ԻՆՉՈ՞Ւ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ ԵՒ ՈՒՐԲԱԹ ՕՐԵՐԸ ՊԱՀՔԻ ՕՐԵՐ ՍԱՀՄԱՆԱԾ Է

Հայ եկեղեցին լայն տեղ տուած է պահքի օրերուն։ Փաստօրէն, պահքը, ապաշխարութիւնն ու աղօթական կեանքը քրիստոնէական ապրելակերպին առանցքը կը կազմեն, որովհետեւ պահքով ու ապաշխարութեամբ կարելի է Աստուածային պատկերին վերադառնալ եւ հեռանալ մեղքէն։ Պահեցողութիւնը հաւատքի արտայայտութիւն մըն է. քրիստոնեայ անհատը իր հաւատքի կեանքին մէջ կը զօրանայ պահքին սահմանափակող ու սպառող պայմաններով։ Պահքը ունի նաեւ իմաստային երես մը,…