ՏՕՆ ՍՐԲՈՑՆ՝ ԹՈՎՄԱՅԻ, ՅԱԿՈԲԱՅ, ԵՒ ՇՄԱՒՈՆԻ

Այսօր հայ եկեղեցին կը նշէ յիշատակը առաքելական գունդին պատկանող երեք անձերու՝ Թովմասի, Յակոբոսի եւ Շմաւոնի:
 
ԹՈՎՄԱՍ ԱՌԱՔԵԱԼ
 
Թովմաս առաքեալ կը կոչուի նաեւ Երկուորեակ: Առաքեալին կը հանդիպինք Ղազարոսի մահուան դրուագին մէջ, ուր արիաբար առաքեալները կը հրաւիրէ Քրիստոսի հետեւելու եւ նոյնիսկ անոր հետ մեռնելու (Յհ 11.16): Առաքեալը նաեւ հանդէս կու գայ Վերջին Ընթրիքի պահուն, երբ Քրիստոսի կը հարցնէ, թէ ինչպէ՞ս կրնայ գիտնալ ճշմարիտ ճամբան: Իսկ ամենածանօթ դրուագը, ուր առաքեալը կը յայտնուի, Քրիստոսի յարութենէն ետք առաքեալներուն միջեւ ծագած խառնաշփոթութեան պահուն անոր ցուցաբերած թերահաւատութեան դրուագն է (Յհ 20.24-29):
 
Ըստ աւանդութեան, Թովմաս առաքեալ Աւետարանը կը քարոզէ արեւելեան Հնդկաստանի Մալապար շրջանին մէջ, ուր մինչեւ օրս զգալի թիւով քրիստոնեաներ կ՚ապրին (Մալապարի ուղղափառ եկեղեցին դաւանակից է մեր եկեղեցւոյ):
 
ՅԱԿՈԲՈՍ ԱՌԱՔԵԱԼ
 
Յակոբոս առաքեալ կը կոչուի նաեւ Յակոբոս Ալփեան կամ Ալփէոսի որդի Յակոբոս (Մտ 10.3): Առաքեալին մայրը Աստուածամօր քոյրն է եւ այդ իսկ պատճառով կը ճանչցուի իբրեւ Տեառնեղբայր:
 
Յակոբոս Տեառնեղբայր Երուսաղէմի առաջին եպիսկոպոսն է (Գղ 1.19): Իր բարեպաշտ կենցաղով նոյնիսկ հրեաներ զինք արդար կը համարէին:
 
Երուսաղէմի մէջ քրիստոնէութեան թիւին աճը կը սպառնար հրեայ ղեկավարներուն. հալածանքներու ընթացքին նպատակ ունէին սպաննել քրիստոնեայ պատասխանատուները, որոնց շարքին առաջին կարգը կը գրաւէր Յակոբոս Տեառնեղբայրը: Ան 62 թուականին կը նահատակուի Երուսաղէմի մէջ:
 
Մեզի հասած է Առաքեալին անունը կրող ընդհանրական մէկ նամակ, ինչպէս նաեւ Ս. Պատարագի բնագիր մը:
 
ՇՄԱՒՈՆ ԱՌԱՔԵԱԼ
 
Շմաւոն առաքեալը նոյնինքն Սիմոն Նախանձայոյզն է: Ան կը կոչուի նաեւ կանանացի: Եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն Առաքեալը Կանայի հարսանիքին փեսան էր:
 
Վարքագրական կարգ մը աղբիւրներ կը վկայեն, թէ Առաքեալը կը քարոզէր Ափրիկէի տարբեր երկիրներուն մէջ, իսկ ուրիշներ կը գրեն, թէ ան կը հասնէր մինչեւ Բրիտանական կղզի, որմէ ետք կը վերադառնար Միջին Արեւելք ու կ՚աւետարանէր Պարսկաստանի մէջ. Առաքեալը այնտեղ ալ կը նահատակուի։