«ԱՏԵՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՅ ԱՏԱՆԱՅԻ» ՀԱՏՈՐԸ ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ

Օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին,  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Մաշտոցի Անուան Հին Ձեռագրերու Մատենադարան Ինստիտուտի գործակցութեամբ, Մայրավանքի տպարանէն լոյս տեսաւ «Ատենագրութիւն Քաղաքական ժողովոյ Ատանայի» հատորը, խմբագրութեամբ Արմէն Մալխասեանի։   Ա. Մալխասեանի, Ա. Աստոյեանի, Ա. Աւետիսեանի, Ա. Ֆահրադեանի եւ Լ. Դաւթեանի աշխատասիրութեամբ պատրաստուած յիշեալ հատորը կ՚ընդգրկէ 2 Մարտ 1905-էն 10 Ապրիլ 1915 ժամանակահատուածի Ատանայի…

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ԾԱՌԱՅՈՂ ՀԱՅՈՑ ԲԱՆԱԿԻ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔ

Երկուշաբթի, 28 Նոյեմբեր 2022-ին, Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի առաջնորդութեամբ, հարաւային Լիբանանի Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (Մ.Ա.Կ.) խաղաղապահ ոյժերու մէջ ծառայող հայկական բանակի շուրջ 40 զինուորներ, իրենց հրամանատարին գլխաւորութեամբ, այցելեցին Անթիլիասի Մայրավանք։ Անոնք հանդիպում ունեցան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ եւ ստացան անոր հայրական օրհնութիւնը։   Առաջին հերթին, խօսք առաւ Հայաստանի դեսպանը։ Ան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆԸ

Շաբաթ, 26 Նոյեմբեր 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան (Ս.Դ.Հ.Կ.) Լիբանանի Շրջանի նորընտիր Վարիչ Մարմինը։ Ան եկած էր Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը ստանալու իր յառաջիկայ շրջանի գործունէութեան սկզբնաւորութեան։   Նորին Ս. Օծութիւնը շնորհաւորեց նորընտիր Վարիչ Մարմինը եւ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ միջ-կուսակցական գործակցութեան նոր մղում տալու, Լիբանանի հայութեան ներքին միասնականութիւնը ամրապնդելու եւ անոր…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄՕՏ ՍՈՒՐԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ

Հինգշաբթի, 24 Նոյեմբեր 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտ Ալ-Քարիմ Ալի: Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպումին ներկայ էր նաեւ հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Վեհափառ Հայրապետը իր շնորհակալութիւնն ու գնահատանքը յայտնեց դեսպանին՝ շուրջ 13 տարիներու իր դիւանագիտական ծառայութեան ընթացքին Սուրիոյ հետ Կաթողիկոսարանին ունեցած յարաբերութեան մեծապէս…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԵՒ ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԻՐՈՋ ՄԻՋԵՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Շաբաթ, 19 Նոյեմբեր 2022-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ հանդիպում մը կայացաւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Հոգեւոր Տիրոջ միջեւ։ Հանդիպման ընթացքին քննարկումի նիւթ դարձան հետեւեալ հարցերը.- Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին վախճանման 850 ամեակի նշում, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններ եւ Լիբանանի նախագահի ընտրութիւն։   Վերոյիշեալ հարցերուն շուրջ տեսակէտերու փոխանակում կատարուեցաւ Վեհափառ Հայրապետին եւ Հոգեւոր Տիրոջ միջեւ։

HIS HOLINESS CATHOLICOS ARAM I RECEIVED THE ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION BUREAU

Thursday, November 17th, 2022, the Armenian Revolutionary Federation (ARF) Bureau visited His Holiness Catholicos Aram I, headed by the chairperson Hagop Der Khatchadourian.    During the over one-hour meeting, they discussed matters concerning Armenia and Artsakh and underlined the imperative of overcoming the crisis and strengthening the countries with unity and collaboration.  

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Հ.Յ.Դ. ԲԻՒՐՈՅԻ ԼՐԻՒ ԿԱԶՄԸ

Հինգշաբթի, 17 Նոյեմբեր 2022-ին, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (Հ.Յ.Դ.) բիւրոն լրիւ կազմով այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, առաջնորդութեամբ բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի։   Աւելի քան երկու ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին տեսակէտերու փոխանակում տեղի ունեցաւ, յատկապէս Հայաստանը ու Արցախը դիմագրաւող խնդիրներու ու մտահոգութիւններու շուրջ։ Թէ՛ Նորին Ս. Օծութիւնը եւ թէ Հ.Յ.Դ. բիւրոն…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

Չորեքշաբթի, 16 Նոյեմբեր 2022-ին, Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Հայ Օգնութեան Միութեան (Հ.Օ.Մ.) Կեդրոնական Վարչութիւնը՝ իր լրիւ կազմով: Հայաստանի, Արցախի, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի զանազան գաղութները ներկայացնող Հ.Օ.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը միշտ սերտ գործակցութիւն ունեցած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ իր թեմերուն հետ՝ ընկերային ծառայութեան, մարդասիրական օժանդակութեան եւ կրթական բնագաւառներէն ներս:   ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետուհի Նայիրի Տէրտէրեան…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐՆԵՐՈՒ ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

7-11 Նոյեմբեր 2022-ին, Վանգուվըրի (Գանատա) մէջ տեղի ունեցաւ Եկեղեցական Ընտանիքներու Քարտուղարներու տարեկան համագումարը, որուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուց Կաթողիկոսարանի միջ-եկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեանը։ Համաճարակէն ետք սա առաջին հանդիպումն էր, որ կայացաւ ժողովականներու ֆիզիքական ներկայութեամբ:   Իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ միջ-եկեղեցական յարաբերութեան աշխատանքներու վարիչ ժողովին պարզեց իր զեկոյցը։ Հայր Հրանդ իր տեղեկագիրին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՎԵՐ. ՓՕԼ ՀԱՅՏՈՍԹԵԱՆԸ ԵՒ ՎԵՐ. ՄԿՐՏԻՉ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆԸ

Երեքշաբթի, 15 Նոյեմբեր 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում ունեցաւ Վերապատուելի Փօլ Հայտոսթեանի եւ Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի հայութեան եւ այժմու կացութեան, Հայկազեան համալսարանին եւ Ազունիէյի Ազգային Բուժարանին հետ առնչուած հարցեր: Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ վերաշեշտելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ տասնամեակներու վրայ տարածուած գործակցութիւնը, թէ՛ Կաթողիկոսարանի եւ…

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը Լիբանանի մէջ ունեցած իր լիակատար նիստերէն ետք այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: Վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան ընդհանուր գիծերով ներկայացուց Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան յառաջիկայ ծրագրային առաջնահերթութիւնները ու աշխատանքային ուղեգիծը:   Վեհափառ Հայրապետը իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց Համազգայինի կատարած կրթական ու մշակութային գործունէութեան: Ան ողջունեց Մարսէյի ճեմարանը նոր կառոյցներով ընդարձակելու Համազգայինի կարեւոր իրագործումը:…

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՄԵԾ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Այս օրերուն Լիբանանի մէջ տեղի կ՚ունենայ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան (Հ.Մ.Ը.Մ.) Կեդրոնական Վարչութեան լիակատար նիստը, ինչպէս նաեւ իր աշխարհատարած շրջաններու վարչութիւններու միատեղ հանդիպումը:   Այս առիթով, այսօր՝ Կիրակի, 13 Նոյեմբեր 2022-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Ս. եւ Անմահ Պատարագի աւարտին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, տեղի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ԿԻՊՐՈՍԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԵՏ ԽՐԻՍՈՍԹՈՄՈՍ Բ. ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻՆ ՎԱԽՃԱՆՄԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

