ՏՕՆ ԳԻՒՏԻ ԳՕՏՒՈՅ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ

 
Հայ եկեղեցին զանազան առիթներով կը նշէ Աստուածամօր նուիրուած յիշատակութիւնները, ինչպէս՝ աւետումը, յղութիւնը, ծնունդը, տաճար ընծայումը եւ վերափոխումը։
Այս տօնը Աստուածամօր պատկանած գօտիին գտնուելուն յիշատակութիւնն է։
 
5-րդ դարու սկիզբը, Երուսաղէմի մէջ երեւան կու գայ, հանդիսաւոր կերպով Կոստանդնուպոլիս կը բերուի եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կը զետեղուի գօտին։
 
Հետաքրքրական է իմանալ, որ հայ եկեղեցւոյ տօնացոյցը երկար տարիներ չէ յիշատակած Աստուածածնայ գիւտ գօտւոյ տօնը։ Ան սկսաւ Աստուածամօր յիշեալ տօնը նշել շնորհիւ Սիմէոն Երեւանցի Կաթողիկոսին։ Հայրապետը 1774 թուականին իր հրատարակած բարեփոխեալ տօնացոյցին մէջ հաստատեց եւ Ս. Աստուածածնի գօտիի գիւտը տօնել թելադրեց Ս. Կոյսին վերափոխման երրորդ Կիրակին