Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՃՆՈՅ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՀԱՃՆՈՅ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ 100-ԱՄԵԱԿԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ
Երեքշաբթի, 9 Յուլիս 2019-ին, Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Հաճնոյ Հայրենակցական Միութեան Վարչութեան եւ Հաճնոյ հերոսամարտի 100-ամեակի յանձնախումբի անդամները՝ Փօլ Եագուպեան, Արամ Մալեան, Ժիրայր Դանիէլեան, Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան եւ Հայկ Օղուլլուգեան։ Այցելութեան նպատակն էր Նորին Սրբութիւնը տեղեակ պահել յառաջիկայ տարի Հաճնոյ հերոսամարտի 100-ամեակին առիթով իրագործուելիք ծրագիրները՝ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Սփիւռքի այլ գաղութներէն ներս։ Հայրապետը գնահատեց…