Տասնվեց տարի (2006-2022) գահակալութենէ ետք, Երկուշաբթի, 7 Նոյեմբեր 2022-ին, ի Տէր հանգեաւ Կիպրոսի ուղղափառ եկեղեցւոյ պետ Խրիսոսթոմոս Բ. Արքեպիսկոպոսը։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը մօտէն ճանչցած էր զինք, յաճախակի հանդիպումներ ունեցած էր անոր հետ եւ միջ-եկեղեցական շարժումի ծիրէն ներս սերտ գործակցութիւն հաստատուած էր իրենց միջեւ։   Կիպրոսի եկեղեցւոյ Սինոտին ուղղած իր ցաւակցական նամակին մէջ Նորին…

ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Կիրակի, 6 Նոյեմբեր 2022-ին, Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Ս. եւ Անմահ Պատարագէն ետք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց Մայրավանքի Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները, գլխաւորութեամբ տնօրէնուհի Ժանին Դանիէլեանի։   Դանիէլեան խօսք առնելով՝ Հայրապետին զեկուցեց անցեալ տարեշրջանի Կիրակնօրեայ վարժարանին գործունէութիւնը եւ յայտնեց յառաջիկայ տարուան ծրագիրներն ու աշխատանքները։ Ապա, աշակերտները իրենց…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐ

Շաբաթ, 5 Նոյեմբեր 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց միջ-եկեղեցական պատասխանատուներ՝ Զուիցերիայէն, Գերմանիայէն, Դանիայէն, Ֆինլանտայէն, Ամերիկայէն, Եգիպտոսէն, որոնք Լիբանան ժամանած էին խորհրդակցութիւններ ունենալու Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէական ներկայութեան ու վկայութեան գծով եւ իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու շրջանի եկեղեցիներուն՝ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին (Մ.Ա.Ե.Խ.) ճամբով։   Պատուիրակութիւնը երկօրեայ քննարկումներ կատարած էր յիշեալ Խորհուրդի…

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ «ՆԱՐԵԿԱՑԻ» ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Չորեքշաբթի, 2 Նոյեմբեր 2022-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ ընդունեց Կաթողիկոսարանի «Նարեկացի» մանկապատանեկան երգչախումբի վարչութիւնը, գլխաւորութեամբ խմբավար Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանին։   Հայր սուրբը Վեհափառ Հայրապետին զեկուցեց մանկապատանեկան երգչախումբին անցնող տարուան գործունէութեան մասին եւ պարզեց յառաջիկայ տարուան ծրագիրները։ Ան յայտնեց, որ երգչախումբը պիտի սորվի հայրենասիրական ու ազգագրական երգեր, որպէսզի Սրբոց Թարգմանչաց…

ՓԻԼԻՍՈՓԱՅԱԿԱՆ ԵՒ ԲԱՐՈՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՆԻՒԹԵՐՈՒ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Երկուշաբթի, 31 Հոկտեմբեր 2022-ին, օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ ընթացք առաւ իմաստասիրական եւ բարոյագիտական նիւթերու շուրջ դասախօսական շարք:   Յիշեալ դասախօսական շարքը կը ներկայացնէ Նորին Ս. Օծութեան հրաւէրով Գերմանիայէն Մայրավանք ժամանած դոկտոր Սարգիս Քէհեաեան: Դոկտ. Քէհեաեան Կաթողիկոսարանի ՀԱՍԿ պաշտօնական ամսաթերթին մէջ ստորագրած է բազմաթիւ…

Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.Ի ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Երկուշաբթի, 31 Հոկտեմբեր 2022-ի երեկոյեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանիին տակ գործող Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.) նորընտիր վարչութիւնը, գլխաւորութեամբ Միութեան հոգեւոր խորհրդատու Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի, այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ ստացաւ անոր հայրական օրհնութիւնը։   Հոգեւոր խորհրդատու հայր սուրբը ընդհանուր գիծերով ներկայացուց նախորդ վարչութեան տարած աշխատանքները եւ յայտնեց Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.ին վարչական,…