8 October, 2022

ԱՆՆԻՒԹԱԿԱՆ ԳՐԻՉԸ ԱՐԴԷՆ ՍԿՍԱԾ Է ԱՐՁԱՆԱԳՐԵԼ ԴԷՊԻ 95-ԱՄԵԱԿ ՍՈՒՐԱՑՈՂ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մշտաբաբախ եւ աշխուժ սիրտը` դպրեվանքը, իննսուներկու տարեկան եղաւ: Այսօր իննսուներկու տարիներու առաքելութեամբ նշանաւոր հաստափոր ու պատկերազարդ հատորը կը դրուի իւրաքանչիւր հայորդիի առջեւ, որպէսզի զայն թերթատելով` ան ծանօթանայ մեծանուն ու մեծագործ դպրեվանքին:

 

Երբ կիլիկեան դարաւոր դպրեվանքը Կիլիկիոյ ահաւոր պարպումէն ետք (1920-1922) իր վերածնունդը ապրեցաւ Լիբանանի մէջ (1930-ին), ան կը նմանէր թուլարմատ ծիլի մը, որուն վրայ կարելի չէր մեծ յոյսեր, ընդարձակ պահանջներ եւ ծանր պարտաւորութիւններ բեռցնել: Սակայն, տարիներու սահանքով, Սահակ Բ. Խապայեան հայրապետին, Բաբգէն Ա. Կիւլէսէրեան կաթողիկոսին եւ Շահէ արք. Գասպարեանին ցանած սերմերը տակաւ առ տակաւ զարգացան, ուռճացան եւ բարգաւաճում ապրեցան` «Ոմանք մէկի տեղ հարիւր, ուրիշներ` վաթսուն եւ կամ երեսուն» (Մտ 13. 8) պտուղ տալով: Այսօր դպրեվանքը դարձած է ա՛յնպիսի պտղաբեր ծառ մը, որուն համադամ պտուղները Լիբանանի նեղ սահմաններէն դուրս ելլելով` սկսած են տարածուիլ հո՛ն, ուր հայորդի կայ:

 

Այսօր սփիւռքը իր բոլոր բնագաւառներով մեծ սպասումներ եւ անյետաձգելի ակնկալութիւններ ունի դպրեվանքէն: Եւ արդարապէս կարելի է հաստատել, որ դպրեվանքը պատրաստ է սպասուածը հայթայթելու: Այսօր դպրեվանքը կ՛ապրի իր ոսկեդարը` նուաճելով յատկանշական եւ ակնբախ բարձունքներ թէ՛ ազգային եւ թէ՛ հոգեւոր մարզերուն մէջ` դառնալով սփիւռքահայութեան համար գիտակից հոգեւորականներ, պատասխանատու ազգայիններ, լաւորակ ուսուցիչներ, բարձրորակ մտաւորականներ եւ ՀԱՅ ՄԱՐԴ կերտող կեդրոն:

 

Պահ մը մտածենք, թէ դպրեվանքը ի՛նչ տուաւ հայութեան իր հիմնադրութենէն ցայսօր:

 

Ամէն բանէ առաջ դպրեվանքը իր առաքելութեամբ հայութեան տուաւ աղօթող մարդը: Այս դժուար օրերուն հայութիւնը ամէն ինչէ աւելի աղօթքի կարիքը ունի: Այսօր Արցախն ու Հայաստանը լուրջ եւ վտանգալից տագնապներ կը դիմագրաւեն մեր աչքերուն առաջ: Այս կացութեան մէջ մեր ազգն ու հայրենիքը կարիքը ունին իրենց համար աղօթողներու: Դպրեվանքը գիտակցելով այդ պահանջին, իր զաւակներուն կը սորվեցնէ աղօթել ազգին ու հայրենիքին համար: Պահ մը կրնա՞նք երեւակայել, թէ ի՛նչ կ՛ըլլար մեր ժողովուրդին վիճակը, եթէ իրեն փրկութեան ու բարօրութեան համար աղօթողներ չըլլային: Այո՛, այսօր դպրեվանեցին, օրինակ ունենալով մեր Տէրն ու Փրկիչը` Յիսուս Քրիստոսը, պիտի երթայ մեր ազգի զաւակներուն մօտ եւ անոնց պիտի սորվեցնէ նախ աղօթել, ապա` աղօթական կեանքը ապրիլ: Ազգին կողքին, դպրեվանեցին կ՛աղօթէ նաեւ աշխարհի խաղաղութեան համար: Այսօր աշխարհը եւս իրեն համար աղօթողներու պակասը ունի: Եւ դպրեվանեցին գիտակցելով այդ կարիքին` ամէնօրեայ ժամերգութիւններուն եւ իր անձնական աղօթքներուն միջոցով կը ձգտի իր աղօթքի լուման դնել աշխարհիս աղօթքի գանձանակին մէջ: Բիւր յարգանք ու շնորհակալիք ձեզի, սիրելի՛ աղօթահամ, օրհնող, օրհնաբանող ու բարեխօսող շուրթեր ունեցող դպրեվանեցիներ:

 

Դպրեվանքը իր առաքելութեամբ հայութեան տուաւ հայագէտ մարդը: Այսօր, ուզենք թէ ոչ, մեր մայրենի լեզուն վտանգուած է եւ նահանջ կ՛ապրի: Այսօր հայոց լեզուն իր ցաւալի տեղը գտած է աշխարհի վտանգուած լեզուներու ցանկին մէջ: Դպրեվանքը գիտակցելով իր ուսերուն դրուած այս ծանր բեռին` իր զաւակներուն կը սորվեցնէ բիւրեղ եւ սահուն հայերէն: Նայեցէ՛ք ձեր չորս կողմը եւ տեսէ՛ք, թէ դպրեվանեցին` հոգեւորական թէ աշխարհական, աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող հայ ազգի եւ մանաւանդ հայագիտական կեդրոններուն մէջ իր անսակարկ ծառայութիւնն ու ներկայութիւնը կը բերէ:

 

Դպրեվանքը իր առաքելութեամբ հայութեան տուաւ ազգը սիրող մարդը: Այսօր ձուլումը իր կործանարար դերը կը կատարէ աշխարհի բոլոր ազգերուն մէջ, որոնցմէ անմասն չի մնար հայ ազգը: Դպրեվանքը անդրադառնալով այս երեւոյթին` իր զաւակներուն կը սորվեցնէ հայ ազգին անքակտելիօրէն կապուած մնալ: Պահ մը նայեցէ՛ք մեր ազգին կեանքը եւ տեսէք, թէ դպրեվանեցին` աշխարհական թէ հոգեւորական, ներկայութիւն է հայ մշակոյթին, Հայ դատին, ազգային համերգներու, պահանջատիրական ցոյցերու եւ հայութեան շահը հետապնդող այլ գործերու մէջ. ի մի բան` հայ ազգին հետ կապուած ամենամանրակրկիտ մանրամասնութիւններուն մէջ:

 

Դպրեվանքը իր առաքելութեամբ հայութեան տուաւ առանց ձանձրանալու ծառայող մարդը: Այս դժուար օրերուն մեր ազգը կարիքը ունի սիրայօժար ու նուիրեալ ծառայողներու, եւ փաստօրէն դպրեվանքը իննսուներկու տարիներու ընթացքին իր ծառայութեան անսպառ հունտերը ցանեց ու կը ցանէ դպրեվանեցիներուն տղայական սրտերուն մէջ:

 

Դպրեվանքը իր առաքելութեամբ հայութեան տուաւ ԳԼԽԱԳԻՐ ԵՒ ԵԶԱԿԻ ՄԱՐԴԸ:  Այս մէկը անտարակոյս դարձաւ դպրեվանքի իննսուներկու տարիներուն իւրայատուկ եւ անօրինակ ձիրքը: Հարիւրաւոր դպրեվանեցիներ իննսուներկու տարիներուն ընթացքին մաքրուեցան, յղկուեցան, տաշուեցան, ձեւաւորուեցան եւ լեցուեցան, որպէսզի հայ ազգին երթան իբրեւ գլխագիր եւ եզակի մարդ:

Վերջապէս,  դպրեվանքը իննսուներկու տարիներուն ընթացքին դարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ծառայութեան գլխաւոր հարստութիւնը: Կարելի չէ երեւակայել հայ սփիւռքը` առանց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքին: Քանի՜ քանի՛ հոգեւոր թէ աշխարհական առաջնորդներ, տնօրէններ, խմբագիրներ, հասարակական կեանքի նուիրեալներ իրենց ծառայական կեանքին պատրաստութիւնը առին դպրեվանքէն:

Դպրեվանքը 92-ամեակի այս կարեւոր հանգրուանին վրայ կատարեց իր անցնող տարիներու հաշուեյարդարը ու արդարապէս փառաւորուեցաւ: Հիմա նոր էջ մը բացուած է դպրեվանքի պատմութեան համար: Աննիւթական Գրիչը արդէն իսկ սկսած է գրել դէպի 95-ամեակ երկարող պատմութիւնը, որուն դերակատարները գլխաւորապէս մենք` դպրեվանեցիներս եւ հոգեւորականներս, պիտի ըլլանք:  Գիտակցութեամբ պիտի կատարենք այս ծանր պարտականութիւնը հետեւելով կեանքի սկզբունքին` ընթացք դէպի կատարելութիւն: Ուրախանալ ու հպարտանալ մեր նախորդներու վաստակներով` շատ բնական է, բայց անոնցմով գինովնալ` ընդունելի չէ մեզի համար: Եթէ դպրեվանքին քարքարուտ ճանապարհը առաջին իննսուներկու տարիներուն եղաւ նուաճումի՛ ճամբայ, պէտք չէ մեզմով  տեղքայլի կամ նահանջի ուղի ըլլայ: Ուրեմն, մեր աչքերը յառելով դէպի փառաւոր հարիւրամեակ` պիտի շարունակենք մեր նախնիներուն գործը` փորձելով  հնարաւորինս սփիւռքահայութեան բարօրութեան համար անմար ջահ ըլլալ:

 

ԱՌԱՔԵԼ ԱԲՂ. ԳԱՏԵՀՃԵԱՆ