Երեքշաբթի, 9 Յուլիս 2019-ին, Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Հաճնոյ Հայրենակցական Միութեան Վարչութեան եւ Հաճնոյ հերոսամարտի 100-ամեակի յանձնախումբի անդամները՝ Փօլ Եագուպեան, Արամ Մալեան, Ժիրայր Դանիէլեան, Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան եւ Հայկ Օղուլլուգեան։
Այցելութեան նպատակն էր Նորին Սրբութիւնը տեղեակ պահել յառաջիկայ տարի Հաճնոյ հերոսամարտի 100-ամեակին առիթով իրագործուելիք ծրագիրները՝ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Սփիւռքի այլ գաղութներէն ներս։
Հայրապետը գնահատեց Հայրենակցական Միութեան գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ համահայկական մաշտապով Հաճնոյ հերոսամարտի 100-ամեակի նշումը կատարելու իրենց նախաձեռնութիւնը։ Այս առիթով, Վեհափառ Հայրապետը նաեւ շեշտեց հայրենակցական միութիւններու դերը մեր ժողովուրդին կեանքին մէջ, յատկապէս հայապահպանման գծով անոնց ներդրումը կրթական, մշակութային ու ընկերային մարզերէն ներս։