Ուղղափառ բառը Յունարէն օրթոտոքս բառին հայերէն թարգմանութիւնն է, որ կը նշանակէ ուղիղ եւ ճշմարիտ հաւատքով, մտածումով, գործով եւ խօսքով Յիսուս Քրիստոսը փառաբանել: Իսկ ուղղափառութիւն կը նշանակէ Քրիստոսի առաքեալներուն աւանդած հաւատքին ամբողջութիւնը եւ անոնցմով հիմնուած աւանդական, պատմական եկեղեցիներու անփոփոխ ուսուցումները:
Ուղղափառ կամ ուղղափառութիւն անուանումը եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ առաջին անգամ գործածուեցաւ 2-րդ դարու հայրապետներուն ու վարդապետներուն կողմէն, յատկապէս Ս. Կղէմէս Աղեքսանդրացի հայրապետին գրութեանց մէջ:
Ուղղափառ կը կոչուի այն եկեղեցին, որ իր դաւանաբանական ուղղութեան մէջ անխախտօրէն կը հետեւի Յիսուս Քրիստոսին եւ անոր աշակերտներուն ճամբով փոխանցուած վարդապետութեան, Աստուածաշունչի ուսուցումներուն եւ Տիեզերական ժողովներուն առնուած որոշումներուն:
Քրիստոնեայ եկեղեցւոյ հաւատքի սկզբունքները ձեւաւորուած են 4-րդ եւ 5-րդ դարերուն գումարուած երեք Տիեզերական ժողովներու որոշումներով: Հակառակ անոր, որ պատմութեան ընթացքին եկեղեցւոյ կեանքին մէջ բաժանումներ յառաջացած են, սակայն ուղղափառութեան հիմնական սկզբունքները պահպանուած են: Արդ, Ուղղափառ է այն եկեղեցին, որ կ’ընդունի Ս. Երրորդութեան աստուածութիւնը եւ մէկութիւնը, Յիսուս Քրիստոսի մարդեղութեան եւ փրկագործութեան խորհուրդներն ու Սուրբ Կոյս Մարիամի «Աստուածամայր» ըլլալը:
Այսօր, ուղղափառ կոչումը իր անուան կցած բազմաթիւ եկեղեցիներ կան, օրինակ՝ Հայ Ուղղափառ, Ռուս Ուղղափառ, Յոյն Ուղղափառ, սակայն, սկզբունքով, քրիստոնեայ աշխարհին մէջ ուղղափառութիւնը երկու ուղղութիւններով կը ներկայանայ, առաջին ՝ արեւելեան ուղղափառ (Oriental Orthodox), որուն մաս կը կազմեն Հայ, Ղպտի, Ասորի, Եթովիպական, Հնդկաստանի Մալապար եւ Էրիթրիոյ ուղղափառ եկեղեցիները, եւ երկրորդ՝ ուղղափառ (Eastern Orthodox), որուն մաս կը կազմեն Բիւզանդական եկեղեցիէն ծագում առած եկեղեցիները, այսինքն՝ Յոյն եկեղեցին, Ռուս եկեղեցին, Ուքրանիոյ եկեղեցին, Պուլկարիոյ եկեղեցին եւ այլն:
Հայ եկեղեցին ուղղափառ կը կոչուի, որովհետեւ իր դարաւոր պատմութիւնը պայծառացուցած է վերոյիշեալ սկզբունքներն ու ուսուցումները անշեղօրէն պահելով, ի պահանջել հարկին նահատակութեամբ։