ՍՐԲԱԼՈՅՍ ՄԻՒՌՈՆՈՎ ԿԸ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՆԱՆՔ, ՍՐԲԱԼՈՅՍ ՄԻՒՌՈՆՈՎ ԿԸ ԶՕՐԱՆԱՆՔ…

Միւռոն բառը կու գայ յունարէնէ (μύρον), որ կը նշանակէ  անուշաբոյր իւղ: Սուրբ միւռոնի գործածութիւնը հարիւրամեակներու պատմութիւն չէ՛ եւ ո՛չ ալ եկեղեցւոյ կողմէ աւելցուած իրականութիւն, ինչ որ շատեր սխալ կը կարծեն ու դժբախտաբար կը պնդեն:   Եթէ Աստուածաշունչը լաւապէս ընթերցենք, այնտեղ պիտի տեսնենք, որ սրբալոյս միւռոնի գործածութիւնը կու գայ Տիրոջ գիրքէն եւ Անոր պատուէրներէն. «Սուրբ օծման իւղ պիտի…