախառն յիշատակը։ Այս պատերազմով վերաշեշտուեցաւ թուրքին ծաւալապաշտական քաղաքականութիւնը, որ Անդրկովկասեան երկիրներուն ներքին ու արտաքին անդորրութեան, սահմանային անվտանգութեան ու հողային ամբողջականութեան դէմ վտանգալից ազդակ մը կը ներկայացնէ: Ողջ հայութիւնը յուզող պատերազմին հետեւանքը եղաւ՝ աւելի քան 5000 նահատակներ, 200-է աւելի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՄԲ ԱԶԳԱՅԻՆ ԲԱՐԵՐԱՐ ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿԻՆ ԱԼԵՔՔՕ ԵՒ ԱՆԻ ՊԷԶԻՔԵԱՆ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԻՐ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ

Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք Լիբանանի մէջ ստեղծուած ընկերային-տնտեսական դժուար պայմաններու լոյսին տակ եւ հայորդիներուն առողջապահական կարիքներուն օգտակար ըլլալու նախանձախնդրութենէն մղուած, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ խորհրդակցաբար ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանիին տակ, տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան պիտի հոգան լիբանանահայ կարիքաւոր ազգայիններու հիւանդանոցային եւ ախտաճանաչման քննութիւններու առնչուած ծախսերը:   Գոհունակութեամբ կ’ուզենք…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԻՏԱԼԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆՈՒՀԻՆ

Ուրբաթ, 12 Նոյեմբեր 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Իտալիոյ դեսպանուհին դոկտ. Նիքոլեթա Պոմպարտիէր:     Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ առաջին հերթին անդրադարձ կատարելու Յուլիսին Վատիկանի մէջ տեղի ունեցած Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու հանդիպումին եւ ապա Լիբանանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն: Դեսպանուհին պարզեց Իտալիոյ կատարած աշխատանքները թէ՛ Լիբանանին գծով եւ թէ՛ Լիբանանէն ներս:    …

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ Հ.Յ.Դ. ԲԻՒՐՈՅԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

Հինգշաբթի, 11 Նոյեմբեր 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը:   Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի ներքին կացութեան եւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեանց հետ աղերս ունեցող շարք մը հարցեր:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՆԳԼԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ

Հինգշաբթի, 11 Նոյեմբեր 2021-ին, Լիբանանի մօտ Անգլիոյ դեսպան դոկտ. Իան Քոլարտ այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ երկար հանդիպում մը ունեցաւ: Քննարկումի նիւթ դարձան ընդհանրապէս Միջին Արեւելքին ու մասնաւորաբար Լիբանանին առնչուած շարք մը հարցեր:   Նորին Սրբութիւնը եւ դեսպանը շեշտեցին Լիբանանի օժանդակութեան հրամայականը՝ քաղաքական, տնտեսական ու մարդասիրական բնագաւառներէն ներս: Անոնք նաեւ ընդգծեցին կառավարութեան կողմէ…

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ԺԻՐԱՅՐ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆԻ «ՄԱՏԵՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ ԸՆԴԴԷՄ ՑԱՆԿԱԳՐՈՒՄԻ «ԼԻԲԱՆԱՀԱՀԱՅ ԳԻՐՔԸ…» (ՅԱՒԵԼՈՒԱԾ)» ՀԱՏՈՐԸ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքի տպարանէն լոյս տեսաւ Գէորգ Մելիտինեցի Գրական Մրցանակի 102-րդ հրատարակութիւնը՝ «Մատենագիտութիւն Ընդդէմ Ցանկագրումի «Լիբանահահայ Գիրքը…» (Յաւելուած)», աշխատութեամբ՝ Ժիրայր Դանիէլեանի եւ խմբագրութեամբ՝ Կարօ Յովհաննէսեանի։   Հատորը կը պարունակէ յաւելումներ, մատնանշումներ, սրբագրութիւններ եւ անհրաժեշտ ցանկեր, որոնց մասին իր յառաջաբանին մէջ կը մանրամասնէ Դանիէլեան՝ դիտել տալով, որ այս աշխատանքը կու գայ ամբողջացնելու 2013…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԸ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՔՐԻՍԼԻԽԸՐ ՀԻԼՖՍՊՈՒՆՏ ԻՄ ՕՐԻԷՆԹ (CHRISTLICHER HILFSBUND IM ORIENT) ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՇՐՋԱՆԻՆ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԿԱՏԱՐԱԾ ԻՐ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ

Յիշեալ բարեսիրական կազմակերպութիւնը Գերմանիոյ մէջ նշեց իր գործունէութեան 125-ամեակը: Կազմակերպութիւնը Համիտեան Ջարդերէն սկսեալ յատկապէս Կիլիկիոյ Ատանա ու Մարաշ քաղաքներու մէջ իր մարդասիրական նպաստը բերած է մեր ժողովուրդի զաւակներուն: Ընկերային կեդրոններ հաստատած է յիշեալ քաղաքներուն մէջ եւ ապա իր ծառայութեան դաշտը եղած է Սուրիա, Լիբանան եւ Հայաստան: Լիբանանի պարագային Այնճարի մէջ հիմնած է գիշերօթիկ դպրոց: Մինչեւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ԳՆԱՀԱՏԷ ՄԵՏՐՈՊՈԼԻՏ ՏԱՄԱՍԿԻՆՈՍԻ ՆՊԱՍՏԸ ՄԻՋ-ՕՐԹՈՏՈՔՍ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ

Ուրբաթ, 5 Նոյեմբեր 2021-ին, Զուիցերիոյ Շամպէզի քաղաքին մէջ գտնուող Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ յիշատակի յատուկ հանդիսութիւն մը՝ նուիրուած Մետրոպոլիտ Տամասկինոսի: Հանդիսութեան սկիզբը կարդացուեցաւ Պենետիքթոս Պապին, Պարթոլոմէօ Տիեզերական Պատրիարքին, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին (ընթերցուած փրոֆ. Թենի Փիրի-Սիմոնեանի կողմէն), Զուիցերիոյ նախագահին եւ Յորդանանի Հասան Իշխանին պատգամները:   Նորին Սրբութիւնը մօտէն ճանչցած ըլլալով Մետրոպոլիտ Տամասկինոսը,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ՀԻՆ ԿԱԹՈԼԻԿ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԵՏԻՆ

Չորեքշաբթի, 3 Նոյեմբեր 2021-ին, Ժընեւի մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ Զուիցերիոյ Հին Կաթոլիկ եկեղեցւոյ պետ Հարըլտ Եպիսկոպոսին միջեւ: Հանդիպումին նպատակն էր քննել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ յիշեալ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներուն միջեւ սկսած ժամանակակից ընկերային-բարոյական հարցերու քննարկման նուիրուած հանդիպումներու ընթացքը, ինչպէս նաեւ Պեռնի համալսարանին հետ կարգ մը ծրագիրներու շուրջ գործակցութեան…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆԿԼԻՔԱՆ-ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ

Անկլիքան-Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու Աստուածաբանական Երկխօսութեան Միջազգային Յանձնախումբը իր տարեկան ժողովը առցանց գումարեց 26-28 Հոկտեմբեր 2021-ին։ Օրակարգի վրայ էր եկեղեցիներուն տեղեկագիրներու եւ ծրագիրներու ներկայացումը, ինչպէս նաեւ «Տիեզերական Ժողովներուն Ժառանգութիւնը» թեմայով թղթածրարին աշխատանքներուն շարունակութիւնը։   Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ժողովին մասնակցեցաւ միջ-եկեղեցական յարաբերութեան բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեան։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼՈՒՏԵՐԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

Երեքշաբթի, 2 Նոյեմբեր 2021-ին, Ժընեւի մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լուտերական Եկեղեցիներու Խորհուրդի ներկայացուցիչ դոկտ. Տըրք Լանճը: Հանդիպման նպատակը Նորին Սրբութեան հետ խորհրդակցիլ էր ընդհանրապէս միջ-եկեղեցական հարցերու ու մասնաւորաբար ուղղափառ եկեղեցիներուն հետ Լուտերական Եկեղեցիներու Խորհուրդին աստուածաբանական երկխօսութիւն սկսելու կարելութեան մասին:   Երկար տարիներու միջ-եկեղեցական ու յատկապէս աստուածաբանական երկխօսութեանց փորձառութեան լոյսին տակ, Վեհափառ Հայրապետը…

ԺԸՆԵՒԻ ՄԷՋ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԸ

Երկուշաբթի, 1 Նոյեմբեր 2021-ին, Ժընեւի մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Եոան Սաքայի այցելութիւնը: Դոկտ. Սաքա Վեհափառ Հայրապետին պարզեց Ե.Հ.Խ.ին դիմագրաւած դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ տարի տեղի ունենալիք համաժողովին նախապատրաստական աշխատանքներուն ընթացքը:   Նորին Սրբութիւնը Ե.Հ.Խ.էն ներս ունեցած երկար տարիներու իր փորձառութեան լոյսին տակ, ընդհանուր…