Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱԱՏԵՆԱՊԵՏ ԳՐԻԳՈՐ ՄԱՀՍԵՐԷՃԵԱՆԸ

Շաբաթ, 6 Յուլիս 2019-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքի Վեհարանին մէջ, Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ազգային կեդրոնական վարչութեան համաատենապետ Գրիգոր Մահսերէճեանը: Ապու Տապիի մէջ բնակող տիար Մահսերէճեան, երկար տարիներ թեմի ազգային իշխանութեան մաս կազմած է եւ իր նիւթական աջակցութիւնը բերած է՝ Ապու Տապիի եկեղեցւոյ ու համալիրի շինութեան: Ան նաեւ, վերջերս Պիքֆայայի Դպրեվանքին դաշտին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԻՐԱՆԵԱՆ ԴԵՍՊԱՆԱՏԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՈՒ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆՑ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆ

Շաբաթ, 6 Յուլիս 2019-ին, Պիքֆայայի  Սուրբ Աստուածածին Վանքի Վեհարանին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպանատան մշակոյթի եւ յարաբերութեանց պատասխանատու՝ Դոկտ. Մէհտի Շարիաթմատարին:   Այցելութեան նպատակն էր չորս տարիներու ծառայութենէն ետք, ողջերթ եւ շնորհակալութիւնը յայտնել Նորին Սրբութեան: Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ նաեւ անդրադառնալու ընդհանրապէս Միջին Արեւելքը եւ յատկապէս Իրանը յուզող ներկայ հարցերուն: Դոկտ. Մէհտին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԵՐ. ԵՈՒՄՈՒՇԱՔՃԵԱՆ ԵՒ ԴՈԿՏ. Վ. ԷՄԻԼՍԸՆ

Ուրբաթ, 5 Յուլիս 2019-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքի Վեհարանէն ներս, Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Վեր. Եումուշաքճեանին եւ դոկտ. Էմիլսընին: Վեր. Եումուշաքճեան անդրադարձաւ Աւստրիալիոյ հայ գաղութին եւ ընդհանրապէս միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց առնչուած կարգ մը հարցերու, իսկ դոկտ. Էմիլսըն խօսեցաւ աստուածաբանական եւ քրիստոնեայ-իսլամ յարաբերութեանց հետ աղերս ունեցող նիւթերու շուրջ:   Նորին Սրբութիւնը ողջունելով անոնց այցելութիւնը, շեշտեց յատկապէս եկեղեցիներու…