9 December, 2023

ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԱԿԱՆ ԿԱԶՄԸ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻՆ ԳԼԽԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Ուրբաթ, 8 Դեկտեմբեր 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը ընդունեց այցելութիւնը Պուրճ Համուտի քաղաքապետական կազմին: Քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի գլխաւորութեամբ, քաղաքապետութեան խորհուրդը կը բաղկանայ 21 անձերէ՝ մեծամասնութիւնը Լիբանանի հայ համայնքը ներկայացնող:

 

Քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանը, յանուն քաղաքապետարանին, Վեհափառ Հայրապետին յանձնեց Լիբանանի մայրին ներկայացնող յուշանուէր մը

 

Քաղաքապետութեան կողմէ խօսք առաւ Ճորճ Գրիգորեանը: Առաջին հերթին, ան իր ջերմ շնորհակալութիւնը յայտնեց Նորին Սրբութեան, որ քաղաքապետութեան նախաձեռնած ժողովրդային տուներու ծրագրին Կաթողիկոսութեան կողմէ 4,5 միլիոն տոլարի մասնակցութիւն բերելով՝ վերակենդանացուցած էր ծրագիրը, Լիբանանը դիմագրաւած ընկերային-տնտեսական ամէնէն ծանր պայմաններուն մէջ: Գրիգորեանը իր խօսքին մէջ ներկայացուց Պուրճ Համուտի բարգաւաճման ու զարգացման նպաստող շարք մը ծրագիրներ, որոնց իրագործումը շուտով պիտի սկսի՝ օժանդակութեամբ կարգ մը պետութիւններու ու ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու: Ապա, խօսք առաւ փոխ-քաղաքապետ Մարտիկ Արսալնեանը: Ան, իր կարգին, շնորհակալութիւն յայտնեց Հայրապետին եւ ընդգծեց քաղաքապետութեան նախաձեռնած յիշեալ ծրագիրներու իրականացման կարեւորութիւնը։

 

Արտասանուած խօսքերէն ետք, Նորին Ս. Օծութիւնը Հայրապետական ու հայրական սիրով ողջունեց ներկաները: Ան վստահեցուց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը պիտի շարունակէ իր զօրակցութիւնը Պուրճ Համուտի առաւել ծաղկման ու բարգաւաճման աշխատանքներուն: Ան իր բարձր գնահատանքը յայտնեց քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանին, քաղաքապետութեան կազմին եւ պաշտօնէութեան, իրենց նուիրեալ աշխատանքին համար: Հայրապետը յատկապէս ըսաւ, թէ այսօր չկայ հայ մը, որ լսած չէ Պուրճ Համուտի մասին: Պուրճ Համուտը հոմանիշ է հայութեան ներկայութեան. հոմանիշ է համայնքներու համակեցութեան., ինչպէս նաեւ հետզհետէ զարգացող շուկայի: Հետեւաբար, անհրաժեշտ է, որ յատուկ խնամք տարուի շրջանին նկատմամբ, ամէն իմաստով: Ուրախ եմ, որ Պուրճ Համուտի բարգաւաճման աշխատանքին լծուած է քաղաքապետութիւնը: Շրջանէն ներս ապահովութիւնը, կարգապահութիւնը, մաքրութիւնն ու կազմակերպուածութիւնը անհրաժեշտութիւն է, շեշտեց Վեհափառ Հայրապետը: