Հարցումներ աղօթքի մասին

8) Ո՞ր աղօթքներէն Աստուած աւելի հաճոյք կը ստանայ:

 

ա) Այն աղօթքներէն` որոնց մէջ փառաբանութիւն կայ: Աղօթք մը որուն մէջ փառաբանութիւն չկայ՝ այդ աղօթքը Աստուծոյ փառք չի բերեր, չ’ուրախացներ ու չի պատուեր զԱստուած:

բ) Այն աղօթքներէն` որոնց ընթացքին շնորհակալութիւն կը յայտնենք Աստուծոյ ամէն բանի համար: Աղօթքով Աստուծոյ շնորհակալութիւն չյայտնող մարդը` Աստուծոյ տուած շնորհքներն ու պարգեւներն է որ կ’ուրանայ: Աստուծոյ շնորհակալութիւն չյայտնելը` ապերախտութիւն է, քանի անկէ բարիքներ առնել եւ ուրանալ է:

գ) Այն աղօթքներէն` զոր կը մատուցենք մեր հակառակորդներուն համար: Այն աղօթքներէն` որոնց ընթացքին կը յիշենք չարախօսները ու կը մոռնանք անոնց չարախօսութիւնները:

դ) Այն աղօթքներէն` զոր կը մատուցենք կորսուած հոգիներու փրկութեան համար, մարդոց միջեւ հաշտութեան ու խաղաղութեան գոյաւորման համար:

ե) Այն աղօթքներէն` որոնց ընթացքին կը փորձենք Աստուծոյ կամքը հասկնալ եւ ո´չ թէ կը փորձենք մեր կամքը հասկցնել Աստուծոյ: Աղօթքին նպատակը Աստուծոյ կողմէ հասկցուիլ փորձելը չէ, այլ՝ զԱստուած հասկնալ փորձելը:

զ) Այն աղօթքներէն` որոնց ընթացքին մեր ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնենք Աստուծոյ վրայ եւ ո´չ թէ մեր դժուարութիւններուն վրայ: Աղօթքի պահուն մեր ուշադրութիւնը մեր դժուարութիւններուն վրայ կեդրոնացնելը` զԱստուած անարգել ու անոր կարողութիւնը ուրանալ է, իսկ Աստուծոյ վրայ կեդրոնացնելը` զայն պատուել ու անոր կարողութիւնը դաւանիլ է:

է) Այն աղօթքներէն` որոնք իրեն հանդէպ սիրոյ ու կապուածութեան արտայայտութիւն են:

 

Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան