ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ-ԱՆԿԼԻՔԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ

Արեւելեան Ուղղափառ-Անկլիքան Եկեղեցիներու Աստուածաբանական Երկխօսութեան Միջազգային Յանձնախումբը իր տարեկան հաւաքը կայացուց 24-29 Հոկտեմբեր 2022-ին, Անգլիոյ մէջ՝ վայելելով ղպտի եկեղեցւոյ Լոնտոնի թեմի հիւրընկալութիւնը։ Յանձնախումբը իր ժողովը գումարեց Էսսէքսի Պռէյնթրի աւանին մէջ գտնուող ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ «Պեթել» կեդրոնին մէջ։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ, սոյն յանձնախումբին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը ներկայացնէ միջ-եկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Գերապատիւ…

ՄԱԿԱՐ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱՇԳԱՐԵԱՆ՝ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՆՈՒԻՐԱԿ ԲԵՐԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Բերիոյ Հայոց Թեմի Հայրապետական Նուիրակ նշանակեց Գերաշնորհ Տէր Մակար Եպիսկոպոս Աշգարեանը։   Երեքշաբթի, 25 Հոկտեմբեր 2022-ին, սրբազանը մեկնեցաւ Հալէպ, ընկերակցութեամբ Հոգշ. Տ. Զաւէն. Վրդ. Նաճարեանի եւ Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեանի։   Հայրապետական Նուիրակ սրբազանը անցնող տարիներուն ծառայած է Դպրեվանքէն ներս իբրեւ հսկիչ եւ ուսուցիչ, Յունաստանի մէջ՝ որպէս հոգեւոր հովիւ,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ԺԸՆԵՒ

  Երկուշաբթի, 24 Հոկտեմբեր 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը չորսօրեայ այցելութեամբ մեկնեցաւ Ժընեւ, Զուիցերիա, ընկերակցութեամբ Կաթողիկոսարանի Տեղեկատուական Բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեանի։   Ժընեւի մէջ Նորին Ս. Օծութիւնը յաջորդաբար աշխատանքային հանդիպումներ պիտի ունենայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան առնչուած կարգ մը ծրագիրներու շուրջ։

ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ, ԱՖՐԱՄ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ԵՒ ԹԱՈՒԱՏՐՈՍ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՄԻՋԵՒ

Հոկտեմբեր 17-19 2022-ին, Գահիրէէն (Եգիպտոս) քիչ անդին գտնուող Անպա Պիշոյ վանքին մէջ տեղի ունեցաւ հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ Անտիոքի Պատրիարքութեան եւ ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ Աղեքսանդրիոյ Պատրիարքութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ հանդիպում։ Յայտնենք, որ 1996 թուականին, Վեհափառ Հայրապետին, ասորի եկեղեցւոյ Զաքքա Ա. Պատրիարքին եւ ղպտի եկեղեցւոյ Շնուտա Գ. Պատրիարքին միաձայնութեամբ հաստատուած միջ-եկեղեցական գործակցութեան…

ԴՊՐԵՎԱՆՔԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆՆԵՐՈՒ ԵՒ ԴՊՐԵՎԱՆՔԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՌՑԱՆՑ ԺՈՂՈՎԻՆ

Երեքշաբթի, 11 Հոկտեմբեր 2022-ին, տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի Աստուածաբանական Կեդրոններու եւ Դպրեվանքներու Միութեան (Մ.Ա.Ա.Կ.Դ.Մ. — ATIME) առցանց ժողովը։ Ժողովի ընթացքին, զանազան նիւթերու առընթեր, յատուկ քննարկումի առարկայ դարձան ստեղծագործ մօտեցումներու, բնապահպանման ծրագիրներու եւ միջ-եկեղեցական շարժումի համագործակցութեան մարզերու առնչուող նիւթեր։ Ժողովը նաեւ անդրադարձաւ Մերձաւոր Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Աստուածաբանական նիւթերուն եւ էքիւմէնիք շարժումի գործունէութեան կարեւորութեան։   Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ԳԱՀԻՐԷ

Երեքշաբթի գիշեր, 18 Հոկտեմբեր 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը միօրեայ այցելութեամբ մեկնեցաւ Գահիրէ (Եգիպտոս)։   Վեհափառ Հայրապետը, ղպտի եկեղեցւոյ Պատրիարք Թաուատրոս Բ.ը եւ ասորի եկեղեցւոյ Պատրիարք Աֆրամ Բ.ը հանդիպում պիտի ունենան ընդհանրապէս միջ-եկեղեցական գործակցութեան եւ շրջանէն ներս քրիստոնէական ներկայութեան առնչուած հարցերու գծով։  

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ «ԲԱՐՈՅԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ – ՓԻԼԻՍՈՓԱՅԱԿԱՆ ԱԿՆԱՐԿ –» ԱՇԽԱՏՈՒԹԻՒՆԸ

Ճիշդ տարի մը առաջ (2021 Հոկտեմբերի կիսուն), Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքի տպարանէն, լոյս տեսաւ ՀԱՍԿի Գերմանիոյ մեր աշխատակից դոկտ. Սարգիս Քէհեաեանի բարոյագիտութեան վերաբերեալ «ԲԱՐՈՅԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ — փիլիսոփայական ակնարկ —» արժէքաւոր գիրքը, մեկենասութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին։   632 էջնոց հատորը կը բովանդակէ յառաջաբան մը, վերջաբան մը եւ հետեւեալ տասը մասերը.-   Ներածութիւն, Բարոյագիտութեան…

«ՄԵՐ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅ ՃԱԿԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻՆ՝ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԸ ԵՒ ՎՃՌԱԿԱՆ ՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐՈՒ ԿԱՅԱՑՈՒՄԸ ՊԷՏՔ Է ԿԻԶԱԿԷՏԸ ԴԱՌՆԱՅ ՄԵՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻՆ» ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Հոկտեմբեր 28-31-ին Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք «Համաշխարհային Հայկական Գագաթնաժողով»ի գծով Cilicia TV-ն Կաթողիկոսարանի դիւանատունէն իմացաւ, թէ շուրջ ամիս մը առաջ, Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Գործերու Գլխաւոր Յանձնակատար Տիար Զարեհ Սինանեան հեռաձայնային կապով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը հրաւիրած է յիշեալ «Գագաթնաժողով»ին մասնակցելու: Մեր ազգը եւ յատկապէս Հայաստանը ու Արցախը դիմագրաւող ներկայ տագնապալից ժամանակներուն եւ ներ-Հայաստանեան ոչ-նպաստաւոր պայմաններուն…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ «ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀՊԱՆՈՒԹԻՒՆ ՅԱՆՈՒՆ ԿԱՅՈՒՆ ԱՊԱԳԱՅԻ» ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԻՆ

Օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» մատենադարանի տնօրէն Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան, 28-29 Սեպտեմբեր 2022-ին, յանուն Կաթողիկոսութեան, Երեւանի մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Գրադարանին նախաձեռնած երկօրեայ գիտաժողովին, ուր զեկուցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գրահրատարակչական առաքելութեան պատմական ընթացքին եւ ներկայ իրավիճակին մասին: Զեկոյցը զիրար ամբողջացնող հինգ մասերէ կը…

ՎԵՑ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՄԻԱԲԱՆՆԵՐ ՎԱՐԴԱՊԵՏԱԿԱՆ ԳԱՒԱԶԱՆ ԿՐԵԼՈՒ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆ ՍՏԱՑԱՆ

Հանդիսապետութեամբ եւ տնօրինութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Կիրակի, 16 Հոկտեմբեր 2022-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, յընթացս Ս. եւ Անմահ Պատարագին, հինգ երիտասարդ միաբաններ ստացան վարդապետութեան մասնաւոր իշխանութեան չորս աստիճանները՝ ձեռամբ «Կիլիկիա» մատենադարանի տեսուչ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի եւ խարտաւիլակութեամբ Հոգշ. Տ. Վիգէն Վրդ. Տալգըլըճեանին։   Եկեղեցւոյ ատեանին մէջ, Շահան…

ՎԵՑ ԱԲԵՂԱՆԵՐ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՆ ԻՐԵՆՑ ԱՒԱՐՏԱՃԱՌԵՐԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Օրհնութեամբ եւ գլխաւորութեամբ Սուրբ Աթոռոյս ազգընտիր գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետին եւ ներկայութեամբ վանաբնակ միաբան հայրերու, Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ, Շաբաթ, 15 Հոկտեմբեր 2022-ին տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ուխտեալ Միաբանութեան Վարդապետութեան աստիճանի թեկնածու վեց երիտասարդ հոգեւորականներու վարդապետական աւարտաճառի ներկայացումը՝ Հոգշ. Տ. Աւետիք Աբղ. Տէր Կարապետեանի, Հոգշ. Տ. Անդրանիկ Աբղ. Քիւրիւմեանի, Հոգշ.…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱԽՈՅԵԱՆ ԽԱՉԻԿ ԱՐԺԻՆԵԱՆԸ

Հինգշաբթի, 13 Հոկտեմբեր 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մարմնակազմաւորման ախոյեան Խաչիկ Արժինեանը։ Արժինեան, իբրեւ Լիբանանի ախոյեան, զանազան երկիրներու մէջ մասնակցած է մարմնակազմաւորման մրցանքներու եւ՝ յաջողութիւններ արձանագրած։ Ան 26 տարի առաջ եղած է Դպրեվանքի աշակերտ եւ շրջանաւարտ՝ Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլէճէն։ Այժմ Խաչիկ Արժինեան կը ծառայէ լիբանանեան բանակին մէջ։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄՕՏ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Երեքշաբթի, 11 Հոկտեմբեր 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Վատիկանի մօտ Լիբանանի դեսպան դոկտ. Ֆարիտ Էլ-Խազէնին:   Հանդիպման ընթացքին կատարուած քննարկումներուն առանցքը հանդիսացան Լիբանանի ներկայ քաղաքական կացութիւնը եւ նախագահական յառաջիկայ ընտրութիւնները:

ՍՐԲՈՑ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՈԳԻՈՎ ԲԱՑՈՒԱԾ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԵՑԱՒ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ 2022-2023 ԿՐԹԱԿԱՆ-ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԸ

Կիրակի, 9 Հոկտեմբեր 2022-ին, Սրբոց Թարգմանչաց տօնին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մարդակերտման հնոց Դպրեվանքը, պաշտօնական հանդիսութեամբ մեկնարկեց իր 2022-2023 կրթական—ուսումնական տարեշրջանը, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Կաթողիկոսարանի Վեհարանի դահլիճին մէջ։   Նախագահութեամբ Վեհափառ Հայրապետին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Դպրեվանքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Պարոյր…

ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՈԳԻՆ ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐ ՀԱՅ ԱՆՀԱՏԻ ՄԷՋ

Դարեր շարունակ հայ ազգը, հետեւելով Մեսրոպ-Սահակ շառաւիղին, կրցած է պահել իր լեզուն, մշակոյթն ու արժէքները: Մեր պապերը,  լեզուի քաջարի ֆետայիներ ըլլալով հանդերձ, ի գին ամէն զոհողութեան պահած են մեր ոսկեղենիկ տառերը, որոնք ենթարկուած էին փոշիացումի ու անհետացումի վտանգին:   Սփիւռքեան մեր կեանքէն ներս հոկտեմբեր ամիսը հռչակուած է գիրի ու գրականութեան ամիս, որովհետեւ նոյն ամսուան կիսուն…

ԱՆՆԻՒԹԱԿԱՆ ԳՐԻՉԸ ԱՐԴԷՆ ՍԿՍԱԾ Է ԱՐՁԱՆԱԳՐԵԼ ԴԷՊԻ 95-ԱՄԵԱԿ ՍՈՒՐԱՑՈՂ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մշտաբաբախ եւ աշխուժ սիրտը` դպրեվանքը, իննսուներկու տարեկան եղաւ: Այսօր իննսուներկու տարիներու առաքելութեամբ նշանաւոր հաստափոր ու պատկերազարդ հատորը կը դրուի իւրաքանչիւր հայորդիի առջեւ, որպէսզի զայն թերթատելով` ան ծանօթանայ մեծանուն ու մեծագործ դպրեվանքին:   Երբ կիլիկեան դարաւոր դպրեվանքը Կիլիկիոյ ահաւոր պարպումէն ետք (1920-1922) իր վերածնունդը ապրեցաւ Լիբանանի մէջ (1930-ին), ան կը նմանէր թուլարմատ…

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՇՆՈՐՀԱԼԻ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ՅԱՏՈՒԿ ՀԱՄԵՐԳՈՎ ՊԻՏԻ ՆՇԷ ՍՈՒՐԲ ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՎԱԽՃԱՆՄԱՆ 850 ԱՄԵԱԿԸ

Երկուշաբթի, 3 Հոկտեմբեր 2022-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքի վեհարանէն ներս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Կաթողիկոսարանի Շնորհալի երգչախումբի նորընտիր վարչութիւնը, գլխաւորութեամբ երգչախումբի խմբավար Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի։   Յանուն երգչախումբին, հայր սուրբը որդիական երախտագիտութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, երգչախումբի գործունէութեան նկատմամբ իր ցուցաբերած հայրական հոգածութեան ու զօրակցութեան համար։ Այս առիթով, խմբավար հայր սուրբը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՈՒՍՈՒՑՉԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի 2022-2023 կրթական-ուսումնական տարեմուտի շեմին, Դպրեվանքի սրահին մէջ, գլխաւորութեամբ Սուրբ Աթոռոյս գահակալ Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Արամ Առաջին Վեհափառ Հայրապետին, կայացաւ ուսուցչական ժողով, Շաբաթ, 1 Հոկտեմբեր 2022-ին։ Ժողովին ներկայ էին Դպրեվանքի ուսուցչական կազմէն խումբ մը հոգեւորական եւ աշխարհական դասատուներ։   Դպրեվանքի տեսուչ Հոգեշնորհ Տէր Պարոյր Վարդապետ Շէրնէզեան իր խօսքին մէջ…