Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵՈՒՀԱՆՆԱ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ ԵՒ ԹՈՒՄՈՅԻ ՀԻՄՆԱԴԻՐ ՍԵՄ ՍԻՄՈՆԵԱՆԸ

Շաբաթ, 30 Սեպտեմբեր 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Անտիոքի յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ պետ Եուհաննա Ժ. Եազճի Պատրիաքին ներկայացուցիչ եւ Պալամանտ համալսարանի աստուածաբանական բաժանմունքի տնօրէնը Հայր Ժագ Խալիլը: Հանդիպումին ներկայ էին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեանը եւ Կաթողիկոսարանի Միջին Արեւելքի միջ-եկեղեցական եւ միջ-կրօնական բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Սարգիս…

ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ՄԱՐՄԻՆ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ

Մի քանի օրեր առաջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը համազգային զօրաշարժ յայտարարած էր՝ ի խնդիր Արցախի հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ ընկերատնտեսական կարիքներու օժանդակութեան: Այս ծիրէն ներս Նորին Սրբութիւնը խորհրդակցելէ ետք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան եւ թեմակալ առաջնորդներուն հետ, Արցախի հայութեան օժանդակութեան մարմին մը նշանակեց։ Մարմնին մաս կը կազմեն.-               — Գերշ.…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԹԵՄԵՐՈՒՆ ԹԵԼԱԴՐԵՑ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ԿԻՐԱԿԻՆ ՀՌՉԱԿԵԼ ԱՐՑԱԽԻ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՕՐ ԵՒ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ ԿԱՏԱՐԵԼ ԱՐՑԱԽԻ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒՆ

Չորեքշաբթի, 27 Սեպտեմբեր 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը առցանց հանդիպում մը ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմակալ առաջնորդներուն հետ: Հանդիպումի օրակարգին գլխաւոր հարցը Արցախի մեր ժողովուրդին զօրակցութիւնն էր: Նորին Ս. Օծութիւնը հետեւեալ թելադրութիւնները կատարեց առաջնորդներուն եւ թեմի իշխանութիւններուն.-   Ա) Յառաջիկայ Կիրակի, 1 Հոկտեմբերը նկատել Արցախի զօրակցութեան օր՝ հոգեհանգիստ կատարելով Արցախի նահատակներու հոգիներուն, ինչպէս…

ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ ԵՒ ԱՐՑԱԽԻ ԶՕՐԱԿՑԱԿԱՆ ԱՂՕՔԹ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Հինգշաբթի, 21 Սեպտեմբեր 2023-ին, տեղի ունեցաւ Հանրապետական Մաղթանք՝ Հայաստանի վերանկախացման 32-րդ տարեդարձին առիթով եւ Արցախի զօրակցական աղօթք։ Արարողութեան աւարտին Հայրապետին ձեռամբ օրհնուեցան Հայաստանի ու Արցախի դրօշները, ապա Նորին Սրբութիւնը յղեց իր Հայրապետական պատգամը։   Վեհափառ Հայրապետը պատգամը սկսաւ իր խոր ցաւը…

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ԶՕՐԱՇԱՐԺ Ի ԽՆԴԻՐ ԱՐՑԱԽԻ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 32-րդ տարեդարձը կ՚ողջունենք տագնապալից պայմաններու մէջ: Երկար ամիսներու սովէ ու տառապանքէ ետք, այսօր Արցախը կը գտնուի մահուան դէմ յանդիման:   Արդարեւ, Ազրպէյճանի հետզհետէ ծաւալող սպառնալիքներուն ու սադրանքներուն դիմաց, ըրինք զիջումներ, վարեցինք բանակցութիւններ, կատարեցինք յայտարարութիւններ, հրապարակեցինք դատապարտութիւններ, դիմեցինք միջազգային համայնքին, թակեցինք դռները մեր մօտաւոր եւ հեռաւոր բարեկամներուն: Սակայն, ոչի՛նչ փոխուեցաւ: Ո՛չ ոք լսեց…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄՕՏ ԱՐԺԱՆԹԻՆԻ ԵՒ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄՕՏ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆՆԵՐԸ

Երկուշաբթի, 18 Սեպտեմբեր 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը յաջորդաբար ընդունեց Լիբանանի մօտ Արժանթինի դեսպան Մորիսիօ Ալիսը եւ Վատիկանի մօտ Լիբանանի դեսպան դոկտ. Ֆարիտ Ալ-Խազենը:   Դեսպաններուն հետ քննարկումները ընդհանրապէս կեդրոնացան Լիբանանի յառաջիկայ նախագահական ընտրութեան գծով վերջին շրջանին տեղի ունեցած զարգացումներուն վրայ: Այս ծիրէն ներս կատարուեցաւ տեսակէտներու փոխանակում եւ շեշտուեցաւ կարելի փութով ընտրութիւն կայացնելու անհրաժեշտութիւնը:…

ԱՍԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԿՈՉ Կ՚ՈՒՂՂԷ ԱՐՑԱԽԻ ԱՆՅԱՊԱՂ ԱՊԱՇՐՋԱՓԱԿՄԱՆ

Ասիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդը (Ա.Ե.Խ.) վերջերս պաշտօնական յայտարարութիւն մը կատարելով՝ կոչ ուղղեց կարելի փութով Արցախի ապաշրջափակման՝ զայն նկատելով մարդկային մեծ աղէտ, որ անընդունելի է թէ՛ բարոյական, թէ՛ օրինական եւ թէ միջազգային օրէնքի իմաստով: Հետեւելով Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.), Եւրոպայի Եկեղեցիներու Խորհուրդի (Ե.Ե.Խ.) եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի (Մ.Ա.Ե.Խ.) կողմէ կատարուած յայտարարութիւններուն, Ասիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդը եւս շեշտեց…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՄՈՒԷԼ ՇԱՀՐԱՄԱՆԵԱՆԸ

Երկուշաբթի, 11 Սեպտեմբեր 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետը շնորհաւորական նամակ մը յղեց Արցախի Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ վսեմաշուք Սամուէլ Շահրամանեանին։   Ստորեւ կը ներկայացնենք նամակը.-   Վսեմաշուք   Տիար Սամուէլ Շահրամանեան Նորընտիր Նախագահ Արցախի Հանրապետութեան Ստեփանակերտ   Սիրելի՛ Պրն. Նախագահ,   Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն Հայրապետական օրհնութեամբ եւ ջերմ սիրով կ՚ողջունենք Ձեր ընտրութիւնը,…

ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐԸ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԿՈՉ Կ՚ՈՒՂՂԵՆ ԱՐՑԱԽԻ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՏԱՐԱԾ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐ ԾԱՒԱԼԵԼՈՒ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին հրաւէրով եւ մասնակցութեամբ հոգեւոր պետերու եւ երեք հայ քաղաքական կուսակցութիւններու բարձրագոյն մարմիններու ներկայացուցիչներուն, Չորեքշաբթի, 6 Սեպտեմբեր 2023-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ գումարուեցաւ խորհրդակցական յատուկ նիստ մը, միակ օրակարգ ունենալով Արցախի ժողովուրդին զօրակցելու հրամայականը։   Նիստին կը մասնակցէին Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Պետ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ․Տ․ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.…

ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐՈՒ ԵՒ ՀԱՅ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ՝ ԱՐՑԱԽԻ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳՈՎ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին հրաւէրով, մասնակցութեամբ հայ հոգեւոր պետերու եւ երեք հայ քաղաքական կուսակցութիւններու բարձրագոյն մարմիններու ներկայացուցիչներուն, Չորեքշաբթի, 6 Սեպտեմբեր 2023-ին, տեղի պիտի ունենայ խորհրդակցական յատուկ նիստ, միակ օրակարգ ունենալով Արցախի ժողովուրդին զօրակցելու հրամայականը։   Նիստին պիտի մասնակցին Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ․Տ․ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Հոգեւոր Տէրը, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու…

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՅ ԿՐԹԱԿԱՆ ԵՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐԱՍՏԵՂԾ ԴՐՕՇԸ ՕՐՀՆՈՒԵՑԱՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՁԵՌԱՄԲ

— Առնուած Համազգայինէն —   Համազգայինը 95 տարիներէ ի վեր կը գործէր միայն իր տարբերանշանով. Միութեան վերջին՝ 9-րդ պատգամաւորական ժողովը (Մայիս 2022, Երեւան) հաստատեց Միութեան դրօշի մը որդեգրման անհրաժեշտութիւնը։   Արդարեւ, 4 Սեպտեմբեր 2023-ին, Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը՝ բաղկացած Կեդրոնական եւ Լիբանանի Շրջանային վարչութիւններու անդամներէ, Հ.Օ.Մ.ի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԱՐՑԱԽԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԿՈՂՔԻՆ

Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան 32-րդ ամեակին առիթով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր Հայրապետական պատգամը ուղղեց ողջ հայութեան, շեշտելով Արցախի Հանրապետութեան անյապաղ ապաշրջափակումը եւ անոր ինքնորոշման իրաւունքին ամրապնդումը։ Նորին Սրբութիւնը իր պատգամին մէջ յատկապէս ըսաւ. «Անկախութիւնը Աստուածատուր իրաւունք է։ Անկախութիւնը նաեւ միջազգային օրէնքի հիմնական սկզբունքներէն մէկն է։ Արդ, ո՛չ մէկ ազգ իրաւունք ունի բռնաբարելու ուրիշ ազգին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ 32-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ ԱՌԹԻՒ

ԱՆՅԱՊԱՂ ԱՊԱՇՐՋԱՓԱԿՈՒՄ, ԲԱՅՑ ՈՉ Ի ՀԵՃՈՒԿՍ ԱՐՑԱԽԻ ԻՆՔՆՈՐՈՇՄԱՆ   Այսօր Արցախի անկախութեան տօնն է։ Տխուր ու անորոշ պայմաններու մէջ կը նշենք Արցախի անկախութեան 32-րդ տարեդարձը։   Ահա շուրջ ինը ամիսներէ ի վեր շրջափակումի ենթարկուած է Արցախը Ազրպէյճանի կողմէ եւ ենթակայ է սովամահ դառնալու վտանգին։ Սակայն, Արցախի ժողովուրդին հաւատքը, վճռակամութիւնը ու յոյսը ո՛չ մէկ ոյժ կրնայ…