9 December, 2023

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ «ՆԱՐԵԿԱՑԻ» ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Ուրբաթ, 6 Դեկտեմբեր 2023-ին, Կաթողիկոսարանի «Նարեկացի» մանկապատանեկան երգչախումբի նոր վարչութիւնն ու երիտասարդական խորհուրդը իրենց առաջին հանդիպումը ունեցան Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետին հետ եւ ստացան անոր Հայրապետական ու հայրական օրհնութիւնն ու թելադրութիւնը։ Վարչութիւնն ու խորհուրդը կը գլխաւորէր երգչախումբի ղեկավար Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանը։

 

Հանդիպման ընթացքին խմբավար հայր սուրբը Հայրապետին ուղղած իր շնորհակալական խօսքը արտասանելէ ետք, ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց նոր վարչութեան եւ երիտասարդական խորհուրդին ծրագիրները։ Ապա, իւրաքանչիւր անդամ Նորին Սրբութեան պարզեց «Նարեկացի» երգչախումբին տարեկան ծրագրի մանրամասնութիւնները։

 

Իր օրհնութեան խօսքը փոխանցելով Վեհափառ Հայրապետը՝ ողջունեց նորակազմ վարչութիւնն ու երիտասարդական խորհուրդը եւ օրհնութիւնը փոխանցեց անոնց յառաջիկայ աշխատանքային ծրագիրներուն։ Այս առիթով Հայրապետը շեշտեց նախանձախնդիր ոգիով ու նուիրումով երգչախումբին գործունէութիւնը յառաջ տանելու հրամայականը եւ ներկայ աշխարհի պայմաններու լոյսին տակ նորարարութիւններով ու հարկաւոր փոփոխութիւններով ծաղկացնելու ու աճեցնելու հայ երգարուեստին նկատմամբ մեր մանուկներուն ու պատանիներուն սէրն ու հետաքրքրութիւնը։

 

Յայտնենք, որ նորակազմ վարչութեան անդամներն են Էլի Իշխանեանը, Ալենոյշ Գազարեանը, Թամար Նազարեանը, Սիլվա Դարբինեանը եւ Ցոլեր Յովհաննէսեանը. իսկ երիտասարդական խորհուրդինը՝ Արինա Թէփիրճեանը, Աննա Լոշիքեանը եւ Լիանա Չիրիշեանը։