Ն.Ս.Օ.Տ.Տ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ԱՐԵԳ», «ՔՆԱՐ» եւ «ԱՐԻՆ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Երկուշաբթի, 8 Յուլիս 2019-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Նոր Սերունդ մշակութային միութեան «Արեգ», Համազգայինի «Քնար» եւ Հ.Բ.Ը.Մ. Հ.Ե.Ը.ի «Արին» պարախումբերու վարչութիւնները։

 

Յայտնենք, որ վերոյիշեալ երեք միութիւններու պարախումբերը, անցնող շաբաթ Ս. Աստուածածին Վանքի շրջափակէն ներս, միասնաբար հանդէս եկան Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցած Հայ Մամուլի Համահայկական Համագումարին առիթով։

 

Արդարեւ, մեր Ս. Աթոռին Տեղեկատուական Բաժանմունքին կողմէ կազմակերպուած եւ Նորին Սրբութեան օրհնութիւնն ու քաջալերանքը վայելող հայ պարի երեկոն մեծապէս դրական արձագանգ ձգած էր թէ՛ համագումարի մասնակիցներուն եւ թէ՛ ընդհանրապէս մեր ժողովուրդի զաւակներուն մօտ։

 

Հայրապետը պարախումբերու վարչութեանց իր բարձր գնահատանքը յայտնեց՝ ողջունելով միացեալ ելոյթով մեր ազգային միասնականութիւնը ամրապնդելու եւ միացեալ ոյժերով մեր մշակութային արժէքները տարածելու անհրաժեշտութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, որ պարը մեզի համար սովորական նշանակութիւն չունի, ան հայ ժողովուրդին հարազատ հոգիին ապրումներուն ու ձգտումներուն արտայայտութիւնն է։ Հետեւաբար, այս նախանձախնդրութեամբ մեր մշակութային միութիւնները յատուկ կարեւորութիւն պէտք է ընծայեն հայկական պարին, զայն անջատելի մասը նկատելով հայ դպրոցի հայակերտման առաքելութեան։

 

Հայրապետին հետ ներկաները նաեւ քննեցին նման միացեալ ձեռնարկներ կազմակերպելու կարելիութիւնները Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի շրջափակէն ներս։ Ապա, ընդառաջելով երեք մշակութային միութիւններու փափաքին, Վեհափառ Հայրապետը ճշդեց, որ ամէն տարի Յուլիս ամսուան առաջին Ուրբաթ օրը հայկական պարի երեկոյ կազմակերպուի Ս. Աստուածածին Վանքէն ներս։