4 December, 2023

Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.Ի ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Շաբաթ, 2 Դեկտեմբեր 2023-ի յետմիջօրէին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին այցելեց Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.) վարչութիւնը, գլխաւորութեամբ միութեան հոգեւոր խորհրդատու Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի։ Այցելութեան նպատակն էր, նոր տարեշրջանի սկզբնաւորութեան, Հայրապետը իրազեկ դարձնել միութեան աշխատանքներուն եւ ստանալ անոր Հայրապետական օրհնութիւնը։

 

Իր որդիական երախտագիտական զգացումները յայտնելէ ետք, հայր սուրբը Նորին Սրբութեան զեկուցեց միութեան 60 ամեակի ծրագիրներուն մասին։ Այս առիթով ան նաեւ յայտնեց, որ շարք մը ծրագիրներ կարելի չեղաւ իրականացնել երկրին ու հայրենիքին մէջ ստեղծուած կացութեանց պատճառով. սակայն, միութիւնը լիայոյս է, որ յառաջիկայ նոր տարուան ընթացքին զանոնք իրականութիւն պիտի դարձնէ։

 

Հայր սուրբին խօսքէն ետք իւրաքանչիւր վարչական հակիրճ կերպով անդրադարձաւ 2023-2024 տարեշրջանի Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.ի ծրագիրներուն։

 

Ապա, Վեհափառ Հայրապետը իր օրհնութեան խօսքը փոխանցեց երիտասարդներուն։ Ան իր բարձր գնահատանքը յայտնեց հայր սուրբին ու վարչութեան, որոնք հաւատարմութեամբ կ՚իրագործեն միութեան առաքելութիւնը՝ միաժամանակ շեշտելով, որ Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.ի գործունէութիւնը, յատկապէս վերջին տարիներուն, ցոյց կու տայ անոր աշխոյժ կեանքը։ Նորին Ս. Օծութիւնը ընդգծեց, թէ այսօրուան երիտասարդութիւնը ո՛չ միայն մեր ազգի ապագան է, այլեւ անոր ներկան է։ Հետեւաբար, պէտք է կեդրոնանալ մեր եկեղեցական ու ազգային արժէքները պահպանելու եւ նոր սերունդներուն փոխանցելու սրբազան գործին վրայ։ Այս ոգիով, տեսլականով ու գիտակցութեամբ պարտի այսօրուան երիտասարդութիւնը նայիլ ապագային ու կերտել մեր ապագան։

 

Իր խօսքի աւարտին, Հայրապետը յաջողութիւն մաղթեց հայր սուրբին ու վարչութեան անդամներուն՝ Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.ի բոլոր ծրագիրներու բարւոք իրագործման։