Կամօքն Աստուծոյ, 1 Յուլիս 2022-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սրբազնագոյն Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ կանոնական աղօթքով եւ մեր հաւատոյ հայր Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Ս. Աջով եւ այլ սուրբերու մասունքներով կաթողիկոսարանի մայրավանքին մէջ պիտի կատարէ սրբալոյս միւռոնի օրհնութիւնը։
Միւռոնը ձիթաիւղի եւ դափնիի իւղի հետ միախառնուած անուշաբոյր բոյսերով պատրաստուած իւղ է, որ կը գործածուի սրբագործելու եւ նուիրագործելու ամէն անձ կամ սպաս, որ Աստուծոյ ծառայութեան նուիրուած է։
Սուրբ իւղի գործածութիւնը աստուածաշնչական ժամանակագրութեան մէջ ետ կʼերթայ մինչեւ Մովսէս մարգարէ։ Հին կտակարանի Ելից գիրքին մէջ կը կարդանք, թէ Աստուած Մովսէսին պատուիրեց, որ սուրբ օծութեան իւղ պատրաստէ, թուելով անոր բաղադրութիւնը, եւ թելադրեց անոր որ սուրբ իւղով օծէ Աստուծոյ պաշտամունքին հետ կապուած բոլոր վայրերն ու առարկաները։ Ինչպէս նաեւ թելադրեց օծել Մովսէսի եղբայրը՝ Ահարոնը եւ անոր որդիները քահանայութեան համար։ Կʼօծուէին նաեւ մարգարէներ եւ թագաւորներ, ինչպէս Դաւիթ թագաւոր։ (Ելից 30.22-30)
Քրիստոնէական առաջին շրջանէն իսկ, առաքելական շրջանէն, իւղով օծելու սովորութիւնը պահուած է։ Սուրբ իւղի օծումը կը խորհրդանշէ աստուածային շնորհքներուն ստացման տեսանելի արտայայտութիւնը։ Սուրբ Հոգիին ներգործութեամբ կենդանացած մկրտութեան ջուրէն հոգեւորապէս ծնած քրիստոնեան կը դրոշմուի, կը կնքուի սուրբ միւռոնով՝ ի նշան Ս. Հոգւոյն շնորհքներու ստացման։ Կը դրոշմուին մկրտուողին մարմնի անդամները՝ ճակատը, աչքերը, ականջները, քիթը, շրթունքները, սիրտը, ձեռքերը, կռնակը եւ ոտքերը։ Իւրաքանչիւր անդամ իրեն յատուկ աղօթքով։
Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան համաձայն, առաջին միւռոնը օրհնած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ։ Այնուհետեւ, ամէն անգամ օրհնուող նոր միւռոնին մէջ միշտ միախառնուած է հին միւռոնէն, այսպէսով սերունդէ սերունդ փոխանցելով լուսաւորչաւանդ միւռոնի հնաւանդ սրբալոյս շնորհը։
Հայ Եկեղեցւոյ կանոնին համաձայն, միւռոնօրհնէք կը կատարուի եօթը տարին անգամ մը։ Միւռոնի պատրաստութիւնը կը կատարուի քառասունէ աւելի ծաղիկներ եւ այլ անուշաբոյր նիւթեր ձիթաիւղի եւ դափնիի իւղի մէջ խառնելով, երկու օրեր շարունակ հանդարտ կրակի վրայ եփելէ ետք, կը տեղադրուի միւռոնի կաթսային մէջ եւ ապա կը զետեղուի կաթողիկոսարանի Մայր Տաճարի խորանին վրայ, ուր կը մնայ քառասուն օրեր։ Այդ միջոցին, ամէն օր եկեղեցական ժամերգութեանց ընթացքին կը կարդացուին յատուկ աղօթքներ եւ սաղմոսներ։
Հայ Եկեղեցւոյ մէջ, միւռոնօրհնէք կատարելը Կաթողիկոսի առանձնաշնորհումներէն մին է։ Պատրաստութենէն քառասուն օրեր ետք, Կաթողիկոսը, յընթացս սուրբ պատարագի, շրջապատուած հանդիսաւորʼապէս զգեստաւորուած 12 եպիսկոպոսներով կը կատարէ սուրբ միւռոնի օրհնութիւնը, հին միւռոնէն նորին մէջ խառնելով եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Ս. Աջին մասունքով օրհնելով։
Սրբալոյս Միւռոնը Հայ Եկեղեցւոյ միութեան վեհագոյն խորհրդանիշն է։ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան Ս. Էջմիածնի մէջ միւռոնօրհնէքին ներկայ կʼըլլան ու կը մասնակցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պատուիրակ եպիսկոպոսներ. փոխադարձաբար Մեծի Տանն կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի կաթողիկոսարանին մէջ կատարուած միւռոնօրհնէքին կը մասնակցին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան եպիսկոպոս պատուիրակներ, որոնք իրենց հետ կը բերեն միւռոն եւ արարողութեան ընթացքին կը խառնեն նոր օրհնուող միւռոնին մէջ։ Այդ հոգեթով պահուն ներկայ ուխտաւոր հաւատացեալները իրենց անզսպելի բերկրանքն ու գոհունակութիւնը կʼարտայայտեն անզսպելի հրճուագին ծափահարութիւններով։ Եթէ նոր միւռոնին մէջ հին միւռոնէն խառնելը կը խորհրդանշէ դարերու լուսաւորչաւանդ օրհնութեան շարունակականութիւնը, ապա նաեւ երկու կաթողիկոսութիւններու միւռոններու միախառնուիլը կը խորհրդանշէ Հայ Եկեղեցւոյ միութեան եւ մէկ սրբալոյս միւռոն ունենալուն իրականութիւնը։ Այլ կարծիքներու եւ համոզումներու տեղի տուող տարակարծութիւններու պատճառները հետեւանք են, հայ ժողովուրդի ապրած ու դիմագրաւած պատմաքաղաքական եւ աշխահագրական տարապայման հարկեցուցիչ պարագաներու, որոնք դարերէ ի վեր առ այսօր ալ կը յամենան։ Անկասկած սակայն, ի լրումն ժամանակի, այդ բոլոր պարագաները՝ հայ ժողովուրդի ողջախոհ եւ իրապաշտ տնօրինումով պիտի չքանան եւ Հայ Եկեղեցւոյ միութիւնը շատ աւելի պայծառ եւ գեղեցիկ կերպով պիտի դրսեւորուի մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ։
Սրբալոյս միւռոնը տեսանելի խորհրդանիշն է Ս. Հոգւոյ շնորհներուն աղբերացման մեր կեանքէն ներս։ Իւրաքանչիւր միւռոնօրհնէք, Ս. Հոգւոյ շնորհներու զեղման շարունակականութեան առհաւատչեայ է։ Միւռոնօրհնէքը, մեր ժողովուրդի զաւակներուն կեանքին մէջ հոգեւոր ապրումներու արծարծման եւ ջերմեռանդ հաւատքի հաստատման օրհնալի առիթ է։
Հայ Եկեղեցւոյ աւազանէն նորոգ մկրտեալի ճակտին դրոշմուած միւռոնը Ս. Հոգւոյն շնորհներուն ստացման կողքին, հայութեան կնիքն է։ Սրբալոյս միւռոնը հայուն հաւատքն ու ազգութիւնը զօդող յօդակապն է։ Ս. Գրիգոր նարեկացիի Նարեկ աղօթամատեանի սրբալոյս միւռոնին նուիրուած աղօթքին մէջ հետեւեալ բառերուն՝ «…երբ Սուրբ Երրորդութեան ներգործութիւնը կը խառնուի անոր (միւռոնին) մէջ, անիկա կʼըլլայ շնորհաց ճառագայթ, որ կը շքաւորէ մեր դէմքը, կը գեղեցկացնէ երեսը» հայկական ժողովրդային հարազատ մէկ արտայայտութիւնն է շնորհալի անձին համար ըսել, որ ճակտին միւռոն կայ, եւ հակառակը, անշնորհ մարդուն համար ըսել՝ ճակտին միւռոն չկայ։
Միւռոնօրհնէքի առիթն ու արարողութիւնը հաւատացեալները առինքնող համազգային ուխտագնացութիւն է։ Անգամ մը եւս, մեր ժողովուրդի զաւակները հրաւիրուած են սրբալոյս միւռոնին հետ հաղորդուելու եւ հոգեպէս զուարթանալու ու պայծառանալու եւ հայկական ինքնութեամբ ամրապնդուելու։
Գեղամ Արք. Խաչերեան
Առաջնորդ Յունաստանի Հայոց