ՏՕՆ ՍՐԲՈՑՆ՝ ԹՈՎՄԱՅԻ, ՅԱԿՈԲԱՅ, ԵՒ ՇՄԱՒՈՆԻ

Այսօր հայ եկեղեցին կը նշէ յիշատակը առաքելական գունդին պատկանող երեք անձերու՝ Թովմասի, Յակոբոսի եւ Շմաւոնի:   ԹՈՎՄԱՍ ԱՌԱՔԵԱԼ   Թովմաս առաքեալ կը կոչուի նաեւ Երկուորեակ: Առաքեալին կը հանդիպինք Ղազարոսի մահուան դրուագին մէջ, ուր արիաբար առաքեալները կը հրաւիրէ Քրիստոսի հետեւելու եւ նոյնիսկ անոր հետ մեռնելու (Յհ 11.16): Առաքեալը նաեւ հանդէս կու գայ Վերջին Ընթրիքի պահուն, երբ…