ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՈԳԻՆ ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐ ՀԱՅ ԱՆՀԱՏԻ ՄԷՋ

Դարեր շարունակ հայ ազգը, հետեւելով Մեսրոպ-Սահակ շառաւիղին, կրցած է պահել իր լեզուն, մշակոյթն ու արժէքները: Մեր պապերը,  լեզուի քաջարի ֆետայիներ ըլլալով հանդերձ, ի գին ամէն զոհողութեան պահած են մեր ոսկեղենիկ տառերը, որոնք ենթարկուած էին փոշիացումի ու անհետացումի վտանգին:

 

Սփիւռքեան մեր կեանքէն ներս հոկտեմբեր ամիսը հռչակուած է գիրի ու գրականութեան ամիս, որովհետեւ նոյն ամսուան կիսուն կը զուգադիպի հայ ժողովուրդին ազգային-եկեղեցական ամէնէն սիրուած տօնը` Թարգմանչաց տօնը: Սփիւռքի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ մեծ շուքով կը նշուի Թարգմանչաց սրբազան վարդապետներուն յիշատակը:

 

Ս. Թարգմանչաց վարդապետները մեզի կտակեցին հայ ժողովուրդի ինքնութեան եւ գոյատեւման ամէնէն ազդու ու հզօր զէնքը: Ազգի մը ինքնութիւնը փաստող տարրերէն մէկը լեզուն է: Դարեր շարունակ զանազան վայրագ ազգեր տիրապետեցին, աւերեցին ու քանդեցին մեր հայրենիքը, սակայն չկրցան ջնջել մեր լեզուն ու կրօնը: Հոս դարձեալ ինքնութեան հարց գոյութիւն ունի: Այսօր բոլորս ալ պարտաւոր ենք, ո՛չ խօսքով կամ լոզունգներով, այլ գործօն մասնակցութեամբ վերադառնալ մեր հիմքերուն, կառչիլ մեր ազգային բարքերուն, աւանդութիւններուն եւ լեզուին:

 

Թարգմանչաց վարդապետները Աստուծոյ կողմէ տրուած իրենց շնորհքներով յաջողեցան իրենց դրոշմը ձգել հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ: Սակայն այսօր մենք սկսած ենք հաւատարիմ չգտնուիլ Թարգմանչաց սերունդէն մեզի հասած սրբազան ժառանգին եւ նահանջ արձանագրել: Ն. Աղբալեան գրած է հետեւեալ ազդեցիկ նախադասութիւնը. «Ազգ եւ գրականութիւն մեռնում են այն ժամանակ, երբ դադրում են իրենց լեզուն խօսել եւ այդ լեզուով ու գրաւոր արտայայտել իրենց ներաշխարհը»:

 

Հետեւաբար մենք` իբրեւ սփիւռքահայեր, համաշխարհայնացումի հոսանքին մէջ կանգնած, արդեօք սեւեռա՞ծ ենք մեր աչքերը հայ լեզուին, արդեօք պատրա՞ստ ենք վանելու մեր լեզուին ու մշակոյթին սպառնացող բոլոր վտանգները: Ժամանակն է բազմազան եւ արդիւնաւէտ միջոցներով կանխարգիլել ու կասեցնել այս վտանգը, որովհետեւ հայ լեզուի դասաւանդութիւնը հայ դպրոցներէն ներս եւ  անոր գործածութիւնը մեր ընտանիքներուն մէջ սկսած է հսկայական նահանջ արձանագրել: Մեր ծնողներէն շատեր մոռցած են, որ դաստիարակութիւնը, հայկական վարժարան յաճախելը եւ մայրենի լեզուին տիրապետելը հիմնական են ու անհրաժեշտութիւն: Այսօրուան հայ պատանին չէ շահագրգռուած մայրենիի ուսուցմամբ…։

 

Առ այդ, մեր պարտաւորութիւնն է, առաջին հերթին, առաւել եւս թափ տալ եւ գուրգուրանք ցուցաբերել հայ լեզուի դասաւանդման հայկական կրթօճախներէն ներս, զարգացնել  հայոց լեզուին եւ հայերէնագիտութեան նկատմամբ հայ աշակերտին սէրը, որովհետեւ հայ դպրոցը տունն է հայուն ու հայ աշակերտին,  եւ հայ դպրոցը պարտաւոր է հայոց լեզուն լիակատար ձեւով ուսուցանել իր ազգի զաւակներուն: Երկրորդ` հայ լեզուն նկատել ինքնութեան էական ու կենսական յատկանիշը, որ  մեզ կը փրկէ օտար ազդեցութիւններու եւ ձուլումի վտանգէն: Երրորդ` հայ լեզուն պահպանելու միջոցներ որդեգրել: Այսօրուան աշխարհին մէջ այլեւս չենք կրնար աւանդական գործօններ պարտադրել, այլ պէտք է զանոնք վերանորոգել ու վերամշակել: Չորրորդ, ճիշդ է, պէտք է քայլ պահել աշխարհի ժամանակակից գաղափարներու եւ մտածողութեան հետ, սակայն զգուշ պէտք է ըլլալ եւ չխախտել մեր ազգային բարքերն ու աւանդութիւնները եւ դառնալ արթուն պահակները մեր ազգային ժառանգութիւններուն:

 

Տակաւին բազմազան են հայ լեզուի ու մշակոյթի պահպանման ի խնդիր որդեգրելի միջոցները: Թարգմանչաց վարդապետները մէկ պատգամ ունին մեզի փոխանցելիք` կառչած մնալ մեր լեզուին:

 

Սիրելի՛ ընթերցող, դո՛ւն եւս` իբրեւ հայ, Թարգմանչաց սրբազան սերունդի շառաւիղէն հիւս մըն ես. պահէ՛ լեզուդ, խօսէ՛ մայրենիդ եւ զայն տարածէ ամբողջ աշխարհին: Ամրապնդէ՛ զայն կայուն հիմքերու վրայ եւ ազգային երգին բառերով դուն ալ արձագանգէ. «Հայորդի՛ք, որ կ՛ապրիք դուք հեռուն, մի՛ մոռնաք մեր անուշ մայր լեզուն, երգեցէ՛ք եւ միշտ խօսեցէ՛ք, կը տեսնէք, թէ որքան է անուշ»:

 

ԱՐՄԷՆ ԱԲՂ. ԳԱԼԱՃԵԱՆ