6 July, 2019

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԻՐԱՆԵԱՆ ԴԵՍՊԱՆԱՏԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՈՒ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆՑ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆ

Շաբաթ, 6 Յուլիս 2019-ին, Պիքֆայայի  Սուրբ Աստուածածին Վանքի Վեհարանին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպանատան մշակոյթի եւ յարաբերութեանց պատասխանատու՝ Դոկտ. Մէհտի Շարիաթմատարին:

 

Այցելութեան նպատակն էր չորս տարիներու ծառայութենէն ետք, ողջերթ եւ շնորհակալութիւնը յայտնել Նորին Սրբութեան: Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ նաեւ անդրադառնալու ընդհանրապէս Միջին Արեւելքը եւ յատկապէս Իրանը յուզող ներկայ հարցերուն: Դոկտ. Մէհտին իր ուրախութիւնը յայտնեց Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող ամուր կապերուն եւ շարունակուող գործակցութեան: Ան նաեւ, իր խոր գոհունակութիւնը յայտնեց իրանի հայութեան նկատմամբ, շեշտելով որ իրանի հայերը՝ պարկեշտ ու աշխատասէր քաղաքացիներ են իրենց երկրին նկատմամբ:

 

Հայրապետը իր կարգին, ողջունելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Իրանի միջեւ տարիներ առաջ սկսուած երկխօսութիւնը՝ մշակութային ու կրօնական մարզերէն ներս, ընդգծեց զայն շարունակելու հրամայականը, որպէսզի կարելի ըլլայ քրիստոնեայ ու իսլամ կրօններ հասարակաց արժէքներէ ու մտահոգութիւններէ մեկնած, միասնաբար դիմագրաւել ներկայ ընկերութիւնը տագնապեցնող խնդիրներն ու մարտահրաւէրները:

More News