Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԵՒ ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆՆԵՐՈՒ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ԺՈՂՈՎԻՆ

Անցնող մի քանի օրերու ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը յաջորդաբար նախագահեց Կաթողիկոսարանի Հայագիտական եւ «Խաչեր Գալուստեան» Մանկավարժական Կեդրոններու նորանշանակ յանձնախումբերու ժողովներուն:   Ողջունելով Հայագիտական Կեդրոնի յանձնախումբի առաջին նիստը՝ Նորին Սրբութիւնը շեշտեց անոր աշխատանքներուն յատուկ կարեւորութիւնը, իբրեւ հայագիտական բազմաթիւ նիւթեր ընդգրկող միակ կեդրոն: Ընդգծելով Սփիւռքի մէջ անոր դերակատարութեան կարեւորութիւնը, ան ըսաւ, որ նոր ծրագիրներով անհրաժեշտ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԸ ՅԱՅՏՆԵՑ ԴՈԿՏ. ՀՈՒՏԱ ՍԵԼԼՈՒՄԻՆ՝ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՇՈՒՐՋ ԻՐ ՊԱՏՐԱՍՏԱԾ ԴՈԿՏՈՐԱԿԱՆ ԱՒԱՐՏԱՃԱՌԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Կիրակի, 30 Յունուար 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց դոկտ. Հուտա Սելլում, ընկերակցութեամբ դոկտ. Սալըհ Զահրըտտինին: Լիբանանի շիիթ համայնքին պատկանող դոկտ. Սելլում վերջերս դոկտորայի աստիճան ստացած է եւ այդ առիթով պատրաստած է «հայ-թրքական ինքնութեան հարցը Օսմանեան կայսրութեան մէջ» նիւթով աւարտաճառ մը:     Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց դոկտ. Սելլումին եւ ընդառաջելով անոր եւ…

ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄՕՏ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Շաբաթ, 29 Յունուար 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Վատիկանի մօտ Լիբանանի դեսպան դոկտ. Ֆարիտ Էլ Խազեն: Դեսպանը Նորին Սրբութեան պարզեց Վատիկանի կատարած աշխատանքները Լիբանանի գծով, յատկապէս 1 Յուլիս 2021-ին Վատիկանի մէջ կայացած Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու հանդիպումէն ետք:     Հանդիպման ընթացքին քննարկումի նիւթ դարձան Լիբանանի ներկայ կացութեան առնչուած շարք մը հարցեր:  …

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ ՓՈԽԱՆՑԵՑ Լ.Օ.Խ.Ի ԵՒ Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

Հինգշաբթի, 27 Յունուար 2022-ին, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի Օգնութեան Խաչի (Լ.Օ.Խ.) նորընտիր վարչութիւնը, առաջնորդութեամբ Հայ Օգնութեան Միութեան (Հ.Օ.Մ) կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Օրդ. Նելլի Վէքիլեանին: Վարչութեան ատենապետուհին՝ Տիկ. Սիլվա Սապունճեան, իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Նորին Սրբութեան Լ.Օ.Խ.ի աշխատանքներուն իր զօրակցութեան, ինչպէս նաեւ զանազան առիթներով Վեհափառ Հայրապետին կողմէ կարիքաւոր ընտանիքներուն կատարուած օժանդակութեան համար: Ապա, ան ներկայացուց…

Մ.Ա.Կ.Ի ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՄՕՏ

Չորեքշաբթի, 26 Յունուար 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (Մ.Ա.Կ.) Ընդհանուր Քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի ներկայացուցիչ՝ դոկտ. Եոաննա Վրոնեցքային:   Մ.Ա.Կ.ի ներկայացուցիչը Վեհափառ Հայրապետին նամակ մը յանձնեց Մ.Ա.Կ.ի Ընդհանուր Քարտուղարին կողմէ: Նամակին մէջ Ընդհանուր Քարտուղարը իր գնահատանքը կը յայտնէր Նորին Սրբութեան, ընդհանրապէս Լիբանանի տագնապը դիմագրաւելու գծով իր կատարած ճիգերուն, միջ-համայնքային երկխօսութեան…

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 107-ԱՄԵԱԿԻ ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ՄԱՐՄԻՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՀԵՏ

Առնուած «Ազդակ» օրաթերթէն *****   Շաբաթ, 22 Յունուար 2022-ին, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հայոց Ցեղասպանութեան 107-ամեակի Ոգեկոչման Մարմինը այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: Հանդիպման ընթացքին մարմինը Հայրապետին ներկայացուց 2022-ի ապրիլեան ձեռնարկներու ծրագիր-նախագիծը` խնդրելով անոր հովանաւորութիւնը: Հաւատարիմ մնալով Համազգայինի տասնամեակներու տեսլականին եւ առաքելութեան` Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը այս տարի կը ձգտի Հայոց Ցեղասպանութեան անդրադառնալ քննական-վերլուծական…

