ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԿՈՉ Կ՚ՈՒՂՂԷ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻՆ ԱՆՄԻՋԱՊԷՍ ՎԵՐԱԲԱՆԱԼՈՒ ԲԵՐՁՈՐԻ (ԼԱՉԻՆ) ՄԻՋԱՆՑՔԸ

Անցնող օրերուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը կապ հաստատեց Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի (Մ.Ա.Ե.Խ.) պատասխանատու մարմիններուն հետ, որպէսզի միջազգային համայնքին անգամ մը եւս ուշադրութեան յանձնեն Արցախը Հայաստանին կապող Բերձորի (Լաչին) միակ միջանցքը անմիջապէս վերաբանալու հրամայականը եւ դատապարտեն Ազրպէյճանի կողմէ կատարուող այս անմարդկային արարքը։   Արդարեւ, Ե.Հ.Խ.ը կոչով մը հանդէս եկաւ,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՊԱՆԸ

Երկուշաբթի, 31 Յուլիս 2023-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի այցելութիւնը։   Վեհափառ Հայրապետը դեսպանը տեղեակ պահեց միջ-եկեղեցական աշխարհին ճամբով, յատկապէս Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին (Ե.Հ.Խ.) եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին (Մ.Ա.Ե.Խ.), Արցախի գծով կատարուելիք յայտարարութիւններուն մասին։ Դեսպանը, իր կարգին, անհրաժեշտ տեղեկութիւններ փոխանցեց…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ ՓՈԽԱՆՑԵՑ Հ.Յ.Դ. ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻ ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐՈՒՆ

Հինգշաբթի, 27 Յուլիս 2023-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (Հ.Յ.Դ.) երիտասարդական միութիւններու խորհրդաժողովի մասնակիցները, որոնք եկած են Հայաստանէն եւ Միջին Արեւելքի, Եւրոպայի ու Ամերիկայի զանազան երկիրներէն։   Հանդիպման սկիզբը խօսք առին Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Դաւիթ Գազանճեան, Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան (Լ.Ե.Մ.) Կեդրոնական Վարչութեան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ ՅՂԵՑ ԱՐՑԱԽԻ ԶՕՐԱԿՑԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔՆԵՐՈՒՆ

«ԱՐՑԱԽԻ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԾՆՈ՛ՒՆԴՆ Է ԱՐՑԱԽԻՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ   Բարբարոս Ազրպէյճանի կողմէ շուրջ ութ ամիսներէ ի վեր շրջափակման մէջ գտնուող Արցախը կը դիմագրաւէ սննդեղէնի, դեղորայքի եւ մարդկային տարրական պահանջներու լուրջ դժուարութիւններ։ Սփիւռքի մեր հայորդիները, կազմակերպութիւնները եւ եկեղեցին լծուած են արցախահայութեան ինքնիշխանութիւնն ու ինքնորոշման իրաւունքը պաշտպանելու ու պահպանելու աշխատանքներուն։   Արդարեւ, Երեքշաբթի, 25 Յուլիս…

ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԲԱՑՈՒՄԸ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ ՎԱՆՔԻ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՑ ՆՈՐԱԿԱՌՈՅՑ ՇԷՆՔԻՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ կառուցուած եպիսկոպոսաց շէնքին պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 22 Յուլիս 2023-ի առաւօտուն, ներկայութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ ազգային բարերար հանգուցեալ Գառնիկ Եագուպեանի այրիին՝ Անահիտին եւ զաւակներուն՝ Գարինին, Արամին եւ Անիթային։   Յայտնենք, որ շէնքին շինութիւնը աւարտած էր 2019 թուականին, սակայն համաճարակին եւ Գառնիկ Եագուպեանին մահուան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱԶԳԱՅԻՆ ԲԱՐԵՐԱՐ ՀԱՆԳՈՒՑԵԱԼ ԳԱՌՆԻԿ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ

Երեքշաբթի, 18 Յուլիս 2023-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց ազգային բարերար հանգուցեալ Գառնիկ Եագուպեանի տիկնոջ՝ Անի Եագուպեանի, եւ զաւակներուն՝ Արամի եւ Անիթայի այցելութիւնը։   Վեհափառ Հայրապետը բարձր գնահատեց Եագուպեան եւ Չաթալպաշեան ընտանիքներուն անցեալի եւ ներկայի բարերարութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Աթոռին, հայրենիքին եւ առ հասարակ մեր ազգին։ Այս ծիրէն ներս…

ՊԱՅԾԱՌԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ (ԱՅԼԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ) ՏՕՆԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին՝ Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան (Այլակերպութեան) տօնը հայ եկեղեցւոյ հինգ տաղաւարներէն մէկն է, որ եկեղեցական տօնախմբութեամբ հանդիսաւորապէս կը նշուի Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի մատուցմամբ, իսկ ազգային առումով՝ Վարդավառի ժողովրդային տօնով։ Առ այդ, օրհնութեամբ Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսին, Կիրակի, 16 Յուլիս 2023-ին, Կաթողիկոսարանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ եւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա․ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԴՈԿՏ. ՀՐԱՉ ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆԸ

Օքսֆորտ համալսարանի հայագիտական ամպիոնի դասախօս, սփիւռքագէտ դոկտ․ Հրաչ Չիլինկիրեան, Երեքշաբթի, 11 Յուլիս 2023-ին, այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։ Դոկտ․ Չիլինկիրեան մաս կը կազմէ «Սփիւռքի Տարի»ին առիթով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համախմբած փորձագէտներու խումբին, որոնք առցանց դրութեամբ իրերայաջորդ քննարկումներ ունեցան Սփիւռքի վերակազմակերպման տարբեր ուղիներ որոնող եւ առաջադրող խորհրդակցութիւններուն։ Վեհափառ Հայրապետին հետ վերոյիշեալ հանդիպումին ներկայ էր…

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻՆ ՏՊԱՐԱՆԷՆ ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ «ԿԻՊՐԻԱՆՈՍ» ԱՂՕԹԱԳԻՐՔԸ

Հաւատացեալներու սրտամօտիկ «Կիպրիանոս» աղօթագիրքը չորրորդ հրատարակութեամբ լոյս տեսաւ Կաթողիկոսարանի տպարանէն։   Աղօթագիրքը կը վերահրատարակուի ազնիւ մեկենասութեամբ Չելլիքեան ընտանիքին՝ ի յիշատակ Վահան եւ Յասմիկ Չելլիքեաններուն։   «Կիպրիանոս» կը պարունակէ զանազան աղօթքներ, «Հաւատով Խոստովանիմ»ը, Աւետարանէն հատուածներ եւ Քրիսոտոսի հրաշագործութիւններէն դրուագներ։   Գրպանի չափով տպուած սոյն հրատարակութիւնը կը գտնէք Կաթողոկոսարանի գրատունը եւ առցանց՝ www.ciliciabookstore.com հասցէով։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒՆԵՐԸ

Վերջին քանի մը օրերուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հետեւեալ այցելուները ընդունեց.-   — Քրիստոնեայ նախկին երեսփոխաններէ ու նախարարներէ բաղկացած խումբ մը Վեհափառ Հայրապետին պարզեցին իրենց մտահոգութիւններն ու տեսակէտները Լիբանանի նախագահական ընտրութեան առնչուած:   — Լոս Անճելըսէն The California Courier շաբաթաթերթի հիմնադիր եւ խմբագիր Յարութ Սասունեան Նորին Սրբութեան հետ խորհրդակցեցաւ մասնաւորաբար Սփիւռքի առնչուած հարցերու գծով:…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ Հ.Բ.Ը.Մ.Ի ՆԱԽԱԳԱՀԸ

Երկուշաբթի, 3 Յուլիս 2023-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքի Վեհարանին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (Հ.Բ.Ը.Մ.) նախագահ Պերճ Սեդրակեանի այցելութիւնը։   Շուրջ երկու ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցան Հայաստանի, Արցախի, Սփիւռքի, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան եւ Երուսաղէմի Պատրիարքութեան հետ աղերս ունեցող խնդիրներ ու մարտահրաւէրներ։

«ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԳԵՐՈՒ ՀԱՄԵՐԳ»՝ ԿԱՏԱՐՈՂՈՒԹԵԱՄԲ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ «ՇՆՈՐՀԱԼԻ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻՆ

Օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը, խմբավարութեամբ Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի եւ ընկերակցութեամբ դաշնամուրի վրայ՝ Համբիկ Մարտիրոսեանի եւ «Կիլիկիա» նուագախումբին, իր 50-ամեակին նուիրուած զանազան ձեռնարկներու շարքին, Կիրակի, 2 Յուլիս 2023-ի երեկոյեան, ազգային երգերու համերգով մը բեմ բարձրացաւ «Լիքաա» հանդիսասրահին մէջ։   Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով սկիզբ առաւ ձեռնարկը, որմէ ետք բացման…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ «ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ, ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի հոգաբարձուներու տարեկան ժողովը տեղի ունեցաւ Երեւանի նախագահական ապարանքին մէջ, Շաբաթ 24 Յունիս 2023-ին: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանը («Կիլիկիա» մատենադարանի մատենադարանապետ եւ հնատիպերու ու ձեռագիրներու բաժանմունքներու տեսուչ) իր մասնակցութինը բերաւ:   Ժողովը հիմնականին մէջ լսեց եւ քննարկեց 2022 տարուան իրագործուած ծրագիրներուն…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԿԱՅԱՑԱԾ Ս. ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ 850-ԱՄԵԱԿԻ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԻՆ

Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի վախճանման 850-ամեակին նուիրուած Ս. Աթոռիս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Սրբատառ Կոնդակի հրապարակումին ընդառաջ, նախ՝ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Սրբազան համերգ եւ գիտաժողով իրականցնելէ ետք, Երեւանի Մաշտոցեան Մատենադարանի նախաձեռնած գիտաժողովին, յանուն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, իր մասնակցութիւնը բերաւ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանը («Կիլիկիա» մատենադարանի մատենադարանապետ եւ հնատիպերու ու ձեռագիրներու բաժանմունքներու տեսուչ), 21…

ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ 28-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գահակալին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետին կաթողիկոսական ընտրութեան եւ օծման 28-րդ տարեդարձը հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Կիրակի, 2 Յուլիս 2023-ին, Կաթողիկոսարանիս Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ՝ Ս. եւ Անմահ Պատարագի մատուցմամբ եւ Հայրապետական Մաղթանքի կատարումով։   Հայրապետին հանդիսապետութեամբ մատուցուած Ս. Պատարագի ընթացքին միաբան հայրեր Ս. Խորան բարձրացան ու Հայրապետական Մաղթանք…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) նորընտիր Կեդրոնական Վարչութեան անդրանիկ ժողովը գումարուեցաւ 21-27 Յունիս 2023-ին, Ժընեւի մէջ՝ յետ Գերմանիոյ Քարլսրու քաղաքին մէջ գումարուած «Քրիստոսի Սէրը Աշխարհը Կը Մղէ Հաշտութեան եւ Միասնութեան» թեմայով 11-րդ համաժողովին։   Կեդրոնական Վարչութեան մէջ հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացնող երկու անդամները՝ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան եւ Կաթողիկոսարանի միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՑԱՒ ԱՐՑԱԽԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՀԵՏ

Ուրբաթ, 30 Յունիս 2023-ին, հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը կայացաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի միջեւ։ Նորին Ս. Օծութիւնը անգամ մը եւս վերահաստատեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ամբողջական զօրակցութիւնը Արացխի մեր ժողովուրդին։ Ապա, Վեհափառ Հայրապետը տեղեակ պահեց նախագահը վերջին շրջանին Յունաստանի ու Գանատայի վարչապետներուն եւ Կիպրոսի նախագահին հետ Արցախի հարցին գծով…