ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆԴ ՄԻՒՌՈՆԸ

Ինքնութիւ՜ն…

 

Վեհ անուն, արժէք եւ մարդուն դիմաց դրուած գիտակից պարտականութիւն։

 

Ինքնութիւ՜ն…

 

Մարտահրաւէր, ճշմարտութիւն, յաւերժութեան հրամայական եւ երաշխիք։

 

 Ինքնութիւ՜ն…

 

Հայուն վայել, Հայուն պատմութիւնը կերտող բառ եւ առաւել կեանք ապահովող հիմք։

 

Յուլիս մէկին, կրկին անգամ Անթիլիասի Մայրվանքին մէջ պատմութիւն պիտի կերտուի՝ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, հակառակ Լիբանան երկրի մտահոգ կացութեան, Լոյսը՝ Սուրբ Հոգին, կրկին անգամ իր ճառագայթները պիտի արձակէ։ Յոյսը՝ Սուրբ Հոգին, կրկին անգամ իր ջերմութեամբ պիտի սփոփէ բազմահազար սրտեր։ Զօրութիւնը՝ Սուրբ Հոգին, կրկին անգամ իր էջքով իր հետ պիտի բերէ Աստուածային օրհնութիւններն ու բարեբեր աւետիսը, թէ ահա Հոգին Սուրբ կը հանգչի տառապեալ Կաթսային մէջ՝ բուժելու, խրախուսելու եւ ի վերջոյ Հայուն իսկական ինքնութիւնը կրկին անգամ դէպի անմահութիւն առաջնորդելու։

 

Յուլիս մէկին, Սուրբ Միւռոնի մէկութեամբ պիտի միաւորուինք մենք բոլորս, պիտի նոյնանանք նոյն արժէքին հետ, նոյն արժէքին համար, հին պատմութեան հետ նոր պատմութիւն կերտելու համար։ Կիլիկիոյ Սուրբ Աթոռէն լսուող աղօթքը, պաղատանքն ու աղաչանքը, վստահաբար, պիտի լսուին եւ անոր ընդառաջ պիտի վերահաստատուի Հայուն ուխտը, հանդէպ Մեծ Վարդապետին՝ Քրիստոսի։ Կիլիկիոյ տառապեալ սակայն աննահանջ Կաթողիկոսութիւնը կրկին անգամ պիտի դրոշմէ օրհնեալ եւ բուրումնաւէտ անուշաբոյր իւղին սեփականութիւնը, շարունակականութիւնը եւ պատկանելիութիւնը Լուսաւորիչ Հայրապետին թողած ժառանգին։

 

Յուլիս մէկին, կրկին անգամ պիտի վերյիշենք այն ցաւոտ օրերը, ուր մեր նախահայրերը տեղահանուելով հասան Հալէպ եւ Լիբանան։ Այդ պատմութեան մէջ կան ցաւն ու արցունքը, կայ Միւռոնի թաղման դէպքը, որ այսօր իւրաքանչիւրիս  կը դնէ մեծ պարտաւորութեան դիմաց, որպէս քաղցր լուծ պահելու աւանդը Կիլիկեան, եւ առաջնորդուելու մեր Սրբազան Հայրապետներու օրինակին։

 

Յուլիս մէկին, Կիլիկիոյ բռնագրաւեալ պատերն անգամ պիտի վկայեն, թէ ահաւասիկ պայքարը կը շարունակուի, թէ ահա այն Հաւատքի Հայրապետը՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հինգերորդ անգամ ըլլալով կու գայ հին Միւռոնը նորին խառնելու, անոր Օրհնեալ ձեռքերով օրհնելու Հայ ազգը եւ վերանորոգելու հաւատարմութեան ուխտը հանդէպ մեր պահաջատիրութեան։

 

Ինչքան չարչարանք տեսաւ Հայ Ազգը, մանաւանդ վերջին մի քանի տարիներու ընթացքին, ինչքան յուսալքութիւն, դժուարութիւն ապրեցաւ Հայ Ազգը,  ինչքան զոհեր տուաւ՝ ի գին Հայրենիքի փրկութեան։ Դժբախտութիւններու ցանկը կրնայ երկար թուիլ, սակայն մենք չենք գիտեր ընկրկիլ, չենք գիտեր յուսահատիլ, չենք գիտեր տկարանալ։ Յուլիս մէկին, վերանորոգ հաւատաքով, մեր այժմու պատմութեան վէրքերը կը կապենք, բուժելու նպատակով ոտքի կը կանգնինք, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին առջեւ, Լուսաւորչի Սուրբ աջով Սրբալոյս Միւռոնի Օրհնութեամբ կ՚ուխտենք շարունակել մեր Հաւատքի առաքելութիւնը հանդէպ մեր հողին եւ մեր իրաւունքներուն։

 

Երկար սպասուած Յուլիս մէկը ահաւասիկ կը մօտենայ։

 

Միւռո՜ն… Ինքնութի՜ւն… Հաւատքի զէ՜նք։

 

Սիրելի հաւատացեալ,

 

Յուլիս մէկին, դո՛ւն ականատեսը պիտի դառնաս այդ Էջքին, դո՛ւն պիտի ապրիս այն զգացումը, ու պիտի վերածես համոզումի, համոզում մը որ քեզ պիտի առաջնորդէ կառչած մնալու՝

 

ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆԴ ՄԻՒՌՈՆԻՆ։

Սմբատ Վրդ. Սապունճեան