Ուրբաթ, 5 Յուլիս 2019-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքի Վեհարանէն ներս, Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Վեր. Եումուշաքճեանին եւ դոկտ. Էմիլսընին: Վեր. Եումուշաքճեան անդրադարձաւ Աւստրիալիոյ հայ գաղութին եւ ընդհանրապէս միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց առնչուած կարգ մը հարցերու, իսկ դոկտ. Էմիլսըն խօսեցաւ աստուածաբանական եւ քրիստոնեայ-իսլամ յարաբերութեանց հետ աղերս ունեցող նիւթերու շուրջ:
Նորին Սրբութիւնը ողջունելով անոնց այցելութիւնը, շեշտեց յատկապէս եկեղեցիներու միջեւ գործակցութիւնը, իսկ կրօններու միջեւ երկխօսութիւնը առաւել ծաւալելու հրամայականին մասին: