ՏՕՆ ԳԻՒՏԻ ԳՕՏՒՈՅ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ

  Հայ եկեղեցին զանազան առիթներով կը նշէ Աստուածամօր նուիրուած յիշատակութիւնները, ինչպէս՝ աւետումը, յղութիւնը, ծնունդը, տաճար ընծայումը եւ վերափոխումը։ Այս տօնը Աստուածամօր պատկանած գօտիին գտնուելուն յիշատակութիւնն է։   5-րդ դարու սկիզբը, Երուսաղէմի մէջ երեւան կու գայ, հանդիսաւոր կերպով Կոստանդնուպոլիս կը բերուի եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կը զետեղուի գօտին։   Հետաքրքրական է իմանալ, որ հայ եկեղեցւոյ…