Ս.Դ.Հ.Կ. ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Առնուած «Արարատ» օրաթերթէն     Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ տոքթ. Համբիկ Սարաֆեանի, Երկուշաբթի, 24 Յունուար 2022-ին այցելեց Անթիլիասի Մայրավանք եւ տեսակցեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ: Պատուիրակութեան մաս կազմեցին նաեւ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Ալեքսան Քէօշկէրեանը, Լիբանանի շրջանի Վարիչ Մարմինի ներկայացուցիչ Վանիկ Տագէսեանն ու Հ.Կ.Բ.Մ.ի ատենապետ Արամ Մալեանը:  …

ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Երկուշաբթի, 24 Յունուար 2022-ի երեկոյեան, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, վանաբնակ միաբան հայրերու հաւաք տեղի ունեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանի դահլիճին մէջ:   Հաւաքի սկիզբը Նորին Սրբութիւնը յայտնեց «Սփիւռքի Տարի»ին մասին կատարուելիք աշխատանքներուն ու զանոնք արժեւորելու անհրաժեշտութեան մասին: Այս ուղղութեամբ ան ընդգծեց հոգեմտաւոր առաքելութեան կենսունակութիւնը՝ յայտնելով, որ մեր առաքելութիւնը առաւել եւս պէտք է կեդրոնացնել Սփիւռքի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՌՑԱՆՑ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ԹԵՄԱԿԱԼ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Ուրբաթ, 21 Յունուար 2022-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը շուրջ երկու ժամ առցանց հանդիպում ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմակալ առաջնորդներուն հետ:   Նորին Սրբութիւնը թեմակալ առաջնորդները տեղեակ պահեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու անոր թեմերուն առնչուած ընդհանրական ծրագիրներուն ու կատարուելիք աշխատանքներուն մասին: Ան յատկապէս շեշտեց «Սփիւռքի Տարի»ին առիթով գործնական նախաձեռնութիւններու դիմելու…

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՀԵՏ

«ՍՓԻՒՌՔԻ ՎԵՐԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒՄԸ ԱՆՅԵՏԱՁԳԵԼԻ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆ Է»  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ   Սփիւռքի մասին խօսիլը այսօր տարօրինակ երեւոյթ մը չէ, այլ՝ բնական, որովհետեւ Սփիւռքը տագնապի մէջ է։ Ինչո՞ւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը 2022-ն «Սփիւռքի Տարի» հռչակեց։ Նման հռչակում կատարելու համար, վստահաբար եւ բնականաբար, Վեհափառ Հայրապետը լուրջ պատճառներ ունէր։ Նորին Սրբութեան բնորոշումով, Սփիւռքը սկսած է ծաւալիլ ու տարածուիլ։…

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Հինգշաբթի, 20 Յունուար 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին այցելեց Լիբանանի կրթութեան նախարար Ապպաս Հալապին։   Հանդիպման ընթացքին քննարկումի նիւթ դարձան առաւելաբար կրթութեան նախարարութեան աշխատանքներուն առնչուած ծրագիրները։ Հանդիպումը նաեւ առիթ հանդիսացաւ անդրադարձ կատարելու ընդհանրապէս քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան պարզած ներկայ կացութեան՝ նկատի ունենալով, որ Վեհափառ Հայրապետը միջ-կրօնական ծիրէն ներս մօտէն ճանչցած է նախարար Հալապին։

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ

Չորեքշաբթի, 19 Յունուար 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին տրուած այցելութիւններու շարքին յատկանշական է յիշել.-   ա) Լիբանանի Դեղագործներու Միութեան նախագահ տոքթ. Ճօ Սելլում: Այցելութեան նպատակն էր Նորին Սրբութեան տեսակէտը ունենալ քաղաքացիներուն դեղորայք գնելու համար յատուկ այցեքարտերու ծրագրին իրագործման գծով:   բ) Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Խաղաղութիւն կուսակցութեան նախագահ Ռոժէ Ըտտէ, ընկերակցութեամբ դոկտ. Մկրտիչ Պուլտուքեանի: Հանդիպման…

ԱՂՕԹՔԻ ՇԱԲԱԹ՝ ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

Նախաձեռնութեամբ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին (Ե.Հ.Խ.), ամէն տարի Յունուար ամսուան երրորդ շաբաթը կը յատկացուի աղօթքի՝ քրիստոնէութեան միութեան համար։ Այս ծիրին մէջ երբեմն եկեղեցիներ առանձնաբար եւ երբեմն միասնաբար կրօնական հաւաքներ կը կազմակերպեն եւ աղօթքներու, շարականներու, աւետարանական ընթերցումներու եւ քարոզխօսութիւններու միջոցաւ կը շեշտեն եկեղեցիներու միութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը։   Արդարեւ, Կիրակի, 16 Յունուար 2022-ի երեկոյեան ժամը 6։00-ին, Լիբանանի մէջ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

Շաբաթ, 15 Յունուար 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի շրջանային վարչութիւնը, առաջնորդութեամբ Սեւակ Յակոբեանի։   Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադարձ կատարելու Լիբանանի ընդհանուր կացութեան, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան եւ Վեհափառ Հայրապետին կողմէ հռչակուած «Սփիւռքի Տարի»ի աշխատանքներուն ու ծրագիրներուն։   Այս առիթով, Նորին Սրբութիւնը դարձեալ յիշեցուց, որ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, յատկապէս սփիւռքահայ կեանքին մէջ,…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ. ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ` «ՍՓԻՒՌՔԻ ՏԱՐՈՒԱՆ» ԱՌԻԹՈՎ

Առնուած Ազդակ Օրաթերթէն   Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հրաւէրով, Ուրբաթ, 14 Յունուարին 2022-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում-խորհրդակցութիւն լիբանանահայ մտաւորականներու հետ` 2022 տարին «Սփիւռքի Տարի» հռչակելուն առիթով:   Արամ Ա. Կաթողիկոս օրհնութեամբ եւ սիրով ողջունեց ներկաները եւ գնահատեց հրաւէրին ընդառաջումը` հակառակ երկրին մէջ շարունակուող տեսակաւոր տագնապներուն:   «Այս…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

Ուրբաթ, 14 Յունուար 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի շրջանային վարչութիւնը, գլխաւորութեամբ տոքթ. Աւետիս Տագէսեանի:   Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Լիբանանի ներկայ կացութեան առնչուած հարցեր, որոնց գծով Նորին Սրբութիւնը շեշտեց Լիբանանի հայ համայնքէն ներս գործող կառոյցներուն համագործակցութեան կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ներքին միութեան ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը։ Այս առիթով նաեւ անդրադարձ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ «Ս. ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑ» ՇՔԱՆՇԱՆ ՇՆՈՐՀԵՑ ՍԱՐԳԻՍ ՍՐԿ. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆԻՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով գնահատեց Սարգիս Սրկ. Յովհաննէսեանի հայ եկեղեցիէն ներս երկար տարիներու ծառայութիւնն ու վաստակը:   Հինգշաբթի, 6 Յունուար 2022-ին, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, Ս. եւ Անմահ Պատարագէն ետք Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Բաբգէն Արք. Չարեան ընթերցեց Նորին Սրբութեան Սրբատառ Կոնդակը, ուր Վեհափառ Հայրապետը բարձր կը գնահատէր Սարգիս…

«ԴՈՒՔ ԱՌԱՆՁԻՆ ՉԷ՛Ք…»

Ծառայութեան մեծութիւնը… կեանքի նշանաբանը իւրաքանչիւր հոգեւորականի, որուն ճակատը Անթիլիասի Սուրբ Միւռոնով օծուած է։ Բազմիցս Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետէն լսած եմ ծառայելու վեհութեան մասին։ Ծառայութեան մեծութիւնը տեսայ եւ ապրեցայ մորթիս վրայ, երբ Պուրճ Համուտի Արագած թաղամասին մէջ Հովուապետ եւ հօտ՝ հայր ու որդի զիրար հանդիպեցան։   Երբ մտահոգուած դէմքերը՝ սկսան ժպտալ։ Երբ «Հայրապետը մեզի եկաւ»՝ կը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՔՈՒԷՅԹԻ ԵՒ ՇՐՋԱԿԱՅԻՑ ԹԵՄԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱԿԱՆ ՓՈԽԱՆՈՐԴԸ

Երեքշաբթի, 11 Յունուար 2022-ին, Քուէյթի եւ Շրջակայից Թեմի Կաթողիկոսական փոխանորդ Գերպ. Տ. Պետրոս Ծ. Վրդ. Մանուէլեան, գլխաւորութեամբ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեանի, այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին՝ ստանալու համար անոր օրհնութիւնը։ Յիշենք, որ Հայր Պետրոսը 17 Դեկետմբեր 2021-ին, ձեռամբ Օշական սրբազանին, ստացած էր Ծայրագոյն Վարդապետութեան աստիճանները, որովհետեւ թագաժահրին պատճառով չէր կարողացած մաս կազմել 11…

2022 — ՍՓԻՒՌՔԻ ՏԱՐԻ

Պ Ա Տ Գ Ա Մ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱ­ԹՈ­ՂԻ­ԿՈՍԻ ՄԵ­ԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻ­ԼԻԿ­ԻՈՅ   Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թեմակալ Առաջնորդներուն, հոգեւոր դասուն, Ազգային իշխանութեանց, եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն   2022 տարուան սեմին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսու­թեան Անթիլիասի Մայրավանքէն քրիստոնէական սիրով ու հայ­րապետական օրհնութեամբ կ’ողջունենք Ազգ. Ընդհանուր Ժողո­վը, Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղա­քական ժո­ղովները, Միաբանութիւնը,…

«ՍՓԻՒՌՔԻ ՎԵՐԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒՄԸ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆ Է՝ Ի ԽՆԴԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՈՒ ԱՐՑԱԽԻ ՀԶՕՐԱՑՄԱՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը 2022 տարին հռչակած է ՍՓԻՒՌՔԻ ՏԱՐԻ՝ մեկնած Սփիւռքին պարզած ներկայ իրավիճակէն եւ հայ կեանքին մէջ անոր ունեցած առանցքային դերակատարութենէն։ Առ այդ, Կիրակի, 9 Յունուար 2022-ին, յընթացս Ս. եւ Անմահ Պատարագին, Հայրապետական հռչակագիրը ընթերցուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ՝ «Կիլիկիա» մատենադարանի տեսուչ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի կողմէ։…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ԱՅՑԵԼԵՑ ԿԱՐԻՔԱՒՈՐ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒ

Ուրբաթ, 7 Յունուար 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, իր իսկ նախաձեռնութեամբ, այցելեց Պուրճ Համուտի Արագած շրջանին մէջ ապրող աւելի քան 100 կարիքաւոր ընտանիքներու տուները: Վեհափառ Հայրապետին կ՚ընկերանային առաջնորդ սրբազան հայրը՝ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանը, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանը եւ Լիբանանի երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան նախկին նախարար ու Լիբանանի Ազգ. Առաջնորդարանի Ազգ. Վարչութեան փոխ-ատենապետ…

ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ԵՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԱՅՏՆՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐԱՊԷՍ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

«ՀՈԳԵՒՈՐ ՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԱՆՔԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒՄԸ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆ Է» ՊԱՏԳԱՄԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ   Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով հանդիսաւորապէս եւ մեծ շուքով նշուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան (Մ.Տ.Կ.Կ.) Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։ Արդարեւ, Հինգշաբթի, ­6 Յունուար 2022-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա.…

Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՃՐԱԳԱԼՈՅՑԻ ՊԱՏԱՐԱԳ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Չորեքշաբթի, 5 Յունուար 2022-ի երեկոյեան, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան Ճրագալոյցի Ս. եւ Անմահ Պատարագը։   Ս. Պատարագի աւարտին, Քրիստոսի ծնունդը աւետող շարականներու երգեցողութեան ընթացքին, Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան Ս. Խորանէն վար բերաւ Քրիստոսի լոյսը խորհրդանշող մոմը եւ յանձնեց…

ՖՐԱՆՍԻՍ ՊԱՊԷՆ ՆԱՄԱԿ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Երեքշաբթի, 4 Յունուար 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մօտ Պապական Նուիրակ արքեպիսկոպոս Ժոզէֆ Սփիթերիի այցելութիւնը:   Այցելութեան նպատակն էր Վեհափառ Հայրապետին փոխանցել Նորին Սրբութիւն Ֆրանսիս Պապին նամակը, ուր Սրբազան Քահանայապետը նոր տարուան ու Ս. Ծննդեան առիթով իր բարեմաղթութիւնները կը յայտնէր Վեհափառ Հայրապետին:   Հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ նաեւ ընդհանուր արժեւորում մը կատարելու…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

ԲԵԹՂԵՀԷՄ՝ ԱՂԲԻՒՐ ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻ   Յովհաննէս Առաքեալ իր Առաջին Ընդհանրական Նամակը կը սկսի վկայելով, թէ՝ Որդին, Բանը, որ նոյնինքն կեանքն էր, Բեթղեհէմի ճամբով յայտնուեցաւ մարդուն (1.1-2)։ Այս գծով անհրաժեշտ է հետեւեալ ընդգծումները կատարել.-   — Աստուած՝ ստեղծիչը կեանքին։ Աստուածաշունչը կը հաստատէ, թէ Աստուած ստեղծիչն է կեանքին։ Տիեզերքի մէջ ոեւէ գոյութիւն ինքնագոյ չէ, իր գոյաւորիչը ունի։…

ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՌԱՖԱՅԷԼ ՊԵՏՐՈՍ ԻԱ. ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԷՐԸ

Երկուշաբթի, 3 Յունուար 2022-ի երեկոյեան, Վեհափառ Հայրապետը Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հոգեւոր Տիրոջ՝ սրբազան, գերապայծառ ու վարդապետ հայրերու ներկայութեամբ:   Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ նոր տարուան ու Աստուածայայտնութեան տօներու առիթով բարեմաղթութիւններ փոխանակելու, ինչպէս նաեւ անդրադարձ կատարելու հայ ժողովուրդը յուզող խնդիրներուն: