20-21 Նոյեմբեր 2014-ին, Վատիկանի Միջ-եկեղեցական Յարաբերութեանց բաժանմունքը, Գրիգորեան Համալսարանին մէջ, կազմակերպեց միջազգային համագումար մը, յետադարձ ակնարկ մը նետելու անցնող յիսուն տարիներու ընթացքին Վատիկան Բ.-ի «Միջ-եկեղեցական Վաւերագիր»ին թողած ազդեցութեան: Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան սոյն համագումարին իր մասնակցութիւնը բերաւ Տիկ. Թենի Բիրրի-Սիմոնեանը ներկայացնելու ուղղափառ ոչ-քաղկեդոնական եկեղեցական ընտանիքին տեսակէտը: Տիկ. Բիրրի-Սիմոնեան անցեալին վարած է Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ եւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Միացեալ Յանձնախումի քարտուղարի պաշտօնը:
Նոյեմբեր 20-ին սոյն հանդիպումին մասնակիցները նախ տեսակցութիւն մը ունեցան Ն.Ս. Ֆրանսիս Պապին հետ, որուն յաջորդեց Երեկոյեան ժամերգութիւն Սուրբ Պօղոս Քաթիտրալին մէջ:
Ժողովը սկսաւ յաջորդ օրը, «Միջ-եկեղեցական Վաւերագիր»ին ընթերցումով՝ Վատիկանի Միջ-եկեղեցական Յարաբերութեանց բաժանմունքի նախագահ Կարտինալ Քուրթ Քոխի կողմէ։ Ուղղափառ եւ Աւետարանական եկեղեցական ընտանիքներու ներկայացուցիչները ներկայացուցին իրենց արժեւորումները յիշեալ վաւերագրի գծով՝ յատկապէս ընդգծելով անոր յառաջացուցած դրական մթնոլորտը միջ-եկեղեցական շարժումէն ներս: Ապա, մասնակիցները ունկնդրեցին, երեք եկեղեցական ընտանիքներու՝ Կաթոլիկ, Ուղղափառ ոչ-քաղկեդոնական եւ Լուտերական, եկեղեցական ընտանիքներու ներկայացուցիչներուն տեսակէտները, որպէս պատասխան կատարուած արժեւորումներուն։
Տիկ. Թենի Բիրրի-Սիմոնեան իր խօսքին մէջ շեշտեց երկկողմանի երկխօսութեան կարեւորութիւնը եւ պարզեց երկխօսութեան դրական դերը աստուածաբանական հարցերու լուծման ծիրէն ներս։ Իր խօսքին մէջ Տիկ. Սիմոնեան յաճախակի մէջբերումներ կատարեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հրատարակութիւններէն, ուր Վեհափառ Հայրապետը՝ ա.- Յստակ տարբերութիւն մը կը դնէր միջ-եկեղեցական շարժումին էութեան ու ձեւին միջեւ՝ շեշտելով անոր էական միութիւնը և արտայայտութեան տարբերութիւնը, բ.- Վեհափառ Հայրապետը կը հրաւիրէր եկեղեցիները աստուածաբանական երկխօսութեան իրագործած փոխադարձ համաձայնութեանց եզրերը աւելի խորացնելու հրամայականը։