Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԿԵԴՐՈՆՆԵՐԸ
Երկուշաբթի, 30 Դեկտեմբեր 2019-ին, Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը յաջորդաբար այցելեց Պուրճ Համուտի Ազգային Ծերանոց, Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի եւ Հաճնոյ Հայ Կրթական Բարեսիրական Միութեան կեդրոնները: Նորին Սրբութեան այցելութեան նպատակն էր իր գնահատանքն ու զօրակցութիւնը յայտնել կեդրոններուն կողմէ կատարուող բարեսիրական ու մարդասիրական աշխատանքներուն: Այս առիթով Վեհափառ Հայրապետը…