Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ ԸՆԹԵՐՑՈՒԵՑԱՒ ԷԼ-ԱԶՀԱՐԻ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻՆ

3-4 Սեպտեմբեր 2014-ին, Գահիրէի (Եգիպտոս) մէջ, տեղի ունեցաւ «Ահաբեկչութեան Եւ Ծայրայեղականութեան Դիմակայումը» վերնագրով խորհրդաժողով մը, կազմակերպութեամբ Սիւննի իսլամ համայնքին բարձրագոյն հեղինակութիւնը նկատուող Էլ-Ազհարի: Սոյն համագումարին իրենց մասնակցութիւնը բերին 120 երկիրներէ աւելի քան 700 հոգեւորականներ: Ուշագրաւ էր քրիստոնէական եւ իսլամական զանազան համայնքներու մասնակցութիւնը, որ աննախադէպ երեւոյթ մըն էր Էլ-Ազհարի կազմակերպած խորհրդաժողովներուն համար:

 

Սոյն խորհրդաժողովին հրաւիրուած էր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս՝ մասնակիցներուն իր խօսքը ուղղելու: Յանուն Վեհափառ Հայրապետին իր մասնակցութիւնը բերաւ եւ Նորին Սրբութեան խօսքը ընթերցեց Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական Յարաբերութեանց վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան:

 

Անդրադառնալով Միջին Արեւելքի ներկայ անցուդարձերուն՝ Արամ Ա. Կաթողիկոս իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Միջին Արեւելքէն ներս ներկայ ժամանակներուն տեղի ունեցող անցուդարձերը դատապարտելի են թէ՛ իսլամութեան եւ թէ՛ քրիստոնէութեան համար: Հետեւաբար, մեր արդար սպասումն է, որ մեր իսլամ եղբայրներն ու կրօնական թէ քաղաքական ղեկավարները ո՛չ միայն դատապարտեն շրջանին մէջ յառաջացած ահաբեկչական եւ ծայրայեղական շարժումները, այլեւ շեշտեն Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնէական ներկայութեան կարեւորութիւնը եւ քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութեան հրամայականը»: Նորին Սրբութիւնը, խօսելով հայ-արաբ ժողովուրդներու դարերէն եկող բարեկամական յարաբերութիւններուն մասին, յայտնեց. «1915-ի Օսմանեան Ցեղասպանութենէն ետք, երբ հայերը հաստատուեցան արաբական ու իսլամական երկիրներու, նաեւ Եգիպտոսի մէջ, ու համայնքներ հիմնեցին, անոնք ոչ մէկ դժուարութիւն ունեցան իսլամներու հետ: Հայեր ու իսլամներ որպէս դրացիներ ու գործակիցներ, որպէս նոյն երկրի քաղաքացիներ իբրեւ նոյն պարտաւորութիւններով ու իրաւունքներով տուեալ երկրի մէջ գոյակցեցան սիրոյ ու հանդուրժողականութեան մթնոլորտի մէջ»: Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց կրօնի չարաշահութեան վտանգը՝ ըսելով. «Ներկայ ժամանակներու մեծագոյն չարիքներէն մէկն է կրօնի շահագործումը: Կրօնի նպատակը մարդը Աստուծոյ մօտեցնելն է, աստուածային ճշմարտութիւնները, արժէքները եւ սկզբունքները մարդկային կեանքին մէջ կեանքի վերածելն է: Արդ, կրօնը Աստուծոյ կողմէ մարդուն տրուած մեծագոյն պարգեւն է: Երկու կրօններու ուսուցումներուն շահագործումը ոչ կրօնական նպատակներու, անձնական ու կողմնակի հաշիւներէ մեկնած ոչ միայն անընդունելի է, այլեւ՝ խստօրէն դատապարտելի:»

 

Խորհդաժողովի աւարտին հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ դատապարտուեցան ծայրայեղականութիւնն ու ահաբեկչութիւնը, ինչպէս նաեւ այս նպատակներով կրօնի շահագործումը: Շեշտուեցաւ շրջանէն քրիստոնեաներու արտագաղթի վտանգալից երեւոյթը եւ քրիստոնեայ-իսլամ համգոյակցութեան կարեւորութիւնը: Վերջապէս, կոչ ուղղուեցաւ շրջանէն ներս խաղաղութեան հաստատման: