Երբ կը խօսինք աստուածաճանաչողութեան մասին, հարկ է, որ անդրադառնանք աստուածաճանաչ բառին նշանակութեան: Աստուածաճանաչ բառը կազմուած է Աստուած ու ճանչնալ բառերէն եւ կը նշանակէ Աստուծոյ ծանօթ ըլլալ, Աստուծոյ հետ մտերիմ ըլլալ եւ զԱստուած իր կեանքով ապրող ու ապրեցնող ըլլալ:
Աստուածաճանաչողութիւնը պէտք է սկսի մանկութենէն, նոյնիսկ՝ տակաւին քալել չսորված: Այդ մէկը կ՚իրականանայ մօր անմիջական աջակցութեամբ եւ ջանքերով: Արիստոտէլ հռչակաւոր իմաստասէրը մանուկին միտքը կը ներկայացնէ իբրեւ սպիտակ կամ ճերմակ թուղթ մը, ուր ինչ որ արձանագրուի կը մնայ: Մեր զաւակները մանկուց զԱստուած ճանչնալու համար պէտք է, որ իրենց մայրերը տեսնեն ծունկի եկած աղօթական վիճակի մէջ, Աստուածաշունչ բռնած ընթերցելու վիճակի մէջ եւ այլն: Կարեւոր է նաեւ բացատրել, թէ ինչո՞ւ այդ պահերուն կ՚աղօթենք: Եթէ տունէն դուրս ելլելու ատեն աճապարանօք բան մը ունենանք, պէտք է նուազագոյնը խաչակնքենք եւ նոյնը մեր մանուկներուն սորվեցնենք: Հանդիպած եմ մայրերու, որոնք իրենց մանուկները եկեղեցի չեն տանիր առարկելով, որ մանուկը բան մը չի հասկնար: Իրականութեան մէջ մանուկը լաւապէս կը հասկնայ կատարուածը: Ինչպէ՞ս: Բոլորս գիտենք, որ մարդ միայն մարմին եւ միտք չէ, այլեւ՝ հոգի: Եթէ մանուկը միտքով չհասկնայ, հոգիով կը հասկնայ: Հոգին Աստուծոյ կողմէ մարդուն տրուած ամէնէն մեծ պարգեւն է: Հոգիին լեզուն չի ճանչնար ո՛չ տարիք եւ ո՛չ ալ մտային որոշ մակարդակ: Ան ամէնէն արագ հասկցող եւ զգացող տարրն է մարդուն մէջ:
Մայրը իր զաւակին առաջի՛ն եկեղեցին, առաջի՛ն կիրակնօրեան եւ նոյնիսկ առաջի՛ն «քահանան» է: Ուստի հայ մայրերը պէտք է փորձեն իրենց կարելիութեան սահմաններէն ներս չթերանալ այս սրբազան եւ աստուածատուր պարտականութեան մէջ: Մայրեր պարտին իրենց մանուկները Կիրակնօրեայ վարժարան ուղարկել, որպէսզի անոնք աճին Աստուծոյ շունչով, հոգիով եւ խօսքով: Անհրաժեշտ է նաեւ մանուկներուն հետ ուխտավայրեր այցելել, անոնց սուրբերու վարքերէն պատմել ու անոնց ընդմէջէն կեանքի դասեր քաղել:
Հարկ է գիտնալ, թէ մարդ արարածը երկրին մէջ զԱստուած կը ճանչնայ մասնակի կերպով եւ ոչ՝ ամբողջութեամբ: Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Մենք այժմ զԱստուած կը տեսնենք աղօտ կերպով կարծես հայելիի մը մէջէն, բայց երբ ամէն բանի կատարումը գայ՝ զԱյն պիտի տեսնենք դէմ առ դէմ: Այժմ միայն մասնակիօրէն կը ճանչնամ զԱստուած, բայց այն ատեն պիտի ճանչնամ ամբողջապէս, ճիշդ ինչպէս Ի՛նք զիս կը ճանչնայ» (Ա.Կր 13.12): Իսկ Օգոստինոս երանելին կ՚ըսէ. «Ամբո՜ղջ յաւիտենականութիւն մը ունինք զԱստուած ճանչնալու համար»: Ուրեմն, յստակ կը դառնայ, որ մենք այս աշխարհին մէջ աստուածաճանաչողութեան միայն նախաճաշակը կը ստանանք: Ամբողջական աստուածաճանաչողութիւնը պիտի տեւէ միլիոնաւոր, նոյնիսկ միլիարաւոր տարիներ: Բայց եթէ մենք աշխարհի վրայ չկարենանք զԱստուած ճանչնալ հոգիով ու միտքով, երկինքի մէջ այդ մէկը դժուար պիտի ըլլայ, որովհետեւ հոս մենք աստուածաճանաչողութեան հիմքն է, որ կ՚առնենք, կ՚իւրացնենք եւ հետագային, այսինքն յաւիտենականութեան մէջ, մենք այդ հիմքին վրայ է, որ պիտի կառուցենք մեր աստուածանաչողութեան շէնքը:
Մարդ արարածը որքան ալ լսէ ու կարդայ բանի մը մասին, այս պարագային աստուածանաչողութեան մասին, ան ա՛յնքան լաւ չի հասկնար, չ՚ըմբռներ ու չ՚իւրացներ տուեալ նիւթը, եթէ կենդանի օրինակ մը կամ տիպար մը չունենայ: Մենք՝ քրիստոնեաներս բախտաւոր ենք այդ իմաստով, որովհետեւ աստուածաճանաչողութեան լաւագոյն եւ գերագոյն տիպարը ունինք մեր բոլորին մայրը՝ Աստուածամայրը: Աստուածամօր կեանքին իւրաքանչիւր դրուագը ինքնին աստուածաճանաչողութեան բացատրողական պատմութիւն մըն է: Ասկէ մեկնելով, կ՚ուզեմ Մարիամ Աստուածածինի կեանքին դրուագներուն ընդմէջէն ի յայտ բերել աստուածաճանաչ մարդուն յատկանիշները.
Ա) ԱՍՏՈՒԱԾԱՃԱՆԱՉ ՄԱՐԴԸ ԱՂՕԹՈՂ ՄԱՐԴՆ Է
Մարիամ Աստուածածին ո՛չ միայն աղօթող մըն էր, այլ՝ աղօթքը Իր կեանքին թթուածինը դարձուցած անձ մը: Ան կ՚աղօթէր ամէն օր եւ ամէն առիթի: Անոր աղօթքները Աստուծոյ ուղղուած սովորական խնդրանքներու ցուցակներ կամ ցանկեր չէին, այլ՝ զԱստուած օրհնաբանող ու գովերգող աղօթքներ: Ասոր բեղուն օրինակը «Մարիամի օրհներգութիւնը» կամ «Մեծացուսցէ»ն է: Երբ կարդանք զայն պիտի նշմարենք, թէ անիկա սովորական աղօթք մը չէ, այլ ցոյց կու տայ, թէ Աստուածածինը աղօթավարժ, աղօթասաց եւ աղօթասէր անձ մըն էր:
Աստուածածինին օրինակը հրաւէր մըն է բոլորիս մեր կեանքը աղօթքով համեմելու: Աղօթքը մեր կեանքին մեծագոյն հրաշքն է: Աղօթքով մենք երկիրէն երկինք կ՚ելլենք առանց նոյնիսկ մեր տեղէն շարժելու: Աղօթքով մենք կը նորոգուինք եւ կը դառնանք աստուածային անօթներ: Աղօթքով մենք կը ծաղկինք: Եւ վերջապէս, աղօթքով Մարիամ Աստուածածինին նման զԱստուած կը ճանչնանք:
Բ) ԱՍՏՈՒԱԾԱՃԱՆԱՉ ՄԱՐԴԸ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԸ ՃԱՆՉՑՈՂ ՄԱՐԴՆ Է
Մարիամ Աստուածածին Իր երեք տարեկան հասակէն տաճար ընծայուած էր, այլ խօսքով՝ Աստուծոյ նուիրուած էր: Ան մինչեւ 12 տարեկան աճած էր տաճարին մէջ՝ մասնակցելով ծիսական արարողութեանց, ընթերցելով Հին Կտակարանը եւ ունկդրելով հրեայ ռաբբիներուն աստուածաշնչական բացատրութիւնները: Այսպիսով Մարիամ Աստուածածին բաւականաչափ ծանօթ էր Բարձեալ Աստուծոյ խօսքին: Այս մէկը մենք կրնանք փաստել դարձեալ «Մարիամի օրհներգութեամբ» կամ «Մեծացուսցէ»ով: Եթէ ուշադրութեամբ կարդանք «օրհներգութիւն»ը, պիտի տեսնենք, թէ անիկա կազմուած է 113-րդ Սաղմոսէն եւ Ա. Թագաւորաց գիրքին բովանդակութենէն: Անշուշտ «օրհներգութեան» մնացեալ մասը տեղւոյն յօրինուած է Մարիամ Աստուածածինին կողմէ՝ ներշնչումի ճամբով: Ուրեմն յստակ կը դառնայ, որ Աստուածածինը ա՛յնքան քաջատեղեակ էր Աստուծոյ խօսքին, որ նոյնիսկ Իր աղօթքը անով կը զարդարէր եւ կը համեմէր:
Աստուծոյ խօսքը մեր հոգիին սնունդն է, առանց որուն մեր հոգին կը ժանգոտի, կը ցամքի եւ կը լճանայ: Բոլորիս ալ ծանօթ է հետեւեալ խօսքը. «Երբ մենք կ՚աղօթենք, մենք Աստուծոյ հետ կը խօսինք. երբ Աստուածաշունչը կ՚ընթերցենք, Աստուած է, որ մեզի հետ կը խօսի»: Ուստի, թոյլ տանք, որ Աստուած մեզի հետ խօսի, որպէսզի Մարիամ Աստուածածինին նման ճանչնանք զԻնք:
Գ) ԱՍՏՈՒԱԾԱՃԱՆԱՉ ՄԱՐԴԸ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԿԱՄՔԻՆ ՀՆԱԶԱՆԴ ՄԱՐԴՆ Է
Ինչպէս որ իւրաքանչիւր աղջկայ եւ տղու երազն է ամուսնանալ եւ ընտանիք կազմել, այնպէս ալ այդ մէկը երազն էր Սրբուհի Կոյս Մարիամին: Թէեւ Մարիամ Աստուածածինին երազը իրականացաւ, սակայն ոչ ամբողջութեամբ: Ան շատ լաւ գիտէր, թէ իր զաւակը՝ Յիսուս, զոր կը մեծցնէր, Իր զաւակը ըլլալէ անկախ Իր Տէրն էր եւ այդ իսկ պատճառով Յիսուսի մասին խօսելով՝ ըսաւ. «Ահա հոգիս կ՚ուրախանայ Աստուծմով, իմ Փրկիչովս» (Ղկ. 1. 47): Ան գիտէր նաեւ, թէ Յիսուս պիտի չարչարուէր ու մեռնէր, սակայն երբեք չտրտնջաց կամ չդժգոհեցաւ, որովհետեւ ան Աստուծոյ կամքին հնազանդ էր: Հակառակ այն իրողութեան, որ Իր աչքերուն դիմաց զՔրիստոս չարչարեցին եւ խաչեցին, Ան մնաց Աստուծոյ կամքին հնազանդ աղախինը եւ նախընտրեց ցաւիլ, քան՝ զԱստուած ցաւցնել: Նոյնիսկ չառարկեց, երբ Գաբրիէլ հրեշտակը յայտնեց, թէ նշանուած վիճակով պիտի յղանար, այլ մէկ նախադասութիւն մը ըսաւ, որ հետագային դարձաւ Իր կեանքին նշանաբանը. «Աստուծոյ աղախինն եմ» (Ղկ 1.38):
Հետեւաբար, աստուածաճանաչ մարդ ըլլալու համար պէտք է Աստուծոյ կամքին հնազանդինք: Երբեմն մեր կեանքին մէջ դէպքեր կը պատահին, որոնցմէ չենք ախորժիր, սակայն պէտք է գիտնանք, թէ անոնք Աստուծոյ կամքին մաս կը կազմեն, ուստի պէտք է զանոնք հնազանդ եւ խոնարհ սիրտով ընդունինք, որպէսզի ա՛լ աւելի ճանչնանք զԱստուած եւ Սաղմոսերգուին հետ կարողանանք ըսել. «(Ո՜վ Աստուած) ամէն վայրկեան Քու ձե՛ռքդ է իմ կեանքս» (Սղ 31.15):
Դ) ԱՍՏՈՒԱԾԱՃԱՆԱՉ ՄԱՐԴԸ ԵԿԵՂԵՑԻ ԿԱՄ ՏԱՃԱՐ ՅԱՃԱԽՈՂ ՄԱՐԴՆ Է
Երբ Ղուկասու աւետարանը սերտենք, հոն պիտի տեսենք, թէ Մարիամ Աստուածածին յաճախակիօրէն եւ շարունակական կերպով տաճար կ՚երթար: Օրինակի համար, Ղուկասու աւետարանին 2. 22-38 համարներուն մէջ կը տեսնենք, թէ Սրբուհի Մարիամ եւ Հայր Յովսէփ Յիսուս Մանուկը տաճար կ՚ընծայեն, այլ խօսքով՝ Աստուծոյ կը նուիրեն: Նոյն գլուխին 41-րդ համարը ինքնին մեծագոյն փաստը կրնանք նկատել Մարիամի շարունակական տաճար յաճախելուն. «Յիսուսի ծնողները ամէն տարի Զատկուան տօնին, Երուսաղէմ կ՚երթային» (Ղկ 2.41): Երուսաղէմ ըսելով կը հասկնանք հրէական տաճարը, որովհետեւ հրեաները մէկ տաճար ունէին, որ կը գտնուէր Երուսաղէմի մէջ: Վստահաբար բոլորիս ծանօթ է նաեւ աստուածաշնչական ա՛յն դրուագը, որ կը կոչուի «Յիսուս Մանուկը տաճարին մէջ»: Դրուագը կը յայտնէ, թէ Յիսուս 12 տարեկանին Իր մօր՝ Սրբուհի Մարիամին եւ երկրաւոր հօր՝ Յովսէփին կողմէ տաճար կը տարուի: Ուրիշ առիթով մը, երբ մեր Տէրն ու Փրկիչը՝ Յիսուս Քրիստոս, արդէն սկսած էր Իր երկրաւոր առաքելութեան, Ան կը գտնուէր ժողովարանին մէջ՝ ա՛յն վայրը, ուր հրեաները Շաբաթ օրով կը հաւաքուէին Աստուծոյ խօսքը կարդալու եւ սերտելու: Մարիամ Աստուածածին կու գայ ժողովարան, սակայն խուռներամ բազմութեան պատճառով չի կրնար ներս մտնել (հմմտ. Մտ 12.46-50, Մր 3.31-35 եւ Ղկ 8.19-21):
Յիշեալ երեք օրինակները մեզի ցոյց կու տան, թէ աստուածաճանաչ մարդը եկեղեցի յաճախող, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ աւանդութիւններուն ու սովորութիւններուն կառչած մնացող մարդն է, որովհետեւ Յիսուսի տաճար ընծայումն ու ամէն Զատկուան տօնին Երուսաղէմ երթալը, այսինքն՝ տաճար երթալը աւանդութեան մաս կը կազմէր: Հետեւաբար, Սրբուհի Մարիամ Աստուածածինը այսօր մեզ կը հրաւիրէ շարունակ կառչած եւ հաւատարիմ մնալու Հայ Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ:
Ե) ԱՍՏՈՒԱԾԱՃԱՆԱՉ ՄԱՐԴԸ ՀԱՄԲԵՐԱՏԱՐ ՄԱՐԴՆ Է
Մարիամ Աստուածածին, երբ Գաբրիէլի աւետումը ստացաւ, նշանուած էր եւ ոչ թէ՝ ամուսնացած: Ան շատ լաւ գիտէր, թէ հրէական հանրութիւնը չէր ընդուներ, որ աղջիկ մը ամուսնանալէ առաջ յղանար եւ գիտէր նաեւ, թէ մարդիկ զինք պիտի ատէին, սակայն ան այդ բոլորը համաբերութեամբ յաղթահարեց ու դիմագրաւեց:
Մօր մը համար աւելի լաւ է, որ ի՛նք չարչարուի, հիւանդանայ եւ նոյնիսկ՝ մեռնի, քան՝ իր զաւակը: Մարիամ Աստուածածինն ալ մայր էր եւ կ՚ապրէր այդ բոլոր զգացումները: Ան շատ լաւ գիտէր, թէ Քրիստոս պիտի չարչարուէր ու մեռնէր. ան նոյնիսկ Իր աչքերով տեսաւ ու համբերութեամբ տարաւ այդ բոլորը:
Հետեւաբար, պէտք է ըսել, որ համբերութիւնը կեանք է: Համբերութեամբ մարդ կրնայ զԱստուած ճանչնալ: Երբեմն մենք կ՚աղօթենք, Աստուծմէ բաներ կը խնդրենք, ինչ որ շատ լաւ է, սակայն խնդրելէ ետք անհամբեր կը դառնանք եւ այդ իսկ պատճառով Աստուծոյ պատասխանը չենք կրնար լսել եւ նոյնիսկ եթէ լսենք՝ չենք հասկնար: Աստուած երեք պատասխան կու տայ մեր աղօթքներուն. «Այո», «ոչ» եւ «համբերէ՛»: Ուրեմն համբերենք, որպէսզի զԱստուած ճանչնանք եւ լսենք Անոր ձայնը:
Զ) ԱՍՏՈՒԱԾԱՃԱՆԱՉ ՄԱՐԴԸ ԽՈՆԱՐՀ ՄԱՐԴՆ Է
Մարիամ Աստուածածին գիտնալէ ետք, որ Ինք Աստուծոյ մայրը պիտի դառնար, փոխանակ հպարտանալու եւ «Ինքզինք տեսնելու», Ան մնաց խոնարհ եւ միայն մէկ նախադասութիւն ըսաւ. «Աստուծոյ աղախինն եմ» (Ղկ 1.38): Ուրիշ առիթով մը, երբ Սրբուհի Մարիամ կ՚այցելէ Յովհաննէս Մկրտիչին մօր՝ Եղիսաբէթին, Եղիսաբէթ զԱյն կը մեծարէ, ըսելով. «Ի՜նչ երջանկութիւն, որ Տիրոջս մայրը ինծի կ՚ացելէ» (Ղկ 1.43): Հակառակ այս արտայայտութեան, Մարիամ Աստուածածին չի հպարտանար, այլ ամենայն խոնարհութեամբ կ՚ըսէ. «Տէրը պիտի գովաբանեմ… որովհետեւ Ան տեսաւ Իր աղախինին հեզութիւնը» (Ղկ 1.46-48): Առաւել, Աստուածածինը երեք ամիս Եղիսաբէթի մօտ կը մնայ եւ կ՚օգնէ անոր (հմմտ. Ղկ 1.56): Երեւակայեցէ՛ք, թէ որքա՜ն խոնարհ սիրտի տէր անձ մըն է Աստուածամայրը: Այլ առիթով մը, Ս. Կոյսը ժողովարանին մուտքին կանգնած լուր կ՚ուղարկէ Յիսուսին, որ զԻնք կ՚ուզէ տեսնել: Քրիստոս դուրս չի գար, սակայն Աստուածամայրը երբեք չ՚առարկեր, այլ խոնարհութեամբ կ՚ընդունի Քրիստոսին որոշումը:
Աստուածաճանաչ մարդ ըլլալու կորիզը կը կազմէ խոնարհութիւնը: Ան, որ խոնարհ չէ, չի կրնար աղօթել եւ եթէ նոյնիսկ աղօթէ, Աստուծմէ աւելի իր անձը կը գովէ, ինչպէս ըրաւ Փարիսեցին: Հպարտ մարդը չի կրնար Աստուծոյ կամքին հնազանդիլ, որովհետեւ Աստուծոյ կամքը շատ անգամ խոնարհութիւն կը պահանջէ: Հպարտ Մարդը չի՛ կրնար համբերատար ըլլալ: Եւ վերջապէս ու ամէնէն կարեւորը՝ հպարտ մարդը չի՛ կրնար խոնարհ ըլլալ: Սրբուհի Մարիամին կեանքը խոնարհութեամբ կը բուրէր, կը յորդէր եւ կը տարածուէր: Ուստի սորվինք խոնարհութիւնը Աստուծոյ եւ մեզմէ իւրաքանչիւրին մօրմէն, որպէսզի ճանչնանք զԱստուած:
Այս բոլորը գիտնալէ ետք, միշտ Մարիամ Աստուածածինին տիպարը մեր աչքերուն առաջ ունենալով, աշխատինք նմանիլ անոր, որպէսզի քայլ առ քայլ մագլցինք աստուածաճանաչողութեան լեռը, ուր Աստուած մեզմէ իւրաքանչիւրին գրկաբաց ու սրտաբաց կը սպասէ: Այս ժամանակաւոր աշխարհին մէջ փորձենք առաւելագոյնս Անժամանակը ճանչնալ, որպէսզի ժամանակներու լրումին՝ զԱստուած ճանչնանք ամբողջութեամբ:
ԱՌԱՔԵԼ ԱԲՂ. ԳԱՏԵՀՃԵԱՆ