ԻՆՉՈ՞Ւ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ «ՈՒՂՂԱՓԱՌ» Է

Ուղղափառ բառը Յունարէն օրթոտոքս բառին հայերէն թարգմանութիւնն է, որ կը նշանակէ ուղիղ եւ ճշմարիտ հաւատքով, մտածումով, գործով եւ խօսքով Յիսուս Քրիստոսը փառաբանել: Իսկ ուղղափառութիւն կը նշանակէ Քրիստոսի առաքեալներուն աւանդած հաւատքին ամբողջութիւնը եւ անոնցմով հիմնուած աւանդական, պատմական եկեղեցիներու անփոփոխ ուսուցումները:   Ուղղափառ կամ ուղղափառութիւն անուանումը եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ առաջին անգամ գործածուեցաւ 2-րդ դարու հայրապետներուն ու վարդապետներուն…