ՍՐԲԱԼՈՅՍ ՄԻՒՌՈՆ՝ ԱՆՑԵԱԼԻ ՀԱՒԱՏՔ, ՆԵՐԿԱՅԻ ՊԱՏԳԱՄ ԵՒ ԱՊԱԳԱՅԻ ՏԵՍԻԼՔ

Մասնակի ակնարկութիւններով ու ընդարձակ բացատրութիւններով օծման անուշաբոյր իւղին՝ երկնաբոյր Միւռոնին, նախագործածութեան ձեւն ու պատրաստութեան մանրամասնութիւնները կը տեսնենք Հին Կտակարանի էջերուն մէջ: Սակայն, քայլ մը աւելի խորանալով, զայն կը գտնենք Հօր Աստուծոյ ստեղծագործ Խօսքին մէջ, երբ Ան կ’արարչագործէ լոյսը, որ ընդմիշտ բարի եւ սուրբ է: Ահաւասիկ սրբալոյս Միւռոնին նախապատկերը ստեղծագործութեան պատմութեան մէջ: Հոն, տեսանելի ու շօշափելի իւղէ մը անդին, կը պատկերուի Աստուածային զօրութիւնը, որմէ կոյրեր լոյս աշխարհի կը ծանօթանան, կաղեր կը քալեն, համրեր կը խօսին ու ախտեր կը փարատին: Այո՛, յաւիտենական փայլատակումէն մեզի հասած զգալի ճառագայթ մըն է Միւռոնը:

 

Որքա՜ն անիմանալի ու անըմբռնելի մեծութիւն է Աստուած, որ Իր իսկ արարչագործութեան ընդմէջէն կը մօտենայ Իր ստեղծագործութեան: Կենսատուն՝ կենսունակ բերքով կ’այցելէ մարդկութեան, կ’օծէ ու կը սրբէ զայն: Տէրը, գետնէն բուսած ծաղիկներով, անոնց հիւթերով, կնդրուկի տեսակներով, ստորերկրեայ արմատներով ճոխացուած ձիթաիւղով երկինքը կը միացնէ երկրին՝ տաճարներ ու քահանաներ օծելով: Արդարեւ, Աստուծոյ պարգեւատու աջին առատաձեռնութեան պերճախօս արտայայտութիւնն է Միւռոնը: Անհասկնալի, բայց իրաւ…:

 

Այս յօդուածով, մարդկային կարողութեան սահմաններուն մէջ, սրբալոյս Միւռոնէն բխող լոյս ճշմարտութիւնները փոխանցելու ճիգն է որ պիտի կատարուի: Ուստի, կեդրոնանանք Միւռոնի խորհուրդը յայտնող երեք իրականութիւններու վրայ.-

 

Ա) Միւռոնը հաւատք է: Սովորական անուշաբոյր իւղ ըլլալէ վեր, քրիստոնէական վսեմ հաւատքին արտայայտութեան ամենահարազատ ու տիեզերականացած արտացոլացումը հանդիսացած է Միւռոնը: Չկայ քրիստոնեայ առանց միւռոնաօծութեան: Աւանդական կոչուած եկեղեցիներու ընտանիքին մօտ, Միւռոնը սրբութիւն սրբոց կը սեպուի: Այսպէս.- ինչպէս գինին ու նշխարը Աստուածային խորին խորհուրդով ճշմարտապէս կը փոխարկուի մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի արեան ու մարմնոյն, նոյնպէս՝ բազմատեսակ իւղերու, հիւթերու, արմատներու ու ծաղիկներու միացումով գոյացած Միւռոնը, աղօթքներով ու շարականներով կը փոխարկուի Աստուածային շտեմարանի, ուրկէ կը բաշխուի Ս. Հոգւոյն շնորհքները (Կիւրեղ Երուսաղէմացի): Ուրեմն, Քրիստոսի արեան ու մարմնոյն չափ անհրաժեշտ է Միւռոնի օծութիւնը: Միւռոնի միջոցաւ Սուրբ Հոգին կը հանգչի մեր վրայ, իսկ դրոշմի խորհուրդով Ամենասուրբը կը մաքրէ մարդուն մարմնի անդամները եւ կը վերածէ նորաօծ տաճարի (Կղէմէս Աղեքսանդրացի): Հետեւաբար, այս իւղով օծուածները միայն կարելի է Քրիստոնեայ կոչել, որովհետեւ Միւռոնով մարդկային ամբողջ էութիւնը կ’օծուի ու կը սրբուի. Միւռոնով մարդը կը դառնայ Աստուծոյ օծեալը, այսինքն՝ Քրիստոսի ուղիէն ընթացողը (Ս. Կիպրիանոս): Այս բոլորը գիտնալով, կարելի չէ Միւռոնը դիտել յատուկ նեկտարներու ու արմատներու միախառնումով պատրաստուած լոկ անուշաբոյր իւղ, այլ հարկ է հայիլ անոր իբրեւ շարժում ու կեանք ունեցող իրականութիւն: Ձիթաիւղը կամ բալասանը չէ որ զայն կը վերածէ Աստուածային զօրութեան: Միթէ կլիմայական պայմաններու բերումով աճող բոյսը Տիրոջ օրհնաբեր ներկայութեան երաշխի՞քն է: Քաւ լիցի: Հայ աշխարհի ցուրտ օդին պատճառով նաեւ շուշմայի ձէթով պատրաստուած է Միւռոնը, եւ սա տառէն անդին ոգիին նկատմամբ մեր ունեցած կառչածութեան ապացոյցն է: Մեր հաւատքին համաձայն, Հայրապետին աղօթքն ու օրհնութիւնն է որ աստուածային շնորհքը կը միացնէ ձէթին հետ: Հետեւաբար, առաւել կամ նուազ բան չկայ եթէ ձէթը ծառի պտուղէն կամ բոյսէն հանուած ըլլայ (Ս. Ներսէս Շնորհալի):

 

Այսպէս բնորոշուած է Միւռոնը սուրբ հայրապետներուն կողմէ: Այսպէս հաւատացած են մեր նախնիները: Այս աւանդուած է մեզի, եւ մենք ա՛յս հաւատքով ու հաւատարմութեամբ կը պահենք աւանդութիւնը ու ա՛յս գիտակցութեամբ կը մօտենանք Սրբալոյս Միւռոնին:

 

Բ) Միւռոնը պատգամ է: Իր մէջ գաղափար ունեցող իւրաքանչիւր բառ, իւրաքանչիւր նախադասութիւն եւ իւրաքանչիւր արտայայտութիւն նշանաբան մը կամ կարգախօս մը կը բովանդակէ: Իսկ իր մէջ կեանք ունեցող իւրաքանչիւր նիւթ երկնային պատգամ մը կը փոխանցէ: Աշխարհ մոլորակը, իր ունեցած կենսատու նիւթերով, զԱստուած քարոզող ու Արքայութիւն նկարագրող հռետոր վկան է: Իսկ, այս նիւթերուն միացումով գոյացած Միւռոնը առաքինի գաղափարներու ու Քրիստոսաւանդ ուսուցումներու ամբողջութիւնն է:

 

Դարերէ եկող, սակայն չհինցող. պատմութենէն եկող, սակայն պատմութեան մէջ չթաղուող Միւռոնի պատգամներէն է շուրջ 90 տարի առաջ Երջանկայիշատակ Բաբգէն Աթոռակից Կաթողիկոսի Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ արտասանած մէկ խօսքը, որ եղբայրական սերտ զգացումներով զարդարուած համերաշխութեան կոչ մըն էր ժողովուրդին: Թերեւս ան, պահ մը մտովի կը միանար 1915-ի նահատակներուն, կը յիշէր արիւնաօծ բազմութիւնը հայորդիներուն, եւ առ Տէր կ’աղաչէր, որպէսզի օրհնուած Միւռոնով հաստատուին խաղաղութիւնն ու սէրը հայ հասարակութեան մէջ:

 

Միւռոնի յաւիտենական պատգամներէն է իրարահասկացողութիւնը: 1949-ի առաւօտուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան խորհրդանիշ եւ սիրտ՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարէն հնչող Երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Կաթողիկոսի ձայնը հայութիւնը կը հրաւիրէր իրարահասկացողութեան: Կը յիշեցնէր Երջանկայիշատակ Հայրապետը, թէ Միւռոնը հայուն համար ինքնութեան օծում է եւ պատմական գիտակցութեան դրոշմ:

 

Միութեան կը կանչէր Միւռոնը, Երջանկայիշատակ Զարեհ Ա. Կաթողիկոսին բերնով: Աղերս ունէր Հայրապետը, որ Սուրբ Հոգին իջնէ հայ ազգին վրայ եւ այդպիսով անիկա դառնայ մէկ հօտ, մէկ հովիւ եւ մէկ եկեղեցի՝ Միւռոնով օծուած եւ անքակտելի կերպով իրար միացած:

 

Պարտաճանաչութեան ոգին էր որ կը փոխանցուէր Սուրբ Խորանէն 1965-ի Մայիսին, Երջանկայիշատակ Խորէն Ա. Կաթողիկոսի պատգամով: Ան Միւռոնին մէջ կը տեսնէր պարտաճանաչութեան պատգամը, որ երկնաձիր է ու ցանկալի: Նման միւս Հայրապետներուն, ան եւս կ’աղօթէր առ Ամենակալին Աստուծոյ, որ անփորձանք ու անխռով պահէ հայ Միւռոնով օծուած փառապանծ ազգը հայկազնեան:

 

Հայութիւն կը պատգամէր Միւռոնը Երջանկայիշատակ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին համար: Հայ էր ան՝ որ կը մկրտուէր հայ աւազանէն ու կը դրոշմուէր բուրումնաւէտ հայ Միւռոնէն:

 

Ահաւասիկ Սրբալոյս Միւռոնը: տասնամեակներ ու դարեր շարունակ աշխարհը յուզող տագնապներուն ու դժուարութիւններուն ուղեցոյց պատգամներ փոխանցեց՝ մեր հայրապետներուն լուսաբաշխ ու հոգեշահ խօսքերուն ընդմէջէն:

 

Իսկ վաղուան համար լո՞ւռ է Միւռոնը: Բնաւ երբեք…:

 

Գ) Միւռոնը տեսիլք է: Միւռոնը Միւռոնուածին համար մտքի լոյս եւ խոհականութեան հուր է: Իբրեւ քրիստոնեաներ ապագան կը դիտենք յուսով ու տեսիլքով: Այս տարի տեսիլքի ու յոյսի իւղն է որ կ’օրհնուի ու կը պատրաստուի երախաները Աստուծոյ որդիներ եւ մարդը ապագայատեսիլ երկնախօս արարած դարձնելու: Այս գաղափարներուն ներշնչումը կը գտնենք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի պատգամներուն մէջ: Միւռոնը անցեալէն՝ ներկայ, ու ներկայէն՝ ապագայ երկարող իբրեւ ոսկէօղակ կամուրջ կը ներկայացնէ Վեհափառ Հայրապետը, եւ հրաւէր կ’ուղղէ հայ ազգին այդ ճամբէն քալելու: Նորին Սրբութիւնը հայութեան հորիզոնին վրայ ինքնավստահութեան ոգին ամրապնդելու տեսիլքը պարզելով կ’ըսէ. «Մենք անցեալ չենք, մենք պատմութիւն չենք, այլ անցեալէն եկող ու ներկայի մէջ ապագան տեսիլքով ապրող ու պայքարող ազգ ենք…: Միւռոնը մեզ ապագային նայելու ամուր ինքնավստահութեամբ ու պայծառ տեսիլքով կը ջրդեղէ՝ մեր կեանքը աստուածային շնորհքներով հարստացնելու, մեր հաւատքը զօրացնելով, մեր վճռակամութիւնը կռանելով, մեր կեանքի ճամբան լուսաւորելով»:

 

Երիտասարդը միայն ներկան խանդավառողը, ոգեւորողն ու ներշնչողը չէ, այլ՝ ազգի մը գոյատեւման երաշխիքը: Եթէ կ’ուզենք սերունդներու գանձ մը ժառանգել, արժէք մը փոխանցել կամ սրբութիւն մը պահել երիտասարդութիւնը պէտք է կռանել: Վեհափառ Հայրապետը 2008-ին ապագայասլաց պատգամով Միւռոնօրհնութեան պահուն երիտասարդութիւնը զգաստութեան կը հրաւիրէր՝ ըսելով. «Արթուն կաց հայ երիտասարդ. Ամէն տեղ ու ամէն վայրկեան քու շուրջդ փչող հովերն ու հոսանքները թող չհեռացնեն քեզ քու արմատներէդ…: Դուն քու ճակտիդ ունիս դրոշմը հայ Միւռոնին: Ամուր պահէ հաւատքդ, անբիծ՝ հայ Միւռոնը, ու ներկայ աշխարհի փոթորիկներուն մէջ կեանքդ վերածէ հոգեւոր ու ազգային արժէքներով օծուն Միւռոնաբոյր կեանքի»:

 

Ազգի մը համար նահատակներ յիշելը հաւաքական գիտակցութեան նշանն է: Իսկ փոքր ազգի մը համար նահատակները ոգեկոչելը սրբութիւն է: Այս սրբութիւնը կարելի է պահել ու ապագայի գիտակցութեան վերածել միայն պահանջատիրական ոգիով: Վերջապէս, 2015-ի Միւռոնօրհնէքին Վեհափառ Հայրապետին կողմէ ճշդուեցաւ մեր յառաջիկայ 100-ամեակը ապահովող երրաբառ նշանաբանը՝ «Յիշել, յիշեցնել ու պահանջել», այլ խօսքով՝ անցեալը չմոռնալ, ներկային յիշեցումներ կատարել եւ ապագային համար պահանջել: Հայրապետը, իր պատգամին մէջ կ’ուխտէր պահանջատիրական երթը վերանորոգ հաւատքով շարունակել, եւ Միւռոնի երկնային զօրութիւնը կը միախառնէր հայ ազգի գոյապայքարի կամքին՝ ըսելով. «Սրբալոյս Միւռոնին օրհնութիւնը կոչ մըն է մեր ժողովուրդի զաւակներուն՝ մեր պահանջատիրական պայքարը Միւռոնի հոգեւոր զօրութեամբ թրծելու»:

 

Այս բոլոր ճշմարտութիւններուն լոյսին տակ արժան է, որ հիմա, յօժար ծնրադրութեամբ եւ կատարեալ երկիւղով՝ Սուրբ Հոգւոյն տեսանելի ու շօշափելի ներկայութեան դիմաց դողդղալով առ Աստուած երգել. «Սուրբ, սրբէ անդրանիկդ՝ հայ ազգը ողջ, մեղքերէ ու յանցանքներէ. Սուրբ, բժշկէ վկաներդ, ախտերէ ու անճարակ հիւանդութիւններէ. Սուրբ, փրկէ ժողովուրդդ, երեւելի ու աներեւոյթ թշնամիներէ. Ամէն»:

 

ՍԱՐԳԻՍ ԱԲՂ. ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