17 November, 2014

Հարցումներ աղօթքի մասին

14) Պէ՞տք է աղօթել մէկու մը համար որ մեզ կ’ատէ:

 

Այո´: Եթէ յարատեւօրէն աղօթենք մեզ ատողներուն համար, թէպէտ անոնք կրնան չփոխուիլ, բայց մենք կը փոխուինք ու կը փոխակերպուինք, կը սրբուինք ու սրբութեան կը հասնինք, որովհետեւ մեզ ատողներուն համար աղօթելը` մեզ սրբութեան կ’առաջնորդէ: Մարդ սրբութեան չի հասնիր աղօթելով զինք սիրողներուն համար կամ բարիք ընելով` իրեն բարիք ընողներուն: Սրբութեան կը հասնինք, երբ կ’աղօթենք մեզ ատողներուն համար, եւ բարիք կ’ընենք` մեզի չարիք ընողներուն: Մեզի չարիք ընողներն են որ մեզ Աստուծոյ հարազատ պատկերը կը դարձնեն, եթէ երբեք անոնց չարիքները փոխարինենք բարիքներով:

 

15) Երբ կ’աղօթենք` բարի՞ք է որ ըրած կ’ըլլանք Աստուծոյ:

 

Աղօթելով, Աստուծոյ չէ որ բարիք ըրած կ’ըլլանք, այլ` մեր անձերուն: Մենք չենք աղօթեր` որովհետեւ Աստուած մեր աղօթքին կարիքը ունի, այլ կ’աղօթենք` որովհետեւ մե´նք աղօթքի կարիքը ունինք: Աստուած պէտք չունի մեզի. մե´նք պէտք ունինք իրեն: Ո´չ Աստուծոյ փառքը կ’աւելնայ եթէ աղօթենք, եւ ո´չ ալ անոր փառքէն բան մը կը պակսի եթէ չաղօթենք: Մե´նք է որ կը փառաւորուինք ու կը պատուըուինք, երբ աղօթքով կը փառաւորենք ու կը պատուենք զԱստուած: Մե´նք է որ կը մեծնանք, երբ կը մեծարենք զԱստուած: Յիսուս աղօթել սորվեցուց մեզի, ո´չ թէ որովհետեւ պէտք ունի մեր աղօթքին, այլ որովհետեւ մե´նք պէտք ունինք աղօթքի ու աղօթելու:

 

16) Կրնա՞նք աղօթել որ Սատանան մեզմէ հեռու մնայ:

 

Եթէ ուզենք` կրնա´նք, բայց սխալ է նման աղօթք մատուցելը, որովհետեւ աղօթքին նպատակը Սատանան մեզմէ հեռու պահելը չէ, այլ` մեզ անոր դէմ յաղթող դարձնելը: Իսկ աղօթքը ի՞նչպէս կրնայ մեզ յաղթող դարձնել Սատանային դէմ: Երբ աղօթական կեանք կ’ապրինք, մեր միտքն ու հոգին արթուն կը մնան եւ կարող կը դառնանք տեսնելու Չարին կողմէ լարուած ծուղակները եւ կը զգուշանանք անոնցմէ: Երբ կ’աղօթենք, Յիսուս իր հրեշտակներուն պատուէր կու տայ պաշտպանելու մեզ ընդդէմ ամէն տեսակի դիւային յարձակումներու: Երբ կ’աղօթենք, Աստուած մեր շուրջ ցանկապատ կը դնէ, որպէսզի արգիլէ Չարին մուտքը մեր կեանքերէն ներս:

Աղօթքը մեզ տոկո´ւն կը պահէ Սատանային յարձակումներուն ու փորձութիւններուն դէմ: Յարձակումներն ու փորձութիւնները բնականօրէն պիտի ըլլան: Խնդրել Աստուծմէ որ հեռու պահէ մեզմէ Սատանան, պիտի նշանակէր` խնդրել իրմէ յարձակումներէ ու փորձութիւններէ զերծ կեանք մը: Բայց չէ՞ որ յարձակումներու ու փորձութիւններու հանդիպելով ու անոնց յաղթելով է որ կ’աճինք ու կը զօրանանք: Հետեւաբար, փոխանակ խնդրելու Աստուծմէ որ հեռացնէ մեզմէ Սատանան, ընդհակառակը, խնդրենք իրմէ որ զօրացնէ ու յաղթող դարձնէ մեզ ընդդէմ անոր յարձակումներուն:

 

Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան